«Պուրճ Համուտը մեր Հայաստանն է, պէտք է պահենք զայն,
Պուրճ Համուտը հայուն նկարագիրն է, ինքնութեան ներկայութիւն»:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՐԵՒ՝ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ՀԵՌԱՑԱԾՆԵՐՈՒՆ

Այս քանի մը տողերը կը գրենք ձեզի՝ նախկին դրացիներ, որովհետեւ կարօտցած ենք ձեզ: Վաղուց չենք տեսած ձեզ: Ինչո՞ւ համար օր մը օրանց չէք այցելեր

մեզի: Մենք ալ չենք գիտեր ձեր նոր տան հասցէն, չունինք նաեւ ձեր հեռաձայնի թիւը: Դուք մեր տուները գիտէք, նաեւ՝ մեր հեռաձայնի թիւը: Ինչո՞ւ մոռցաք մեզ: Ձեր ծախած տան մէջ հիմա կը բնակին ոչ հայախօս ընտանիքներ: Ձեր կառուցած շէնքին վրայ նորեկները բարձրացուցին երեք յարկ եւս: Շէնքին բոլոր բնակիչները մեր լեզուով չեն խօսիր:
Կան ափրիկեցիներ, ասիացիներ: Կան արհեստաւորներ, անգործներ, աղախիններ, ծառաներ եւ բեռնակիրներ: Դէմ դիմաց ենք անոնց հետ:
Մեր տան օրինակը տուի, բայց եզակի երեւոյթ չէ մերը. Պուրճ Համուտի միւս փողոցներն ու թաղամասերն ալ կը պարզեն նոյն պատկերը՝ Նոր Սիս թաղէն մինչեւ Արագած, Նոր Կիլիկիայէն մինչեւ Նոր Ատանա: Տեսա՞ք, մեր նախկին դրացիներ, մեր վիճակը այլափոխեցիք: Մենք հոս մնացինք, չուզեցինք հեռանալ եւ պիտի շարունակենք հոս ապրիլ, որովհետեւ այս թաղերը, տուները, դպրոցները, եկեղեցիները, գերեզմանատուները մեր հայրերը, մեր պապերը կառուցեցին  անհատնում դժուարութիւններով: Դուք ականատես եղած էիք անոնց հայրենասիրական, ազգասիրական տենչերուն: Ուզեցին հայու օճախ  ստեղծել եւ ստեղծեցին: Ճիշդ է, թէ գացիք քիչ մը բարձր «մակարդակ» ունեցող տարածքներ, բայց հոն ունեցաք նաեւ բազում դժուարութիւններ, կենցաղային տագնապներ, որոնցմէ չունէիք  Պուրճ Համուտի մէջ: Հոս մեր ըմպելի ջուրը առատ է եւ մատի վրայ կը համրուին ջուրի «մոթոր» ունեցողներ, ջրհան սարքեր:
Հայ ճարտարապետները իրենց մատը չշարժեցին Պուրճ Համուտի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու, որուն կարելիութիւնը կար: Պուրճ Համուտի մէջ կան բազմաթիւ լքեալ տուներ, տնակներ եւ հողամասեր, որոնցմով կարելիութիւն կար քով քովի բերելով մեծ շէնքեր կառուցել: Այս մասին շատ մելան թափեցինք մեր մամուլին մէջ: Մեր ճարտարապետները սուտ խուլ ձեւացան, ոչինչ ըրին այս մարզին մէջ: Անոնք նախընտրեցին Անթիլիասէն վեր բարձունքները պեթոնապատել: Անոնք փճացուցին մրգաստաններ, ծաղկաբոյր նարնջենիներու, կիտրոնենիներու, պանանենիներու պարտէզներ, փոխարէնը կերտեցին պեթոնաստան, կողք կողքի, «քիթ քիթի»՝ դրացիական ամէն տեսակի ձայները, աղմուկը, կռիւները ըմբոշխնելով: Պուրճ Համուտէն հեռացաք, բայց  դրացիներուն աղմուկէն՝ ոչ, ձեր ինքնաշարժներուն կառատուներ չգտաք:
Արդար ըլլալու համար Պուրճ Համուտը նոր կառոյցներով օժտող միակ հայորդին եղաւ Կարպիս Հարպոյեան, որ տասնեակ մը բարձր շէնքեր կառուցեց եւ յանձնեց հայ ընտանիքներու: Ափսոս, որ կանխահաս մահը կասեցուց անոր շինարարական թափը: Այս կապակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային լսարան, ուր Կարպիս Հարպոյեան եւ այլ ազգայիններ կոչ ուղղեցին մեր ժողովուրդին չլքելու Պուրճ Համուտը, մեր հայրերուն եղունգներով կառուցուած այս հայաքաղաքը, բայց ըստ երեւոյթին քիչեր ընդառաջեցին:
Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ ստեղծեց շինարարական խորհուրդ եւ մեր երիտասարդ սերունդին, նոր ընտանիք կազմողներուն յատկացուց չորս-հինգ բազմայարկ եւ արդիական շէնքեր:
Յիշենք նոյնպէս «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէնութեան նախաձեռնած կառոյցներու շինութեան նախաձեռնութիւնը, որ օգտակար եղաւ մեր ընտանիքներուն:
Ներկայիս Պուրճ Համուտը լքած հեռացածներ վերէն կը նային մեզի եւ հեգնանքով կը բամբասեն, թէ Պուրճ Համուտ լեցուած է… եւ այլն:
Անշուշտ կը լեցուի սիրելի նախկին պուրճհամուտցի: Երբ դուն ձգես-երթաս, ուրիշ մը կու գայ: Մեղաւորը դուն ես, աններելի յանցանք գործեցիր դուն, երբ կարելիութիւն ունէիր հոս մեզի հետ ապրելու: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են: Պատահեցան կարգ մը աննշան դժուարութիւններ, ստիպողական հարցեր, որոնց վերաբերեալ ունինք հասկնալի ներողամտութիւն: Բայց չենք ներեր այն միւս մեծամիտներուն, որոնք ուզեցին կոչուիլ անթիլիասցի, զալքացի, մըզհերցի:
Եթէ նկատի ունենանք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառած մեր կորուստները, այս պարագային միայն մայրաքաղաքի արեւմտեան շրջանի մեր ազգակիցներուն հարցն էր: Բարեբախտաբար այդ տարածքին մէջ ունեցանք տեղւոյն վրայ մնալու կեցուածք արտայայտած ընտանիքներ եւ կառոյցներ: Աստուած պահէ Հայկազեան համալսարանը եւ անոր կողքին 90-ամեայ Հայ աւետարանական քոլեճը:
Մայիս 28-ի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 95-ամեակի փառաշուք հանդիսութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց պահելու, պաշտպանելու Պուրճ Համուտը, որ «Լիբանանի մէջ մեր Հայաստանն է», ըսաւ ան: Եթէ Լիբանանը սփիւռքահայութեան սիրտն է, Պուրճ Համուտն ալ Լիբանանի հայութեան սիրտն է: Ով որ կը դաւաճանէ անոր, կ՛անտեսէ անոր հոգեկան ու ոգեկան զօրութիւնը, անիծած կ՛ըլլայ Պուրճ Համուտը կերտած, Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած մեր հայրերուն եւ մայրերուն քրտնաթափ ջանքերն ու նուիրումը՝ յիշատակը հայը հայ պահելու…:
Պուրճ Համուտի մէջ ոչինչ կայ պակաս: Ամէն ինչ ունինք: Եկեղեցիներ, դպրոցներ, հանդիսասրահներ, ակումբներ, մշակութային եւ ընկերային կեանքը հունաւորող համալիրներ, վաճառատուներու հսկայական ցանց, դրամատուներ, ապա- հովութեան (ասսիւրանս) գրասենեակներ, նօտարներ: Մարաշ շուկան ուտեստեղէններու եւ քիմքեր քաղցրացնող ճաշակելիքներու կեդրոն է:
Ի՛նչն է պակսեր արդեօք, որ կ՛երթաք հեռու, հեռուներ: Վերադարձէք հոս, երթեւեկի տագնապ չէք ունենար, խճողումներէ զերծ կը մնաք, պենզինի ծախսեր չէք ունենար: Մօտեցէք մեր ժողովուրդին: Խոշորացոյցով մի՛ դիտէք եղած կարգ մը թերութիւնները: Եկէք, կրկին լեցուցէք մեր լքուած փողոցները, որպէսզի հրճուին հոգիները այս քաղաքին հիմնադիրներուն:
Եթէ քիչ մը ունեւոր կամ հարուստ դարձանք, այդ պատճա՞ռ պիտի ըլլար հեռանալու հայկական մթնոլորտէն: Ո՞ւր են ձեր զաւակները, սիրելի՛ նախկին պուրճհամուտցիներ: Օտար վարժարաններո՞ւ մէջ:
Մեր սիրտերը կը ցաւին այսպիսի կացութիւններու դիմաց: Ու մի՛ նեղուիք այս յանցանքը յիշելու, յիշեցնելու համար:
Ա՛լ կը բաւէ, թող դադրի հեռանալու հոսքը դէպի այլուր: Մնանք մեր տեղերը: Մեր սեփականութիւնները չյանձնենք օտարին, բղջախոհութեամբ եւ մասամբ նորին:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ