Դարերու ընթացքին, մեր պատմութեան մէջ, հայ կնոջ նկարագիրը պահած է ընտանեկան արժանապատուութիւնը, իր բարոյական սրբութիւնը եւ իմաստութեամբ ու հոգատարութեամբ վարած է հայ օճախի համերաշխութիւնը: Առաւել, անոր գերազանց առաքինութիւնը եղած է իր անձնական անսահման նուիրումը, ոչ միայն իր ընտանիքի անդամներուն, այլ իր ազգին ու իր հայրենիքին:

Հայ յեղափոխական կնոջ ազատատենչ ձգտումն ու նուիրումի հոգին եղած է «Ամէն ինչ հայութեան եւ անոր փրկութեան համար» նշանաբանը: Հայ կիները եղած են ա՛յն նուիրեալ հերոսները, որ թէ՛ պատերազմի դաշտին եւ թէ՛ քաղաքական ասպարէզին մէջ, անտեսած են իրենց ես-ը, իրենց անձնական կեանքի վայելքները, ու վսեմ գաղափարով ու անկաշկանդ հաւատքով, ապրած-շնչած ու գործած են հայ ժողովուրդի ազատութեան, բարգաւաճման համար։

Հայաստանի Ա-ին Հանրապետութեան 95-ամեակին առիթով համառօտ կը ներկայացնենք մի քանի հայ յեղափոխական կիներու գործունէութիւնը այդ տարաշրջանի օրերուն:

(Օգտագործուած է Սոնա Զէյթլեանի «Հայ Կնոջ դերը Հայ Յեղափոխական շարժման մէջ» հրատարակութիւնը)։

  

Նաթալի Ամիրխանեան-Մուրադեան (1863-1921)

Ծնած է Երեւան: Ծնողներուն հետ փոխադրուած է Թիֆլիս եւ անդամակցած «Նարոտնայա Վոլիա» կազմակերպութեան: 1882-ին մտած է հայկական Յեղափոխական առաջին մարմնի մէջ եւ նուիրուել ազգային իտէալներու իրականացման գործին ծառայած է:

Ան իր ամուսնոյն՝ բժ. Մուրատեանի հետ հաստատուեցաւ Ղարաքիլիսէ եւ կապուեցաւ շրջանի երիտասարդութեան հետ, տղաքը մղելով յեղափոխական աշխատանքի: Կազմակերպեց կանանց եւ աղջիկներու խումբեր անոնց միացնելով այդ օրերու Կարմիր Խաչի Կեդրոնական խումբերուն:

Տարիներով եղաւ Ղարաքիլիսէի Հ. Յ. Դ. Կոմիտէի անդամ եւ իր տունը տրամադրեց որպէս կեդրոն յեղափոխական գործիչներու: Փետրուար 6, 1921-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն յետոյ, երբ համայնավարները Ղարաքիլիսէ մտան, Նաթալիան եւս որպէս վտանգաւոր դաշնակցական բանտարկուեցաւ: Նախքան գնդակահարումը իր վերջին խօսքը եղաւ «Էյ սրիկա բոլշեւիկներ, ես գիտեմ որ դուք բանտի մէջ պիտի ինձ չարչարէք եւ յետոյ մեռցնէք, ես համոզուած դաշնակցական եմ եւ պիտի մնամ. զարկէք ինձ շներ»:

 

Նաթալիա Մատինեան

Ծնած է Թիֆլիս երեւելի հայ ընտանիքի մէջ: Իրենց բնակարանը, ըստ Մալխասի եղած է «Դաշնակցութեան Պապոնց տունը»: Նաթալիան անդամ էր «Երիտասարդ Հայաստան»ին: Ան ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ կուսակցութեան գործունէութեան: Մոսկուայի մէջ մանկաբարձութիւն ուսանելու ժամանակ, գործօն դեր ունեցաւ տեղի գաղափարական հայ ուսանողութեան մտաւոր եւ յեղափոխական աշխատանքներուն մէջ եւ դաշնակցութեան գաղափարի հանդէպ իր ունեցած անվերապահ նուիրումով՝ դարձաւ ակնյայտ կուսակցական:

Երբ վերադարձաւ Թիֆլիս զբաղուեցաւ իր մասնագիտութեամբ. տարիներ եղաւ տեղական Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ մեծ օգնութիւն բերելով գաղտնի գրականութիւն տարածելու եւ փախստական յեղափոխականներ պահելու խնդրին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, իր եղբօր՝ Նիկոլի հետ մնաց Աղէքսանդրիա, տարաւ շատ աշխոյժ գործունէութիւն հակառակ իր տարիքին:

 

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան

(Ծաղիկ) - քոյրն էր Նաթալիայի: Ծնած է Ալեքսանդրապոլ, 9-ը տարեկանին ծնողներու հետ փոխադրուած է Թիֆլիս ուր իրենց բնակարանը կը ծառայէր որպէս հանգրուան մտաւորական եւ յեղափոխական մարդոց: Այնտեղ կը հաւաքուէին ժամանակի յառաջադէմ երիտասարդները եւ հայ մտաւորականներու այն բոյլը, որոնք հիմնեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Երբ դաշնակցութիւնը կազմակերպուեցաւ Սաթենիկը մտաւ շարքերը եւ մինչեւ մահ բարձր պահեց դաշնակցական կին գործիչի անունը:

Դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովէն յետոյ թողեց իր հայրենական տունը եւ գնաց Պարսկաստան որպէս ուսուցիչ: Ան համոզուած էր որ միայն մեծ զոհողութեան գնով կարելի է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը յաջողութեամբ պսակել: Այդ օրերուն Պարսկական Ատրպատականի շրջանը շատ կարեւոր էր դաշնակցութեան համար: Այդ տեղ էին Յովնան Դաւթեան, Իշխան Յովսէփ Արղութեան, Նիկոլ Դուման, բժ. Քրիստափոր Օհանեան, Սեւ Քարեցի Սաքօ, Սարգիս Օհանջանեան եւ շատ ուրիշներ: Սաթենիկին պարտականութիւն էր կազմակերպել Թաւրիզի կիները, ինչ որ շատ դժուար գործ էր, որովհետեւ հայ ընտանիքը կ'ապրէր իր հին պահ- պանողական նահապետական կեանքը, իսկ կիները փակուած էին տուներուն մէջ:

Սաթենիկը կարողացաւ ամբողջ Թաւրիզի երիտասարդուհիներուն մէջ ազգային զգացումը արթննցնել եւ յեղափոխութեան գիտակցութիւնը խորացնել:

Սաթենիկը ամուսնացաւ Արղութեանի հետ, որը Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Պարսկաստանի դեսպան նշանակուեցաւ:

 

Մարիամ Մակարեան

(Մարօ) - Ծնած է Դերբենդ 1872-ին: 1894-ին մեկնած է Թաւրիզ իբրեւ ուսուցչուհի եւ յեղափոխական գործիչ, եռանդով աշխատած եւ ընտրուած՝ տեղական կոմիտէի անդամ: Մարօն մասնակից եղաւ սահմանագլուխ զէնք փոխադրելու գործին: Իր բնակարանի մէջ տեղադրուած էին Դաշնակցութեան զէնքի եւ զինամթերքի պահեստները:

Հռչակաւոր է Մարօ եւ Կարօ սիրային պատմութիւնը: Մարօ Կարոյին սիրեց եւ անձնասպան եղաւ Խանասորի արշաւանքի նախօրեակին, որպէսզի իր սիրած անձը պատերազմի դաշտ երթայ առանց կաշկանդումի:


Կիւլէն

Արաբոյի քոյրը, սուրհանդակի դեր ստանձնած էր Սասունի Բալակցներու շրջանին մէջ. վտանգաւոր առաքելութիւններ յանձն կ'առնէր կամ արթուն կը հսկէր որպէսզի կաշառքի կամ պաշտօնի խոստումներով մատնութիւն չկատարուէր: Ան կ կազմակերպեց գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կիներու խումբեր: Արաբօն 1893-ին կազմակերպեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան մարտական առաջին խումբը, որ Կարսէն դէպի Երկիր գնաց՝ Տարօնի յեղափոխութեան նուիրուելու համար, սակայն Արաբօն մատնուած նահատակուեցաւ Մշոյ դաշտը չհասած: Կիւլէն մեծապէս նպաստեց Սասունի հերոսական պայքարի ընթացքին:

 

Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան - (Ռուբինա) (1881-1971)

Ծնած է Թիֆլիս: Մեծ հայրն ու եղբայրը ռուսական բանակի բարձրաստիճեան սպաններ էին, իրենց շրջապատը ռուսախօս: Մինչեւ 18 տարեկան հայերէն խօսիլ, կարդալ, գրել չգիտէր: 1900-ին աւարտեց Թիֆլիսի Գիմնազիան եւ պաշտօնավարեց Պաքուի Գոլ Գրեստա Հոբթենթ անունով դպրոցի մէջ:

1890-ական թուականներուն, Պաքուն իր յեղափոխական ու ազգային մթնոլորտով խոր տպաւորութիւն թողեց Սոֆի Արէշեանի վրայ: Երիտասարդուհիին համար նոր աշխարհ բացուեցաւ, երբ ծանօթացաւ Քրիստափոր Միքայէլեանին, աոաջին անգամ լսեց թրքահայերու մասին եւ, այն մէկ կուսակցութեան, որ իր վրայ առած էր «Հայ Դատի» գործը: Սոֆի Արէշեանը ներկայացաւ Քրիստափոր Միքայէլեանին եւ պատրաստակամութիւն յայտեց «Սուրբ գործին» մասնակցելու՝ «Թերորը» Կարմիր Սուլթանի դէմ: 1904-ին գնաց Պերլին եւ անկէ ալ Աթէնք, ուր հաւաքուած էին Պատասխանատու Մարմնի անդամները, Քրիստափորի գլխաւորութեամբ: Անցագրի խնդիրը կարգադրուած էր: Ան ներկայացաւ որպէս դուստրը Սամուէլ Ֆայնի, (Քրիստափոր գերման-հրէական ծածկանունը) Ռուբինա Ֆայն ծածկանունով, որպէս Աւստրիացի այցելուներ, հայր ու աղջիկ նախ մեկնեցան Իզմիր, ապա Պոլիս: Ամէն Ուրբաթ միասին Եըլտըզ կ'երթային շրջապատը քննելու եւ ուսումնասիրելու «սելամլըքի» արարողութեան տեւողութիւնը: Ապա 1904-ին անցան Պուլկարիա ռումբերու փորձերը կատարելու համար: Բայց դժբախտաբար վերջին անյաջող փորձի հետեւանքով մահացան Քրիստափորը եւ Վռամշապուհը: Ռուբինան ուղղակի ցնցուեցաւ դէպքէն. երկու ամիս մնաց Ժընեւ շարունակելով մահափորձի ծրագիրը:

1928 Մայիս 28-ին Գահիրէի մէջ հիմնուեցաւ «Համազգային Կրթական եւ Հրատարակչական Ընկերակցութիիւն»ը, ուր Ռուբինան երկար տարիներ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց եւ եկամուտը յատկացուց Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին, մինչեւ որ կրթական հաստատութիւնը անկախ դարձաւ Փալանճեան կտակի շնորհիւ:

 

Սօսէ Վարդանեան (Սօսէ Մայրիկ) (1868-1953)

Ծնած է Նեմրութի մօտակայ Թողուտ գիւղի մէջ: Զաւակն է բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Ասուանտուրի: Շատ յաճախ իրենց հիւրը կը դառնար Խէչէենց Սերոբը, որու հայրենասիրութիւնը խթան էր Սօսէին համար, որ այդ մատղաշ տարիքին սիրահարուեցաւ իրեն եւ հետագային ալ ամուսնացաւ:

Սօսէն մինչեւ վերջ եղաւ իր ամուսնոյն գաղափարակիցն ու գործակիցը: Հաւատարիմ ու հաստատակամ քայլերով Սերոբի հետ Սասնոյ սարը բարձրացաւ Հայրենեաց Սուրբ գործին ծառայելու համար:

1899ին Սերոբը մատնութեամբ սպաննուեցաւ ծխախոտի թունաւորումով: Եւ երբ թշնամին գիւղը մտաւ՝ Սօսէն Սերոբի ձեռքէն ինկած հրացանը վերցուց ու շարունակեց կրակել: Կռիւի ընթացքին սպաննուեցաւ անոնց անդրանիկ զաւակը 18 ամեայ Յակոբը եւ Սերոբի երկու եղբայրները: Իսկ Սօսէն՝ արցունքները քարացած շարունակեց փամփուշտներու տարափը, մինչեւ իր վերջին ուժը, մինչեւ իր վիրաւորուելու պահը, երը փամփուշտը թափանցեց իր աջ բազուկի մկանի մէջ եւ մնաց այնտեղ մինչեւ իր կեանքի վերջը: Սօսէն մինչեւ վերջ սեւ հագաւ եւ իր մազերը սեւով ծածկեց: Սօսէն մահացաւ Աղէքսանդրիա 1953ին: Իր վերջին խօսքերն էին «Սերոբ կը կանչէ ինձ, իր մօտ կÿերթամ»: Հովանաւորութեամբ Հ. Օ. Մ.-ի Կենդրոնական Վարչութեան Մայիս 1998ի-ին Սօսէ Մայրիկի աճիւնը փոխադրուեցաւ Եռաբլուր, Հայաստան:

* * *

Յեղափոխութեան շրջանին, տեսանք թէ ինչպէս հայ յեղափոխական հայուհիները, ի՛նչ գերմարդկային ճիգ ու ջանք, ինչպիսի՛ նուիրում ցուցաբերեցին Հայրենեաց սիրոյ համար: Անոնք, կրթութեամբ եւ ուսուցչութեան միջոցով դաստիարակեցին հայ դեռահաս սերունդն ու կիները: Կազմակերպեցին միութիւններ, ուրկէ 1910-ին ծնունդ առաւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կարմիր Խաչի Կազմակերպութիւնը», հետագային այդ անունը փոփոխութեան ենթարկուելով՝ 1945-էն յետոյ կոչուեցաւ «Հայ Օգնութեան Միութիւն»:

Հայ յեղափոխական կիներու եւ աղջիկներու դերը եղաւ յեղափոխութեան նպատակը մշակել ապագայ յեղափոխական հայուհիներու ճանապարհին, արգիլուած յեղափոխական ու հայրենասիրական պատմութիւններն ու երգերը տարածեն եւ ազգային ոգին շեշտեն հայ ժողովուրդին մէջ: Անոնք քաջալերեցին ու խրախուսեցին հայ գիւղացին, որ տէր կանգնի իր պապենական օճախին, իր երկրին, իր պատիւին ու հաւատքին: Անսովոր այդ օրերուն աղջիկներու եւ կիներու խումբերը կազմեցին եւ յեղափոխական հոգիով անոնց հայրենի հողին ու ջուրին մօտեցուցին: Զէնքեր տեղափոխեցին կատարեալ գաղտնապահութեամբ ու քաջութեամբ: Իրենց տան մէջ ապաստան տուին հետապնդուող յեղափոխականներուն ու ֆետայիներուն: Հերոսավայել կռիւներ տարին ֆետայիներու կողքին եւ զոհուեցան հայրենիքին համար:

Փա՜ռք ու պատիւ անոնց յիշատակին: