Մեր ամենօրեայ բառապաշարի ամենագործածական բառերէն են սփիւռքը, արտագաղթը, օտարութիւնը, ղարիբը: Տասնամեակներու եւ հարիւրամեակներու ընթացքին այս բառերը ամէն անգամ նոր փուլ մտած են՝ որակապես տարբեր նախորդէն, նոր յոյզեր պարգեւած մեկնողներուն եւ մնացողներուն: Մենք ալ արդէն ամէն գացողի հետ վեր չենք թռչիր՝ սրտի սուր ծակոցէն, այլ պարզապէս մարմնի մէջ շարժող բեկորի պարգեւած բթացած ցաւի հեռաւոր զգացում մը կ’ապրինք, որ կ’ազդարարէ՝ այսինչն ալ գնաց: Ի հարկէ, այսօրուան «ղարիբն» ու «պանդուխտը» խիստ տարբեր են Վարուժանի, Զոհրապի կամ Իսահակեանի «ղարիբ»-էն ու «պանդուխտ»-էն, որ մեր պատկերացումներուն մէջ խեղճ ու հիւանդ մէկն էր: Տարբեր է նաեւ սովետական շրջանի արտերկիր գացած «ղարիբ»-էն, որ որակուած էր՝  իբրեւ հայրենիքի դաւաճան եւ նոյնպէս խղճահարութեան զգացում կը յառաջացընէր մեր՝ կոմունիստական գաղափարներով ներարկուած ուղեղներուն մէջ. խղճահարութիւն այն մարդուն հանդէպ, որ գացած էր ապրելու «քափիթալիստական շահագործող-բռնատիրական» վարչաձեւի տակ ու չէր հասկնար, թէ ի՜նչ հրաշալի բան է եղբայրական հանրապետու-    թիւններէն բաղկացած եղբայրական ընտանիքը:
… Ժամանակները փոխուած են. այսօր երկրէն հեռացողին անթաքոյց յարգանքով կը ճանապարհեն. «նա էլ գնաց ու պրծաւ էս երկրից, գնաց մարդավարի կեանքով ապրելու»: Մենք կ’ըսենք հերթական «բարի ճանապարհ»-ը ու կը մաղթենք «շուտ վերադարձ», իսկ մտքի մէջ՝  գնաս բարով: Անոնք ժամանակ առ ժամանակ կը հարցնեն՝ ի՞նչ վիճակ է Հայաստանի մէջ ու ստացած պատասխանէն աւելի կ’ամրապնդեն ետ չգալու որոշումը: Մենք յարմարած ենք արդէն հրաժեշտներուն եւ գիտակցութեան մը, որ՝  ով գնաց, ալ ետ չի գար: Ի՜նչ գալ: Ամբողջ ժողովուրդ մը քաղաքական մեկնաբան դարձած է, ու «բարեւին» յաջորդող հարցը հիմա  «ո՞նց էք»-ը չէ, այլ՝  ի՞նչ կ’ըսես՝ այս երկիրը կը շտկուի՞: Այս հարցը կը մոլեգնէ ամէնուր… համացանցէն մինչեւ հասարակական հանրակառք, կը քննարկուի, կը ծեծուի, կը բզկտուի ու, իբրեւ լաւ պարտիզան, կը ձգէ անպատասխան:
Հանրակառքի վարորդը կը շրջի ու հարց կը յղէ՝  ժողովու՛րդ, ի՞նչ կարծիք ունիք, խելքերնիդ ի՞նչ կը կտրէ՝  այս երկիրը երկիր պիտի դառնա՞յ: Հանրակառքը կը խառնուի, կ’աղմկէ, կը փոթորկի, յետոյ կու գայ ընդհանուր յայտարարի՝  ասոր վերջը չ’երեւիր, ով կրնայ՝ թող փախչի: Վարորդն ալ հայուն յատուկ կատակով կը պատմէ, թէ՝ Ռուսաստան էի, այս վերջին ընտրութիւններէն յետոյ մերինները ըսի, թէ՝  եկուր, լաւ պիտի ըլլայ. նախագահը ըսած է, եկայ, յետոյ պարզուեցաւ, որ նախագահը իրենց «կռուգի» (շրջապատի) համար ըսած է, ոչ թէ ժողովուրդի, հիմա կը մտածեմ՝  ընտանիքս հաւաքեմ, ձգեմ երթամ ու երթա՜մ:
Շատերը հաւանաբար սկիզբը կը հաւատան, որ պիտի վերադառնան՝ մոռնալով, որ ուրիշ երկրի մէջ մանկապարտէզ, դպրոց ու համալսարան գացող, ինչպէս նաեւ այլ միջավայրի ու մշակոյթի մէջ մեծցող իրենց երեխան գրեթէ ոչինչ ունի կապող հայրենիք ըսուածի հետ, թերեւս բացի ծնողներու հայեացքին  մէջ ծուարած կարօտէն: Անոնք կը յարմարին նոր երկրի օրէնքներուն, կը փոխեն լեզուն, երեխաները վարժ կը խօսին օտար լեզուով ու աւելի վատ՝  հայերէն, թոռները համարեայ չեն խօսիր, իսկ յաջորդ սերունդի հետ կու գայ մոռացումը: Ո՞վ կը դարձնէ անիւը ետ ու կը վերադառնայ մոռացումէն…
Ես գիտեմ այդպիսի զարմանալի մարդ մը. ան Վրէժ Քոսայեանն է: Ի հարկէ Վրէժ անունը ինք կնքած է՝  փոխելով թրքական անունը, իսկ ազգանունը փորփըրած ու հանած է իր ապուպապի մոռցուած յիշողութենէն, քանի որ Թուրքիոյ քրտաբնակ ու ասորաբնակ այդ գիւղին մէջ ոչ ոք կը խօսէր հայերէն, աւելին՝ ոչ ոք հայերէն բառ անգամ գիտէր, նոյնիսկ Վրէժի մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Սերունդներու յիշողութիւնը պահպանած էր միայն մէկ փաստ՝  գիւղին մէջ կայ երեք հայ ընտանիք: Անոնք գիտէին միայն, որ իրենք հայ են, ունին այլ կրօն: Շատ երեխաներ ունեցող այդ ընտանիքները իրենց երեխաները կը մկրտէին ասորական եկեղեցւոյ մէջ ու ամուսնութիւններ կը կնքէին իրարու մէջ: Ահա այդպէս, Վրէժն ալ կնքուեցաւ ասորական եկեղեցւոյ մէջ ու քսան տարեկանին ամուսնացաւ այդ ընտանիքներէն մէկուն դստեր հետ: Մինչ այդ ան իր վարքագիծով գրեթէ ոչինչով կը տարբերէր միւսներէն, բայց ահա այստեղ էր՝ քսան տարեկանին, որ անոր մէջ ըմբոստացաւ հայկական արիւնը ու ան, անջատուելով օղակէն, որոշում կայացուց՝  հեռանալ Թուրքիայէն ու առժամանակ հաստատուիլ Գերմանիոյ մէջ: Այնտեղ, քիչ մը գերմաներէն սորվելէ ետք, հետաքրքրուեցաւ թէ  ի՞նչ գիրքեր կան Հայաստանի եւ հայերու մասին:
Ահա, այստեղ անոնց ցեղի յիշողութեան ժանգոտած անիւը ցնցուեցաւ ու ետ դառնալու թոյլ շարժում ըրաւ: Ատիկա հաւանաբար համընկաւ այն օրուան հետ, երբ Վրէժը գրախանութներուն մէջ գտաւ քանի մը գիրք:
(Armenien – Geschichte und Gegenwart) Հայաստան – Անցեալը եւ Ներկան գերմաներէն գիրքիւն մէջ առաջին անգամ տեսաւ հայերէն տառերը, առաջին անգամ ծանօթութիւն հաստատեց մեսրոպեան գիրերուն հետ: Թերթելով գիրքը՝  յանկարծ տեսաւ այդ զարմանալի տառերու խորքէն ջերմութեան ու լոյսի ճառագում, լոյսի մէջ՝  իր ինքնութիւնը. օտարութեան մէջ ծնած զաւակ, որ հարցուփորձով պիտի գտնէ հայրենի տունն ու դուռը թակէ: Հայրենի տունը՝ փոքր երկիր մը աւետեաց, ու ինքը՝ ոդիսեւս՝ ճանապարհորդութեան սկզբնակէտի վրայ: Ինչպիսի՞ն է այդ երկիրը. հզօր ու ինքնիշխա՞ն, թէ՞ աղքատ ու յետամնաց, ինչպէ՞ս պիտի ընդունին զինք այդ տան մէջ. արդեօ՞ք սիրով դուռը լայն պիտի բանան, թէ՞ կիսաբաց դռնէն տարիներով հարցերու տարափ պիտի թափեն:
Ի հարկէ, օտարութեան մէջ ծնած իւրաքանչիւր զաւակ իր երազանքներուն մէջ հայրենի տունը կ’ընկալէ՝ իբրեւ կարօտած մօր գիրկ: Բայց միշտ չէ, որ իրականութիւնը կը համապատասխանէ երազանքին: Վրէժի հետ ալ այդպէս եղաւ. հայատառ գիրքին ծանօթանալէ 35 տարի անց միայն ան դարձաւ ՀՀ քաղաքացի. «Ես հազար անգամ դիւրին դարձայ Շուէտի քաղաքացի, երկրի, որ մեծ դժուարութեամբ քաղաքացիութիւն կու տայ»: Ան՝ Շուէտի քաղաքացի, արդէն բազմազաւակ ընտանիքի հայր, մասնագիտութեամբ՝ ուսուցիչ, որ գիտէր թրքերէն, քրտերէն, քիչ մըն ալ ասորերէն, գերմաներէն, անգլերէն, շուէտերէն, դիմեց հայրենիքին՝ խնդրելով, հնարաւորութիւն ստեղծելու՝  Մանկավարժական ուսումնարանին մէջ հայերէն սորվելու, թէեւ մինչ այդ որոշ չափով արդէն սորված էր ինքնուսոյցներով ու տարբեր հայերու ուսուցչութեամբ: 1990-ին Վրէժը առաջին անգամ եկաւ Հայաստան: Այն ժամանակ Սովետական հայրենիքը աւելի լաւ ընդունեց զինք, քան Ազատ-անկախը՝ այսօր. յատկացուցին հանրակացարան, լեզուն սորվիլը ձրի էր, իսկ սորվելու համար՝ կրթաթոշակ, ստեղծուեցան բոլոր պայմանները, որոնք կ’ըսէին՝  մենք կ’ընդունինք բոլոր անոնց, որոնք հայրենիք վերադառնալու մտադրութիւն ունին: Ատիկա պետութեան քաղաքականութիւնն էր՝ ընդունիլ վերադարձողները ու փակել ճանապարհը գացողներու: Ազատ-անկախի մէջ ճանապարհը ազատ է՝ գացողներուն, ու գործելու հնարաւորութիւնը անկախ՝ եկողներուն. եթէ կ’ուզես լեզու սորվիլ,  խնդրեմ՝ ապաւինիր գումարիդ:
Թուրքիոյ մէջ ծնած, Գերմանիոյ մէջ ապրած, Շուէտի քաղաքացի դարձած Վրէժը գործ ունեցաւ երկու Հայաստանի հետ, որոնք խիստ տարբեր էին իրարմէ, բայց ունէին մէկ ընդհանրութիւն՝ երկուքն ալ չէին համապատասխաներ «աւէտեաց երկրի» մասին իր պատկերացումներուն:
Այնուամենայնիւ, մենք մեր հարազատները կը սիրենք ո՛չ այն պատճառով, որ անոնք ամենալաւն են, այլ այն, որ մերն են: Վրէժը սիրեց Հայաստանը եւ, լեզուին տիրապետելէ ետք, 90-95-էն մուտք գործեց իր կեանքի կարեւորագոյն՝ գործելու փուլը:
Ան յեղաշրջում չէ ըրած, Վրէժը այն մարդոցմէ է, որոնց գործերը առանձնապէս չեն երեւիր, անունը յայտնի չէ, ոչինչով կը գովազդուին, չեն փոխեր երկրի ճակատագիրն ու չեն ազդեր պատմութեան ընթացքին վրայ, բայց անընդհատ կ’արարեն ու կաթիլներ կ’ա- ւելացնեն ովկիանոսին: Ամէն մարդ չի կրնար Մաշտոցի պէս արեգակի լոյս տարածել, բայց, ցանկութեան  պարագային, գոնէ մոմի՝ կրնայ: Անոր առաջին գործը իր չորս երեխաներուն հայերէն սորվեցնելը եղաւ ու ընտանիքին մէջ հաստատելը երկաթեայ կանոն՝  իրարու հետ խօսիլ միա՛յն հայերէն: Այժմ կը փորձէ նաեւ թոռնիկներուն հետ խօսիլ հայերէն, թէեւ անոնց հայրը շուէտ է: 1995-էն շուէտական դպրոցներու ու հայկական մշակութային միութիւններու մէջ Վրէժը սկսաւ դասաւանդել հայոց լեզու: Իբրեւ Վեստերոս քաղաքի հայ համայնքի նախագահ, ան ջանք չէ խնայած՝ համախմբելու օտար երկրի մէջ գտնուող հայերը, սորվեցնելու անոնց հայերէն: Իր նախագահութեամբ կազմակերպուած է Շուէտի հայկական միութիւնները համակարգող կեդրոն, կեդրոնի հիմնադիրներէն մէկն է: Իսկ կեդրոնի կարեւորագոյն ձեռքբերումը՝ Շուէտի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Օգնած է կազմակերպելու Վեստերոս քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եկեղեցական խորհուրդ, այնուհետեւ նախագահած այդ խորհուրդը՝ ընելով ամէն ինչ՝ հայերը համախմբելու մեր կրօնի եւ եկեղեցւոյ շուրջը: Ըստ Շուէտի եւ Սքանտինաւիոյ հովւութեան հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս քահանայ Մելքոնեանի բնութագրութեան‘ «Վրէժ Քոսայեանի ջանքերով կազմակերպուեցաւ Վեստերոսի Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եկեղեցական խորհուրդ: Իմ հպարտութիւնը կը յայտնեմ, որ համայնքին մէջ ունեցած ենք հայորդի մը, որ պատմութեան ճակատագրի բերումով հանդիպած է բազում ազգային եւ կրօնական դժուարութիւններու, սակայն իր ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ հոգեւոր իմաստութեամբ ի վիճակի եղաւ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները եւ կերտելու հայ քրիստոնեայ ընտանիք, ուր պահպանուեցաւ հայոց լեզուն եւ յարգանքը հաւատքի նկատմամբ»:
Վերջին տարիներուն զբաղած է «հայերէն շուէտերէն – շուէտերէն հայերէն բառարան» պատրաստելով, որ կը պարունակէ մօտաւորապէս 25–30 հազար բառ: Կ’աշխատի նաեւ «Հայերէն սկսնակներու համար» գիրքի վրայ:
Այսօր, թւում է, կատարուել է Վրէժի երազանքը. նա արդէն ՀՀ քաղաքացի է, տուն ունի հայրենի հողում, ընկերներ, ցանկացած ժամանակ գալու, անգամ մշտապէս հայրենիքում ապրելու հնարաւորութիւն, այնուամենայնիւ, նա փակ դռան առաջ կ’անգնածի զգացողութիւն ունի: Հետաքրքիր է‘ այն մարդը, որն այսքան ջանք է դրել՝ լինելու Հայաստանի քաղաքացի՝ հայկական անուն-ազգանունով, որն անգամ իր ծննդեան օրն իր անուանակոչութեա՛ն օրն է համարում ու անձնագրում էլ նշուած է «վերածնունդը է՝ Նոյեմբերի 26-ը, որպէս ծնունդ, որն արեան կանչով տուն է վերադարձել, ինչպէ՞ս է բացատրում նման զգացողութիւնը. «ես Հայաստանը դեռ կայացած երկիր չեմ համարում. այնտեղ չի գործեր օրէնք ու չկայ օրէնքի ընկալում ո՛չ օրէնքի մարդու կողմէ, ո՛չ հասարակ քաղաքացիի: Նման երկրի մէջ մարդը ինքզինք ապահով ու պաշտպանուած չի կրնար զգալ: Առաջ աւելի կը զարմանայի, հիմա սորված եմ արդէն, որ երբ քաղաքացին ինչ-որ անօրինական քայլ ըրած է, օրէնքի մարդը, նայած յանցանք-զանցանքի ծանրութեան, կը մտածէ՝ որքան «պոկել», իսկ քաղաքացին՝ որուն գտնել՝  իբրեւ միջնորդ, որ «քիչ գումար տայ»:
Պատկերացուցէք‘ որքան անսովոր բան է ատիկա մեզի համար: Այդ իմաստով սփիւռքահայերը աւելի խոցելի են, քանի որ ապրած են օրէնքի երկրի մէջ ու չեն պատկերացներ, թէ նետը որ կողմէն պիտի արձակուի, երբ իրենք փորձեն որեւէ գործ ընել այստեղ: Եւ ամենավատը այն, է, որ ղեկավարութիւնը անվերջ կը մատնանշէ այս  ու այն ոլորտին մէջ երկրի «զարգացումը». ինքզի՞ն կը խաբէ, հարեւան երկիրնե՞րը, ժողովո՞ւրդը… Ես սրտի մեծ ցաւ կ’ապրիմ, որ ամէն գայլի դրական զարգացում չեմ տեսներ, այլ միայն կը լսեմ, որ մեր ծանօթներէն մէկն ալ ընտանիքով հեռացած է երկրէն: Ես երկար սպասած եմ այստեղ հիմնաւորուելու օրուան, կը փորձեմ յարմար աշխատանք գտնել ու դեռ‘ ապարդիւն, իսկ սեփական փոքր գործարարարութիւն չեմ ուզեր, պատճառը արդէն ըսի»:
Վրէժը, խորտակուող նաւու նաւապետի պէս, կարծես դեռ չէ յուսահատած ու յամառօրէն կրկին ու կրկին կ’ուզէ որեւէ բան փրկել. հիմա ան Շուէտի մէջ բացած է կիրակնօրեայ դպրոց ու կը սորվեցնէ հայոց լեզու: Անոր կ’աշակերտեն 16-50 տարեկան, յատկապէս Թուրքիայէն եւ Իրաքէն գացած հայեր: Գործը կ’եռայ իսկ յոյսը, թէեւ երբեմն-երբեմն՝ կը մարմրի, բայց աւելի յաճախ կ’առկայծէ… որ դեռ պիտի գան լաւ օրեր, ու Հայաստանը պիտի դառնայ երազանքներու երկիրը, պիտի գործէ օրէնքը, որ հայրենիքը իր գիրկը պիտի առնէ բոլոր անոնց, որոնք վատ կեանքէն յոգնած հեռացած են երկրէն եւ ոչ թէ պարզապէս գացած են շրջագայելու կամ ուսանելու, անոնց, որոնք, թէեւ օտար երկրի մէջ ունին բարեկեցիկ կեանք ու նոյնիսկ հարազատներուն օգնելու հնարաւորութիւն, բայց հայրենի տան կարօտին դժուարութեամբ կը դիմանան, որ երկրի մէջ բոլորը պիտի համապատասխանեն իրենց զբաղցուցած տեղին ու դիրքին. խորհըր- դարանին մէջ պիտի ըլլան միայն ժողովուրդին շահերը պաշտպանող արժանաւորներ եւ ոչ թէ սեփական գրպանին գերի դարձած, սեփական մտաւոր սնանկութիւնը անգամ թաքցնելու անկարողներ, որ հայը պիտի վերա- գտնէ իր կորսնցուցած ամենաարժէքաւոր բանը՝ հաւատքն ու լաւատեսութիւնը, որ երկրի նախագահը երբ ըսէ՝  լա՜ւ պիտի ապրինք, ժողովո՛ւրդ, ատիկա կը վերաբերի նաեւ ժողովուրդին:

Մանէ Յակոբեան