Օդանաւը Փարիզէն թռիչք առաւ կէսօրը անց: Երեկոյեան կը գտնուէինք  լուսազարդ Երեւանի վրայ:
Հովը արգելք էր անմիջապէս էջք կատարելու եւ շրջան ըրինք երկինքին մէջ: Վերջապէս «Զուարթնոց» էինք: Մուտքի արտօնութեան կարիք չկար, «ֆրանսահպատակ» էինք:
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ այդ արտօնութեան կարիք չըլլար աշխարհի չորս ծագերէն

եկող «Հայեր»ուն համար, «Հայ» ըլլալ բաւարար ըլլար որպէս անցագիր: «Մատենադարան»ի դրացնութեամբ կը գտնուէր հիւրանոցը:
Խորհրդանիշ: Անցեալը՝ որ կը մոռցնէր մարմարեայ ապարանքները եւ ադամանդակուռ գոհարեղէնները քաղքենիացածներու եւ կը շնչաւորէր ներկան հարազատ ինքնութեամբ, եթէ պատկերէն աւելին տեսնելու հոգեկան ուժ ունենանք:
Եկած էինք, որովհետեւ «Համազգային»ը, հրավառութիւններէ տարբեր նպատակով, գիրի ու գիրքի մարդիկ պիտի խմբէր «Մատենադարան»եան լոյսով հարցերու մասին խօսելու:
Արդի Հայ Գրական արձակի խնդիրները… Այդպէս էր նիւթը, միւս բոլոր կրկնուող «նիւթեր»էն տարբեր: Այսինքն՝ հայերէն գիր-գրականութեան ժամանակակից արտայայտութիւնը միասնաբար պիտի տեսնէին մարդիկ: Միամտաբար դեռ հաւատացողներ կան հոգիի եւ ոգիի: Ըսէին թէ ի՞նչ կար, ի՞նչ պէտք էր ընել:
Երեւանի Պետական Համալսարանի տպաւորիչ դահլիճ: Գրողներ եւ ուսանողներ: Ազգի շնչերակները: Եկած էին գիր-գրականութիւն լսելու եւ վաղը՝ տեւելու:
Յիշեցի, որ տարիներ առաջ, Լոս Անճըլըսի մէջ, փարթամ ճաշի մը ընթացքին, տիկին մը ըսած էր.
- Լոս Անճըլըսի «քրեմ»ը հոս է:
Այդ տիկնոջ «քրեմ»ը քսակային էր:
Եւ քանի որ այլեւս քիչեր միտքը կը համարեն «քրեմ», մտածեցի որ այդ դահլիճին մէջ կը գտնուէր ազգի ներկայի եւ ապագայի «քրեմ»ը: Եթէ ըսեմ ո՞վ պիտի լսէ եւ պիտի հաւատայ: Հայ կեանքի տարբեր որակը, տոկալու եւ տեւելու որակը հոն էր, որ համահայկական հոսանքի չի վերածուիր, ե՛ւ հոս ե՛ւ հոսկէ դուրս:
Կարդացուեցան զեկուցումներ: Անհեթեթ է ըսուածները ամփոփել եւ որպէս տեղեկութիւն հաղորդել: «Համազգային»ը զանոնք պիտի հրատարակէ առանձին հատորով մը: Յաջորդ ամբողջ օրը, իրապէս քննարկումի եղանակով խօսուեցաւ հարցերու եւ հեղինակներու մասին, այս անգամ Ծաղկաձորի Գրողներու տան մէջ:
Հետաքրքրական էր տեսնել միաժամանակ գրողները եւ զանոնք ներկայացնողները: Առաջինները սփինքսի պէս նստած լուռ կը լսէին: Այս անգամ անոնք էին իրական «քրեմ»ը:
Աւարտին, յայտնեցի որ «Բագին»ը նախատեսած է, իր յիսնամեակին առիթով, նման հանդիպում մը, գրեթէ նոյն հարցերով: Շատեր փափաքեցան ներկայ ըլլալ:
«Համազգային»ի երեւանեան գրասենեակը անթերի կերպով կազմակերպած էր երկու օրերու այս հանդիպումը: Անհրաժեշտ կը համարեմ նշել, որ արտայայտութիւնները եղան անկաշկանդ:
Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ հնարաւոր է, որ տրուած զեկուցումներուն հետ հրատարակուին նաեւ տեսակէտներու փոխանակութիւնները, որոնք այլապէս հետաքրքրական էին:
Երկու օր գիր-գրականութիւն: Ոչ «բիզնես», ոչ «տուրիզմ»:
Հիւրանոցէն փոխադրուեցանք բնակարան մը:
Այցելութիւններ:
«Բագին»ի աշխատակիցներէն Միհրան Մինասեան Հալէպէն փոխադրուած է Երեւան եւ կը շարունակէ արխիւներու մէջ թաղուիլ, այսինքն պեղել մեր անցեալի անյայտ անկիւնները: Լուռ բայց երախտաշատ աշխատանք մը, առանց ծափ ու ծնծղայի: Խօսուեցաւ հետաքրքրական եւ չհրապարակուած արխիւներու մասին: Խոստացաւ երբեմն այդ արխիւները տրամադրել «Բագին»ի:
«Բագին»ի ուրիշ աշխատակից մը, Երեւանէն, գրող, բանասէր, արուեստագէտ մը, Արթուր Անդրանիկեան, «Իսահակեան»ի անուան Հանրային գրադարանին մէջ գեղանկարչական ցուցահանդէս ունէր: Տպաւորապաշտ ուշագրաւ կտաւներ կային, գոյներու եւ գիծերու համանուագ մը: Զրուցեցինք: Հետաքրքրական էր իմանալ, որ բանաստեղծութիւն, գրականութիւն կÿառընչուէին, եւ ինք կÿանցնէր մէկէն միւսին:
Առաւօտ մը, վաղեմի ընկերոջ մը, Սերոբ Մանուկեանի շիրիմին առջեւ պուտ մը աղօթքի գացինք: Հաւատաւոր մը, որ անմար մնացած երազի մը հպատակելով, իր կեանքի վերջին տարիները միացաւ իր «հայրենիք սիրուհիին», ինչպէս կÿըսէր, մինչ ուրիշներ ապահարզան կÿընէին:
Հեռացած էինք քաղաքի կեդրոնական թաղերէն: Հոն քաղաքաշինական եւ յառաջդիմութեան ալիքը չէր հասած, չեմ գիտեր ո՞ր տասնամեակին կեանքը կանգ առած էր քալելէ: Կարծէք պատերազմը նոր աւարտած էր հոս եւ Երեւանի Հիւսիսային պողոտան Հոնոլիւլիւի չափ հեռու էր:
Երեւանի Հիւսիսային պողոտան տեւաբար եռուզեռի մէջ էր, գիշեր ըլլար թէ ցերեկ: Սրճարանները, օտար անուններով, դատարկ չէին, ուր Լաս Վեկասի յատուկ խճողում եւ աղմուկ կար: Գիշերը, լուսազարդուած փողոցներուն հետ հակապատկեր կը կազմէին Հիւսիսային պողոտայի գեղակառոյց շէնքերուն յարկերը, ուր հազուադէպ էին լուսաւոր սենեակները: Գնուած էին եւ բնակիչ չունէին:
Երեւանի մէջ բնակարաններու առուծախի իրարանցում կար: Ոմանք կը ծախէին այլ տեղ բնակելու համար, ուրիշներ կը ծախէին գաղթելու համար: Ո՞ւր երթալու համար, ո՞ր երազներով:
Ֆրանասահայեր, Ամերիկահայեր եւ այլ երկինքներու տակ ապրողներ տուներ ունէին, զգացական արձակուրդի կամ թոշակառուի կեանքի համար:
Ծիծեռնակաբերդի շրջափակին մէջ ցեղասպանութեան թանգարանը տպաւորիչ է, համալիրի կառուցումները կը շարունակուին: Աշխարհի բազմանուն ղեկավարներ հոն իրենց ուխտաւորի ծառերը տնկած են, իսկ երազող Հայեր դեռ  կը սպասեն որ իրենք ծառատունկ կատարեն իրենց բռնագրաւուած-ազատագրուած հայրենիքին մէջ, Մուշ եւ Սասուն, Վան, Կարս եւ Բաղէշ…
Ինչպէ՞ս կարելի է Երեւան գալ, եւ չտեսնել, որ հակառակ ամէն կարգի դժուարութիւններու, հաւատաւոր Հայեր վառ կը պահեն հայ թատրոնի լոյսերը: Շատեր «Վերնիսաժ» կոչուած շուկան կը թափառին յիշատակի իր մը գնելու համար, իսկ կողքի «Հենրիկ Մալեան»ի թատերասրահը չեն տեսներ, կարծէք ան  այլամոլորակայիններու աշխարհ է: Գացինք կատարեալի ձգտող խաղ դիտելու եւ Թումանեան լսելու:
Վերջապէս, տարիներու տեղատուութենէ ետք, լոյսի լուսաւոր տաղաւար մը բացուած է Բաղրամեան պողոտայի սկիզբը, Գրողներու տան առջեւ, Գրողներու Միութեան նախաձեռնութեամբ ԳՐԱՏՈՒՆ մը սկսած է գործել, ուր լուսանկարուելէ տարբեր տենչ ունեցող Հայը կը գտնէ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔ, որուն համար «Համազգային»ը գիր-գրականութեամբ տագնապողներ խմբած էր:
Եթէ ամէն մէկ հայ տարին մէկ գիրք գնէր… Երեւակայեցէ՛ք թէ ինչ կÿըլլար հայ գրական արտադրութիւնը… Երբեմն այս որակի հաշուապահութիւնը պէտք է ընել, ըսել եւ կրկնել…
Եթէ այդ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹը քիչ մը աւելի ընդարձակ ըլլար, կÿարժէր նիստ մըն ալ հոն գումարել, որպէսզի անցորդներ տեսնէին եւ անոնց հետաքրքրութիւնը արթըննար: Թերեւս հայերէն գիրքը այդ ձեւով կը վերադառնար Հայոց տուները:
Արգիլուած չէ երազել, նոյնիսկ երբ լսողներ եւ ընթերցողներ կը շարունակեն յարաճուն կերպով բացակայ բաժանորդներու ցանկին վրայ արձանագրուիլ: Ներկաները արձանագրել աւելի դիւրին է:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ