Կիլիկիոյ Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, առանց վերապահումի եւ առանց նրբանկատութեան տուրքի, Արամ Ա. Կաթողիկոս բացման իր խօսքին ծանրութեան կեդրոնը շեշտակիօրէն դարձուցած է ընդհանրական թերացումներ, մատնանշած է զանցառութիւններ, որոնց պատճառով ալ «սփիւռքը այսօր ներքին մաշումի ու գունաթափումի մէջ է...» :
Կաթողիկոսական բարձր հանգամանքին բերումովն իսկ սփիւռքի խնդիրներուն մասին իր խոր ճանաչողութեամբն ու փորձառութեամբը վեհափառին այս սարսափեցնող հաստատումը 100-ամեակի սեմին, քննադատութիւն եւ միաժամանակ վտանգի մը ահազանգը ըլլալէ ետք, զգաստացման հրաւէր է ուղղուած ոչ միայն ներկայ ժողովականներուն, այլ բոլոր անոնց, որոնք զանազան պաշտօններու մէջ եւ պատասխանատու դիրքերէ կոչուած են ղեկավա- րելու հայ կեանքը:
Սփիւռքի պարզած այս տխուր պատկերին պատճառներու թւումին մէջ, ի շարս այլոց, կարեւորութեամբ կը նշէ տակաւին, թէ՝«մեր կառոյցները, նե- րառեալ եկեղեցին, չեն կրցած կապ պահել արմատական փոփոխութեան մէջ գտնուող ներկայ աշխարհի վերիվայրումներուն ու զարգացումներուն անմիջականօրէն հաղորդ մեր երիտասարդութեան հետ ...»
Հաւանաբար հարկը զգացուած է անգամի մը համար փափկանկատ ըլլալու եւ «չեն կրցած կապ պահել»ու փոխարէն, կամ իբրեւ լրացուցիչ, չէ աւելցուած նաեւ «չեն ուզած» նախադասութիւնը :
Չկարենալուն եւ չկամենալուն միջեւ կայ խոշոր տարբերութիւն: Չկարենալը սեփական կարողու- թեան խնդիր է, որով եւ ենթական զերծ կը դարձնէ պատասխանատուութենէ: Մինչ կամենալը, այս պարագային, իր տեղը զիջելու գինը կ’արժէ, ինչ որ այնքան ալ հեշտ չէ մարդոցմէ ակնկալել ...: Մարդկային այս տկարութիւնը նկատի ունենալով է արդէն, որ կարգ մը կազմակերպութիւններ ու պետութիւններ օրէնքով սահմանափակած են պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնելու տարիներու թիւը :
Առիթով մը, երեց ընկեր մը զղչումով ու խղճի խայթով կը խոստովանէր, որ ինք ու իր գործակիցները երբեք չմտածեցին, որ իրենց մազերը օր մը պիտի ճերմկին: Ճերմկնալէն ետքն ալ չուզեցին ընդունիլ տկարացումը իրենց մկաններուն ու աշխատունակութեան: «Արուեստականօրէն սեւցուցինք մազերնիս եւ կարծեցինք գոյնին հետ երիտասարդացած ըլլալ: Ժամանակէն ետ մնացինք, չկրցանք նոր ըմբռնումներուն հետ հաղորդուիլ, բայց նաեւ գործելու տեղ ու առիթ չտուինք նորերու ...» : Ըսաւ ու զգացած յուզումէն ձայնը մարեցաւ կոկորդին մէջ:
Խղճահարութիւն մը, որ ուշացած ըլլալուն մասնաւոր արժէք չի ներկայացնէր թէեւ, բայց պիտի ընդունինք , որ բարձրաձայնուած խոստովանութեան անկեղծութիւնը անսովոր է: Ինչպէս նաեւ պիտի ընդունինք, որ մատնանշուածը յատուկ չէ միակ տեղի մը կամ պարագայի մը, այլ ընդհանրական բնոյթ ունի:
Կասկած չկայ, որ ազգային մեր կեանքը կը բարելաւուի ու որոշ աշխուժութիւն կը ստանայ, եթէ իրականանայ վեհափառին շեշտած անհրաժեշտութիւնը երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան մասին, ինչ որ «կը նշանակէ մեր համայնական կեանքը կազմող կառոյցներուն երիտասարդացում, անոնց մօտեցումներուն մասնագիտացում եւ գործելակերպերու եւ գործունէութեան վերանորոգում ...»:
Գիտենք, որ այսպէս ըսուած «հաւասարակշռութիւնները» չխախտելու ոչ-հիմնաւոր մտահոգութիւնը գերակշռած է այժմ եւ միշտ եւ ամէնուր...
Չենք գիտեր սակայն, թէ ներկայ պարագային, Ազգային Ընդհ. Ժողովը ընդառաջ գնա՞ց վեհափա- ռի պատգամին ու իր աշխատանքները այդ ոգիո՞վ աւարտեց թէ ոչ :
Այնքան ալ միամիտ պէտք չէ ըլլալ կարծելու համար, որ պատգամի մը ազդեցութեամբ «հաւա- սարակռութիւնները» չխախտելու մտահոգութիւնները յանկարծ պիտի չքանան :
Երիտասարդ տարրին պատասխանատու գործեր չվստահելու մտայնութիւնը խորացած է այնքան, զոր դժուար է թօթափել: Բայց անկարելի ալ չէ:
Սփիւռքեան շրջան մը կայ, Թորոնթոյի գաղութը, ուր վերջերս կատարուած այցելութիւն մը հաստատեց, թէ ինչպէս հոն երիտասարդ տարրը ղեկավար գործի վրայ, այլեւ երեցներու գործակցութեամբ, անոնց փորձառութեամբն ու խորհուրդներովը զինուած՝ ազգային-եկեղեցական եւ կուսակցական-միութենական ու կրթական մարզերը կ’արդիւնաւորէ եւ ապագայի համար նոր ծրագիրներ կը հետապնդէ:
Այցելութենէն վերադարձին, շրջանին յղուած նամակէ մը ինքզինք բացատրող հատուած մը անտեղի չհամարելով, մէջբերենք .-
«.... Թորոնթօն կը մնայ հոգեհարազատ շըրջան մը՝ գլխաւորաբար երկու պատճառներով.— նախ որ անոյշ ու նուիրեալ ընկերներ կան, որոնց հետ ազգային-կուսակցական մտահոգութեանց թէ կենցաղային պարզ խնդիրներու մասին զրուցելը օգտակար ու հաճելի ըլլալէ ետք, քաղցր յուշերով մտերմութիւնը կը վերանորոգէ, եւ երկրորդ , որ հոն վկան կը դառնաս գաղութի մը, ուր կուսակցական, միութենական, եկեղեցական, նոյնիսկ յարանուանական գործօնները կ’աշխատին ներդաշնակ ու համերաշխ, սերնդափոխութիւնը կը յաջողուի կատարել համախոհութեամբ, փոխադարձ հասկացողութեամբ ու իրար օգնութեամբ, երիտասարդներու խանդին երեցները կը միացնեն իրենց փորձառութիւնն ու խորհուրդ- ները եւ այսպէս միասնական աշխուժութիւններով շրջանը կը վերածեն (վերածած են արդէն) հայրենակարօտ մեծ փեթակի: Գաղութի իրագործումներուն ու գործունէութեան ականատես եւ ապագայի ծրագիրներուն իրազեկ ոեւէ անհատ հաստատօրէն կը համոզուի, որ անցեալի ղեկավար դիրքեր զբաղեցնող անձերը եւ ներկայի շարունակողները գործած են ու կը գործեն տեսիլքով, ապագայատեսիլ մղումներով ...» :
Եւ որպէսզի գրուածը ենթակայական գնահատում չհամարուի, արձանագրենք նաեւ չոր փաստը.- Քանի մը տարիներ առաջ արդէն իսկ ընդարձակ համալիր մըն էր Թորոնթոյի «ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ»ը , որուն կցուած պատուաբեր եկեղեցի մը՝ յարակից գրասենեակներով : Կեդրոնը ունէր շատ մեծ սրահ մը, բազմաթիւ ժողովատեղիներով, ճաշարանով ու գրախանութով եւ եօթ դասարաններով նախակրթարան մը՝ մանկապարտէզի բաժինով : Եւ... հոն յաճախողներու բազմութիւնն ու միութենական եռուզեռը անպակաս:
Հետագայի քանի մը տարիներու ընթացքին համալիրը մեծ չափերով ծաւալած է նոր կա- ռուցումներով եւ վարժարանական յատուկ շէնքով: Երբ այլ տեղեր վարժարան կը փակուէր կամ փակման վտանգի կ’ընթարկուէր, Թորոնթոյի նախակրթարանը կը վերածուէր միջնակարգի, իսկ այժմ արդէն իսկ լրիւ դասարաններով երկրորդական վարժարան է՝ կրթական համակարգով համբաւեալ Գանատայի չափանիշներու համապատասխանող մանկավարժական արդիական սարքերով եւ աշակերտներու 550 թուագումարով: Ծաւալած համալիրին մաս կը կազմէ նաեւ վարձելու համար տեղացիներէն իսկ փնտռուած նոր ու սքանչելի թատերասրահ մը՝ արդիական բոլոր տեսակի յարմարութիւններով: Աշակերտներու փոխադրութիւնը կը կատա րեն ծնողները: Չհաշուած այլ աշխուժութիւններ, սա կը նշանակէ, թէ 550 աշակերտներու ծնողներ «պարտաւորուած» ամէն օր երկու անգամ Հայ Կեդրոն կ'այցելեն, որով եւ ազգային իրենց պատկանելիութեան երաշխիքը կու տան:
Կեդրոնը կը հովանաւորէ նաեւ շաբաթօրեայ միաժամ հեռատեսիլի հայկական յայտագիր :
Հայ Կեդրոնը բաբախող սիրտն է Թորոնթոյի գաղութին: Իսկ այդ սրտին արիւնատարը՝ ղեկավարութեան կոչուած երիտասարդ տարրն է եւ... սերնդափոխութիւնը քաջալերող, փորձառութիւն ու խորհուրդներ չզլացող երեցներն են: Հոն, երիտասարդները կը յարգեն վաստակը եւ կը փնտռեն երեցներու գործակցութիւնը, որովհետեւ անոնց մօտ կը հաստատեն սերնդափոխութիւնը անկեղծօրէն քաջալերող ոգին:
Բանիւ եւ գործքով:
Միհրան Քիւրտօղլեան