Եթէ կը փափաքիս ըլլալ կորիզը շրջապատիդ
Ապա պէտք է ըլլաս՝ անսակարկ նուիրական,
Զոհես՝ անձդ, հանգիստդ, զուարճանքդ,


Եթէ կարիքը ըլլայ, զոհես՝ հոգիդ եւ սիրոյ զգացումներդ
Ի սէր մարդոց՝ հարազատներուդ, շրջապատիդ
Եւ Հայրենիքի փրկութեան
Եթէ կրնաս անսակարկ եւ առանց ակնկալութեան
Հասնիլ բոլորին,
առանց տրտունջքի
Գիշերներդ անքուն մնալով
Հոգատար ըլլալ կարիքաւորներուն,
Բայց հանգիստ ու խաղաղ սրտով տեսնես արշալոյսը,\
Հոգիդ ուրախութեամբ պարուրուած,
երջանիկ վեր կանգնիս
Շարունակես կեանքի ճանապարհը՝ ժպտադէմ
Որովհետեւ Սէրը կը պահանջէ՝
Անսակարկ զոհաբերութիւն, նուիրում,
Եւ ահա այդ ժամանակ
Կրնաս Սիրել եւ ըլլալ
Աշխարհքի Երջանիկներէն մէկը:

ԿԱՆԹԵՂ