Ամիս մը առաջ Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզէն սկսած, Թաքսիմ հրապարակին վրայ շարունակուած եւ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ տարածուած դէպքերը՝ նոր հանգրուան մը բացին թրքական ընկերութեան առջեւ:

Ժողովուրդը, 1923էն ետք իր կրած անուան՝ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան» իրական իմաստ տալու հանգրուանին գտնուեցաւ, ճամբայ ելլելով եւ վճռակամօրէն պահանջելով նոր ընկերութեան մը ձեւաւորումը:

Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ականատես դարձանք այնպիսի երեւոյթներու, որ ի յայտ բերին Թուրքիոյ ներքին տկարութիւնները, զօրաւոր հարուած հասցուցին վարչապետ Էրտողանի վարկին եւ լրջօրէն խոցեցին պսպղուն նկարը, որ Թուրքիա  ցոյց կուտար դէպի արտասահման, այնպիսի պահու՝ երբ թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ վերաշխուժացնել Եւրոպական իր անդամակցութեան բանակցութիւնները։ Եւրոպացի ղեկավարներ լուրջ կամ աւելի մեղմ խօսքերով քննադատեցին թրքական ոստիկանութեան բիրտ կեցուածքը եւ Էրտողանի անխոհեմ խօսքերը, մինչ Թուրքիոյ պաշտպան՝ Ամերիկայի որդեգրած դիրքը «գաղջ քննադատական» կրնանք բնորոշել։ Ինչո՞ւ գաղջ։ Ոչ այնքան Էրտողանէն դժգոհած ըլլալու պատճառով, այլ որովհետեւ խորապէս մտահոգուած էին թէ Էրտողանի անբարտաւան ու յոխորտալից վերաբերմունքը աւելորդ կրնայ սրել կացութիւնը, նոյնիսկ յեղաշրջում յառաջացնելով։

ԱՄՆի այս կեցուածքին պէտք է վերագրել նաեւ ամերիկեան մամուլի հաղորդումները, գլխաւորութեամբ The New Yorker-ի եւ Los Angeles Times-ի, որ յիշեցին Թաքսիմի հրապարակին վրայ հայերու անցեալը եւ անարգուած ու քանդուած հայկական գերեզմանատունը։

Հետաքրքրական էր քիւրտերու որդեգրած քաղաքականութիւնը եւս, որ այս պարագային բաւական նմանութիւններ ունէր ամերիկեան դիրքերուն հետ։ Ճիշդ այն նոյն մտահոգութեամբ՝ թէ նախընտրելի է տկարացած Էրտողան մը, քան անյստակ ու հարցականներով լեցուն Էրտողանի յաջորդ մը...

Գալով թուրք ժողովուրդի կեցուածքին, որ աւելի քան երեք շաբաթ պայքարեցաւ Պոլսոյ Թաքսիմի եւ շրջակայքի փողոցներուն վրայ, ուշագրաւ է նշել թէ այսպիսի բազմամարդ ցոյցերու ականատես դարձաւ աշխարհը, անգամ մը եւս անցեալին, Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով։ Վեց տարիներ առաջ, 2007ին, թուրք ժողովուրդը հարիւր հազարներով ողողեց Պոլսոյ ճամբաները, լուռ իր բողոքը յայտնելով երկրէն ներս կիրարկուող ցեղապաշտական քաղաքականութեան դէմ։ Անցնող վեց տարիներուն մէջ, Էրտողանի կառավարութեան կողմէ ոչ միայն որեւէ քայլ չկատարուցեաւ օտարատեացութեան դէմ ժողովուրդը դաստիարակելու կամ անհանդուրժող մթնոլորտը մեղմացնելու համար, այլ ընդհակառակը՝ ամէն անգամ շեշտուեցան իսլամականութեան տանող առիթները, սարսափի ¥կամ յուսահատութեան¤ մատնելով թրքական ընկերութեան առողջ բաժինները։

Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղակայուած վրաններէն սկիզբ առած հանգրուանը, փաստօրէն նոր մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման բերաւ Թուրքիան։ Էրտողանի կառավարութիւնը անգամ մը եւս պիտի չհամարձակի «անխելք» կամ «անջատողական» ¥լաւագոյն պարագային¤, կամ «դաւաճան» որակել Թաքսիմի հրապարակը ողողած հարիւր հազարաւորները, երբ ընկերային եռացող հարցերը ապագային դարձեալ համախմբումի առիթ պիտի հանդիսանան ժողովուրդին համար։ Ամէն պարագայի, կարելի չէ աչքերը փակել այս նոր իրականութեան առջեւ, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը մղէ աշխուժօրէն պահանջելու ժողովրդավարական իր իրաւունքները։

Նոր հանգրուան մը արդէն բացուած է Թուրքիոյ համար։ Աշխարհ տեսած է ժողովրդավարութեան ձգտող երիտասարդ նոր սերունդ մը, որ կը փորձէ հեռաւորութիւն պահել իր անցեալէն եւ յետամնաց ու կարծրատիպ կեցուածքներէ։ Այս ճանապարհը կ'ուզէ ընտրել քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը, բայց իրագործման հանգրուանին պէտք ունի քաղաքական գործիչներու նոր սերունդի մը, որ պիտի գիտնայ գերադասել մարդոց իրաւունքներն ու մարդկային արժէքները ...եթէ թոյլ տան իրեն...։

Հ.