Հայոց պատմութեան ուղին ճակատագրականօրէն փոփոխութեան ենթարկող փայլուն թուականի մը տարեդարձը կը տօնենք այս օրերուն։

Հիասթափութեան ու յուսալքումի պայմաններու մէջ էր հայ ժողովուրդը՝ Արեւմըտահայութեան մեծ մասի թալանումով, Հայկական Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք, երբ գերմարդկային կամքով հակադրուեցաւ թրքական բանակին եւ իրարու ետեւէն կերտեց անկախութեան յաղթանակի յատկանիշ դարձած՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերը:

Այսպէս կերտուեցաւ 95 տարիներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութիւնը, որ յաջողեցաւ երկուքուկէս տարուայ մէջ հիմը դնել մեր անկախ պետականութեան, դառնալ հայ ժողովուրդի ապագայի խարիսխն ու փրկութիւնը:

Մայիսեան անկախութեան 95ամեակի նշումը զուգադիպեցաւ Հայաստանի նախագահական ու Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ անոնց հետեւած տագնապալի քաղաքական մթնոլորտին, որոնք հիասթափութիւն ստեղծեցին երիտասարդ թէ աւելի երէց սերունդներուն մօտ, տեսնելով հայրենի հայութեան ներքին բեւեռացումը՝ մէկ կողմէ իշխանամէտ եւ բարեկեցիկ, իսկ միւս կողմէ ընդդիմադիր ու պահանջատէր:

Պարզ խօսք չէ ըսել թէ ինչպէս 95 տարիներ առաջ քաղաքական կամք դրսեւորուեցաւ հայ ժողովուրդին կողմէ եւ անկախ պետականութիւն ստեղծուեցաւ, դարձեալ հիմա, ներկայ պահուս, այնքան անհրաժեշտ քաղաքական ճշմարիտ կամքի կարիքը կայ, որ արդար հիմերու վրայ պիտի շարունակէ ձեւաւորել հայկական ընկերութիւնը:

Հայ մարդ չկայ որ չգիտակցի 95 տարիներ առաջ կերտուած անկախութեան արժէքին։ Արամ Մանուկեանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան սիրոյն տարուած պայքարով կերտուեցան Սարդարապատի յաղթական ռազմաճակատները։ Հաստատ գիտենք բոլորս թէ ի՛նչ եղած պիտի ըլլար մեր ապագան առանց այդ յաղթանակին: Ոչ Հայաստանի Հանրապետութիւն, ոչ հայ ժողովուրդ, ոչ պետականութիւն, ոչ ալ սփիւռք կ'ունենայինք, որովհետեւ տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի վերանկախացման երազով ապրեցաւ, ազնիւ գաղափարներ մշակեց   Հայաստանը ազատ եւ անկախ տեսնելու յոյսով միայն:

Եւ այդ յոյսերը վառ պահող ուժը միշտ ալ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եղաւ, որ հայ ժողովուրդին համար քաղաքական կամքի դրսեւորման վճռական բոլոր պահերուն եղած է ներկա՛յ ու վճռակամ, դիմագրաւելով բոլոր մարտահրաւէրները:

Բայց վտանգները չեն վերջացած։ Մեր առջեւ կանգնած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայկական կեցուածքները, որ կը փորձեն հարուածել հայութեան միասնականութիւնը, կամ հեղինակազրկել ու ստորադասել հայկական պետութիւնն ու հայութեան արդար դատը։ Սարտարապատեան ռազմաճակատները նոր յաղթանակներու կը սպասեն։ Եւ այդ յաղթանակները ճաշակած ենք բազմիցս, Հայ Դատի օրակարգէն ներս յաջողութիւններ արձանագրելով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներ ապահովելով, պահանջատիրական-իրաւական հետեւանքները հետապնդելով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացումը եւ իրաւական ճանաչման նոր օրինակին ականատես դառնալով։

Անցած են 95 տարիներ 28 Մայիս 1918էն։ Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազատ ու անկախ է: Մեր երկիրը շատ երիտասարդ է որպէս անկախ պետութիւն. դեռ ճամբայ ունի կտրելիք արդար եւ ժողովրդավար ընկերութեան մը կայացման գործին վրայ: Բացի այդ՝ առկայ կը շարունակեն մնալ այնքան շատ մարտահրաւէրներ Սփիւռքի եւ հայրենիքի, Ջաւախքի եւ Արեւմտահայաստանի բնագաւառներէն ներս, գերակայութեամբ Արցախի հիմնահարցի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման:

Մեր ներկայի ու ապագայ հրամայականները բանաձեւող, իրավիճակները բնութագրող հան- գրուաններու անդրադարձներ կը պարտադրեն տօնական թուականներու խմբագրական գրութիւնները: Մայիսեան անկախութեան 95ամեակի այս պարագային կ'արժէ առանձնացնել պարտական ոգին թօթափելու հայութեան վճռակամութեան կարեւոր ազդակը, որ եթէ 1918ին ներազգային սարդարապատեան միասնականութեամբ ձեւաւորուեցաւ, ապա այս օրերուն՝ ազգային պետականութեան հզօրացման եւ ազատ ու արդար ընկերութեան հաստատման սկզբունքներով յատկանշուած է:

Մենք կ'երթանք յառաջ:

«Ազատ Օր»ի մբագրական
Մայիս 24 2013