Ո՞ր կողմի շահերը պիտի գերազանցեն այս պարագային 

Աշխարհի մէջ ուժանիւթի ապահովման եւ վաճառման հարցը թիւ 1 հետաքրքրութիւն հանդիսացող գլուխն է, մեծ թէ փոքր պետութիւններուն համար:

Այս ծիրէն ներս կայացան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի Պաքուի մէջ կատարած յարաբերութիւնները, Յունաստանի համար այսքան ճնշուած ընկերային-քաղաքական այս ժամանակահատուածին:

Յունական թերթերը խանդավառութեամբ եւ ծայրայեղ լաւատեսութեամբ կÿանդրադառնային նախարարի այցելութեան, որ ազերիներուն հին ծանօթ անձնաւորութիւն է արդէն 2005էն, երբ զբօսաշրջութեան նախարարի իր պաշտօնով դարձեալ Ատրպէյճանի շուկայէն ներս զբօսաշրջիկներ ապահովելու փնտռտուքի ելած էր: Ութ տարիներ ետք նախնական այդ կապերը այնքան զարգացան, որ տարեկան մի քանի առիթներով պետական այցելութիւններ կը փոխանակուին, իսկ արդէն Կիրակի 19 Մայիսին ծրագրուած է Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի միօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը Պաքու:

Յունաստանի դիմագրաւած ծանր տնտեսական վիճակը հակառակ մեղմացած ըլլալու պետական հաւաստիացումներուն, օրէ օր աւելի ճնշիչ իր երեսը ցոյց կուտայ երկրի քաղաքացիներուն: Այս ճնշումներուն առընթեր բազմաթիւ ու բազմակողմանի են քաղաքական ճնշումները եւս որոնց կ'ենթարկուի երկիրը: Հեռու չ'երթանք: Գործազրկութեամբ հարուածուած եւ միջազգային շուկաներէն դուրս մնացած երկրին համար շատ ալ ելքեր գոյութիւն չունին ներկայ պահուս, որքան ալ Եւրոպական «եռեակի» արտօնութեամբ վարկեր փոխանցուին երկրի պետական եւ դրամատնային կարիքներուն համար: Վեց ամիս յետոյ, Յունուար 2014ին, Յունաստան պիտի ստանձնէ Եւրոպական Միութեան առաջին վեցամսեակի նախագահութիւնը, Ատրպէյճանի համար Եւրոպական Միութեան մօտենալու հրաշալի առիթ մը ստեղծելով:

Արդէն փորձ կը կատարուի բարձրագոյն մակարդակի վրայ պահել երկկողմանի յարաբերութիւնները Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Համաձայնագիրներու թիւ մը կայ, որ ստորագրուած ու վաւերացուած է. այդ համաձայնութիւնները հիմք պիտի հանդիսանան հետագայ յարաբերութիւններու զարգացման, սկսելով տնտեսական բնագաւառէն բայց հասնելով անպայման՝ քաղաքականի: Որովհետեւ Ատրպէյճան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Յունաստանի պէս երկրի մը զօրակցութիւնը վայելէ. ներդրումներ պիտի կատարէ, գործեր պիտի հայթայթէ, նաֆթի խողովակաշարերու ճանապարհներու հեռանկարները առաջ պիտի տանի... բայց ոչ առանց փոխադարձութեան։

Ուշագրաւ է նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի յայտարարութիւնը թէ «Յունաստան լրիւ կը զօրակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան»: Յոյն նախարարը Պաքուի մէջ քննադատած էր նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի աշխատանքը՝ «անարդիւնաբեր» բնորոշելով այն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ, անշուշտ նոյն պահուն համոզում ու կառչածութիւն յայտնելով վէճերու խաղաղ կարգաւորման ճանապարհին, միջազգային իրաւունքի եւ ազգերու ինքնիշխանութեան հիմնարար սկզբունքներու հիմամբ...

Պարզ տրամաբանութիւնը շատ մը ենթադրութիւններու առիթ կուտայ այս հարցերով: Անադոլ Ֆրանս դիպուկ խօսքերով կ'ըսէր թէ «ապագան մենք կը ստեղծենք։ Եթէ այդ ողբերգական է, ապա այդ մեր մեղքն է»: Յունաստանի պէս ծայր աստիճան ժողովրդավար եւ մարդոց ու քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպան հանդիսացող երկրի պարագային, պէտք է ըսել թէ անհարազատ կը թուի այս յարաբերութիւններու զարգացումը՝ ոչինչ նման ունեցող երկու ազգերուն միջեւ: Աւելի՛ն, յոյն ժողովուրդը հարիւրամեակներու ընթացքին ճնշած ու իր պատմութեան սեւ էջերուն պատճառ դարձած թուրքի եղբայր՝ ազերիներուն հետ։ Մանաւանդ, երբ տխուր ու ձախաւէր լրագրական հրապարակումներով կը փորձուի յոյն եւ ազերի ազգերու «դարաւոր եղբայրութիւնը յատկանշող» նմանութիւններ գտնել ...ոչինչէն։ Արդեօք յիշեցումի կարիքը կա՞յ հայ-յունական դարաւոր իսկակա՛ն կապերու ու երկու ազգերու բարեկամական ու մշակութային բարձր յարաբերութիւններու մասին։

Հռիփսիմէ