Ոչ մէկ օգուտ եւ արդիւնք կրնան ունենալ ընկերահամակրական զրոյցներու ընթացքին մեր ունեցած տրտունջները, հասցէագրուած կամ անհասցէ դժգոհութիւնները, եթէ անոնց չհետեւին նախաձեռնութիւններ եւ հաւաքական ճիգեր:
Եթէ իրապէս մտահոգուած ենք ազգային ներկայով եւ ապագայով, ճանապարհը պէտք է հարթել հասարակաց ոգեկանութեան եւ վերականգնումի:
Մէկէ աւելի խնդիրներ ունինք, որոնց կ՛անդրադառնանք, զանոնք կարելի չէ թաքցնել: Փոխանակ գոհանալու գործի չվերածուող քննադատութեամբ, կամ ապաստանելու համար բանգէտի ինքնամեկուսացման ոլորտին մէջ, խորհինք թէ ի՛նչ կրնանք ընել անհատաբար, հաւաքաբար, առանց սպասելու շռնդալից նախաձեռնութիւններ, որոնք այդպէս ալ կրնան մնալ ցնորքի սահմաններուն վրայ, կամ ըլլալ ծափի մէջ պայթած պղպջակ:
Բացարձակապէս կարեւոր չէ ազգի մեծ համարուածներուն սխալներու քննադատութիւնը: Եթէ անհատները, մէկ առ մէկ, դիմեն պզտիկ քայլերու, կացութիւնը վերականգնելու համար, (նման ընթացքը կը բնորոշուի քաղաքացիական ընդդիմութամբ կամ նախաձեռնութեամբ, երբ անհատները գումարուին) մեր ինքնութիւնը կը պահուի եւ իրաւունքներու հետապնդումը կ՛ըլլայ արդիւնաւոր:
Խօսինք պզտիկ համարուած քայլերու մասին, որոնց համար տիտղոսներ եւ հանգամանքներ անհրաժեշտ չեն, եթէ ունինք պճեղ մը ողջախոհութիւն:
Երբ մեր դրացին իր զաւակը հայկական վարժարանէն կը հանէ եւ օտար վարժարան կը ղրկէ, իր գիտցած-չգիտցած մանկավարժութենէն բխած (չ)իմաստութեամբ, իրեն կը խօսի՞նք իր ըրածին աղէտալի բնոյթին մասին: Ըսի‘ մեր դրացին: Վերնախաւին պատկանողին, այսինքն‘ ջոջին, որ իր զաւակը մեր դրացիին պէս օտար վարժարան կը ղրկէ, կ՛ըսե՞նք, որ այլեւս մեր վստահութիւնը չի վայելեր, նոյնիսկ եթէ եկեղեցի կամ դպրոցի պատ շինել կու տայ: Այսինքն կ՛ըսե՞նք, որ ինք ազգաքանդ ընթացքի մէջ է:
Երբ մարդիկ, կարծեցեալ արդիականութիւն խաղալու համար, հայերէն խօսքին մէջ, բանաւոր թէ գրաւոր, կը մտցնեն օտար բառեր, կը սրբագրե՞նք, կ՛ըսե՞նք, որ այդ բառերը հայերէնով կարելի է փոխարինել, անոնք ըլլան թրքերէնէ, արաբերէնէ, անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ, սպաներէնէ կամ այլ լեզուներէ փոխառութիւն: Այդ կեղծ արդիականութիւնը ազգի դանդաղ թունաւորումն է: Երեւոյթը ժանտախտի բնոյթ ունի Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), նպարավաճառէն մինչեւ գոյնզգոյն «դոկտոր»-ները: Այդ բառերը հազարաւոր են: Օր պիտի գայ, եթէ նահանջը այսպէս շարունակուի, որ հայերէն բառը խոշորացոյցով պիտի փնտռենք, պիտի դառնանք «ծագումով հայ» եւ այլեւս այդ ճիգն անգամ պիտի չընենք: Առանց խորհելու, որ կը վիրաւորենք, կը փորձե՞նք յիշեցնել եւ սրբագրել: Մեր կարգին, կը պատահի՞, որ բառարան բանանք օտար բառեր չգործածելու համար:
Մեր տունը հայերէն թերթ կը մտնէ՞, թէ՞ նահանջողի տրամաբանութեամբ կ՛ըսենք, որ արդէն այդ լուրերը կը լսենք հեռատեսիլէն կամ կը կարդանք օտարալեզու տեղական թերթերու մէջ: Եթէ մեր զաւակները ապրող իրականութիւնը չտեսնեն հայերէն թերթին մէջ, մենք չտեսնենք, ինչպէ՞ս պիտի ապահովենք մեր շարունակութիւնը: Հայերէն թերթը տուն բերել ճիգ չի պահանջեր, ճիգ չպահանջող յանձնառութիւն է: Նոյն գիծին վրայ, հայերէն գիրքը տուն կը բերե՞նք, որպէս մեր բազմադարեան ժառանգութեան ապացոյցը, որպէսզի նորերը օրինակի ճամբով հասկնան:
Մեր տուներուն մէջ կը հնչե՞ն հայկական հարազատ երգն ու երաժշտութիւնը, խօսքը չի վերաբերիր գինարբուքի եւ տակառային աղմուկի, որպէսզի մենք եւ նորերը ապրինք մեր տարբերութեան գիտակցութեամբ, փոխանակ այս մէկը կամ այն միւսը կապկելու: Այդքան ալ մեծ զոհողութիւն չի պահանջեր մեր յարկին տակ Կոմիտաս, Կանաչեան, Լուսինէ Զաքարեան, Արամ Խաչատուրեան, Աւետիսեան, Մանսուրեան եւ ուրիշներ լսել: Ինչո՞ւ ամէն օր քիչ մը պիտի չդարմանենք մեր շրջապատէն մեր հոգիներուն մէջ հոսող խորթութիւնները: Այս պզտիկ քայլերը արգելք չեն, որ Շոփեն եւ Պեթհովեն լսենք, ամերիկեան եւ ֆրանսական ժապաւէններ դիտենք, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի, սպանացի, արաբ, չինացի եւ այլ գրողներու գործերը կարդանք եւ գնահատենք, այդ ընել հարստացում է, բայց այդ հունով պէտք չէ ընթանալ ի հեճուկս մեր ինքնութիւնը կերտող սեփականի:
Այս պզտիկ քայլերը կատարելու համար ոչ վարժապետի ո՛չ կրօնականի, ո՛չ «դոկտոր»-ի եւ ո՛չ ալ ղեկավարի կարիք կայ:
Կարիք կայ պճեղ մը ողջախոհութեան եւ նոյնքան գիտակցուած ինքնութեամբ հպարտութեան, ոսկիէ եւ պերճ ինքնաշարժէ առաջ, ըսենք‘ կողքին:
Այսինքն՝ ունենալ հայկական քաղաքացիական ընդդիմութեան կամք: Այս ալ ըսել մեր դրացիին, եւ բոլոր անոնց որոնք մեր վստահութեան պէտք ունին ջոջութիւն խաղալու համար: Մեր լինելութեան ընթացքին տէր մնալ պզտիկ եւ յարատեւ քայլերով, որպէսզի օր մը չըսուի, թէ «ժամանակին հոս հայեր եղած են»:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ