Պոլսոյ մէջ, Մայիս 27էն սկսած բողոքի ցոյցերը ընդունելով որպէս մեկնակէտ՝ քաղաքացիական համատարած շարժումը արդէն կը թեւակոխէր իր 15րդ օրը: Ցուցարարներու պահանջներուն եւ անոնց մերժումին տեսանկիւնէն ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ: Սակայն կայ նշմարելի կարեւոր փոփոխութիւն մը. ցոյցերը

նոյն թափով շարունակուելով հանդերձ, ոստիկանութեան բռնութիւնները լրջօրէն նուազած են: Անկասկած, ասոր պատճառը՝ լրատու որոշ միջոցներու, յատկապէս հեռատեսիլի կայաններու կողմէ, տատամսումի (հաւանաբար վախի պատճառով) շրջանէ մը ետք, այլեւս բռնութեան անընդունելի տեսարաններու սփռումն է, ինչ որ ոստիկանութիւնը մղած է աւելի զուսպ կեցուածքի։

Էրտողան կը պնդէ. «ցուցարարները իրենց «դասը» պիտի ստանան քուէարկութիւններուն»

Ցուցարարներուն «դասը» տալու կոչով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, խօսելով Ատանայի մէջ անցնող շաբաթավերջին։ Ան ակնարկեց Մարտ 2014ի ընտրութիւններուն, կարծր խօսքերով արտայայտուելով ցուցարարներուն հասցէին։ 
Էրտողան Թուրքիոյ իշխանութեան գլուխը կը գտնուի աւելի քան 10 տարիներ։ Ան յոխորտանքով կը խօսի կառավարութեան մասին, շեշտելով թէ բոլոր թուրքերը ներկայացուած են իր իշխանութեան մէջ, առանց որեւէ խտրականութեան։ «76 միլիոն քաղաքացիներու կուսակցութիւնն ենք» ըսած է ան...։