Ո՛չ կարգախօս է, ո՛չ ալ՝ դասախօսութեան մը ընթացքին արտասանուած հռետորական ճառ մը, այլ տասնինը պատանի-երիտասարդներու խանդավառ ներկայացումը՝ հայկական ժողովրդական երգի մը ընդմէջէն:
Երգը արհեստավարժ ու մասնագիտացած երգչախումբի ելոյթի մը ընթացքին հնչած կտոր մը չէ, այլ՝ Աթէնքի Ազգային Ճենազեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին մատուցուած ներկայացում մը:


22 Յունիս 2011: Թէեւ շարք մը հայկական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն ներկայ գտնուած եմ՝  նկատի ունենալով լիբանանահայ մեր կրթական  հսկայ ցանցը, բայց այս  հանդէսը տարբեր էր: Արդարեւ, սփիւռքի այս օճախին մէջ, որ ունի իր ուրոյն պայմանները, սէր եւ գոհունակութիւն կ՛արտացոլան, նաեւ՝ խոստում եւ նուիրում այն տասնինը պատանի-երիտասարդներու հնչեցուցած երգին ընդմէջէն, որ անոնք սորված էին տարիներու ընթացքին, յատկապէս՝ միջնակարգի մէջ, թէ՝ «միշտ էլ հայ կը մնանք»:
Յունահայ գաղութն ալ ունի իր պատմութիւնը, որուն ընթացքին ան արձանագրած է նուաճումներ, նաեւ՝ երեւի յուսախաբութիւն, որ սփիւռքահայ մեր կեանքի մեծ խճանկարին մէկ «հասարակ յայտարարն է». ձեռք  բերել նուաճումներ՝ անպայմանօրէն յուսախաբութեանց ընդմէջէն…: Յունահայ գաղութին պատմութիւնն ալ տարբեր չէ. մօտաւորապէս տասը հազար հաշուող յունահայ գաղութը այսօր իր  մէջ կը ներառէ մեծ թիւով Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներ: Թէեւ անոնց թիւին նկատմամբ որոշ անորոշութիւն մը կայ, բայց իրողութիւն է, որ այսօր անոնք կը կազմեն պատկառելի թիւ մը՝ հասնելով քառասուն հազարի: Եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւն, մամուլ, մշակութային եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններ՝ իւրաքանչիւր միաւոր քով-քովի կու գայ, թէկուզ դժուարութեամբ կազմելու համար  հայուն սփիւռքեան տարրերու մեծ օղակը՝ հայապահպա-նումի ծառայող եւ մեծ զոհողութիւններով մղուած պայքարին օժանդակող: Այս զոհողութեան մէկ փոքր մասը Ճենազեան վարժարանի ամավերջի հանդէսին արտացոլաց: Երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, կարդացին եւ արտայայտուեցան՝ մերթ յունարէն, մերթ մայրենի լեզուով, որուն հնչիւնաբանութեան մէջ կար յունարէնի դրոշմն ու եղանակը, նմանօրինակ պատկերի կը հանդիպինք մեր սփիւռքահայ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ հասակ նետած պատանիին ու երիտասարդին մօտ: Նոյն այդ իրականութեան մէջէն կու գար հպարտութիւն մը, թէ սորված էին ինքնութիւնը՝ իր ազգային-քրիստոնէական եւ մշակութային պատկանելիութեամբ:
Հոս կ՛երեւի զոհողութեան «փոքր իրականութիւնը»… Խորէն եպս. Տողրամաճեան, որ յունահայ թեմի առաջնորդն է, իր հազարումէկ պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութեան կողքին, ստանձնած է նաեւ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցումը Ճենազեան վարժարանին մէջ, ուրկէ հայերէնի դասատուին անակնկալ հրաժարումը  «խուճապ» մը ստեղծած է: Սրբազան հայրը վերցուցած է այդ «քաղցր լուծը», որպէսզի տասնինը հայորդիներ չկորսնցնեն ազգային աւանդ եւ աւանդին համար իրենց կեանքերուն նուիրական առաքելութիւնը:
Բայց կայ աւելին… Սրբազան հօր «Հուսք բանքը» եթէ մէկ կողմէն քաջալերել էր տասնինը աշակերտները՝ հաւատարիմ մնալու իրենց սորվածին, միւս կողմէն՝ այդ պատանիները յառաջիկայ տարի իր մօտ հրաւիրէր, որպէսզի աւելիով կարելի ըլլայ ամրապնդել իրենց սորվածները, զորս արտայայ-տեցին 22 Յունիս 2011-ին:
Եթէ քաղաքական-տնտեսական վիճակը աշխարհի տարածքին կը ճնշէ իւրաքանչիւր անհատի վրայ, Յունաստան կ՛ապրի այդ բոլորը եւ քիչ մըն ալ աւելի: Տընտեսական եւ ընկերային վիճակը ծանր կը կշռէ երկրին վրայ՝ ստեղծելով յուսահատական մթնոլորտ մը, որուն ընդմէջէն պէտք է նաւարկել, ներառեալ՝ ազգային, կրթական, եկեղեցական եւ բարեսիրական իւրաքանչիւր կառոյց: Յունահայ գաղութն ալ, յար ու նման շատ մը հայկական այլ գաղութներու, կ՛ապրի իր «ճգնաժամը» երկրին մէջ ստեղծուած պայմաններուն բերումով:
«Այս օրերուն մեր ազգային կառոյցները պահելը բաւական դժուար գործ մըն է», յայտարարեց Գեղամ Եաղճեանը, որ գաղութին Ազգային - թեմական ժողովին ատենապետութեան ծանր պատասխանատուութիւնը ստանձնած է: «Ճիշդ է,- ըսի իրեն,- քիչ մը ամէն տեղ եւ իւրաքանչիւր գաղութի պարագային՝ մեր ազգային կեանքի գնացքը բարձր զառիվերի մը վրայ է»: «Ուրիշ ելք չկայ,- ըսաւ Գ. Եաղճեան.- պէտք է բարձրանալ այդ զառիվերը»:
Եւ հայուն այս «զառիվեր» ճամբան է, որ քիչ մը ամէն տեղ, թերեւս տարբեր ընթացքով, բայց նոյն հիմնահարցերով ճամբայ ելած  է բարձրանալու. այդ հիմնահարցերուն հիմնականն ու հրատապը կառչած մնալ է ժողովրդական երգին բառերուն, թէ՝ «… Մենք միշտ էլ հայ կը մնանք»:
Պիտի՛ մնանք…
Եթէ պիտի մնանք, ուրեմն մեր ազգային կեանքերուն այս «զառիվերի» ճամբու գնացքին մէջ դասալիք չենք կրնար ըլլալ: Այս գնացքին մէջ կան «մեծ» ու «փոքր» զոհողութիւններ, որոնք պիտի գան մեր տուներէն, եկեղեցիներէն, դպրոցներէն… հո՛ն, ուր ուժերը կը հաւաքուին, կ՛ամբարուին եւ կը դարբնուին, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ միշտ «հայ մնայ»: Մեր ընտանեկան դաստիարակութեան զարգացումները պէտք է վերանայիլ՝ մեկնելով այս հիմնահարցին ստեղծած պայքարի պրիսմակէն:
Մեր հաւաքական կեանքերու վերակազմակերպումը պէտք է ուղղուի նոյն այս հիմնահարցին համար  տարուած եւ տարուելիք աշխատանքներուն յաջողութեան համար. այս վերջինը՝ առանց խտրութեան եւ տարբերութեան: Իւրաքանչիւր հայ իր անկիւնին մէջ իր տեղն ու դիրքը ունի, եւ անհրաժեշտ է այդ տեղին ու դիրքին հոգալ ու պահել զանոնք:
Ճենազեան ազգային միջնակարգ վարժարանի տասնինը հայորդիները բարձրաձայն եւ հպարտութեամբ արտասանեցին, թէ՝ «… Միշտ էլ հայ կը մնանք»: Այս իրականութիւն մըն է, որ կերտուեցաւ զոհողութեամբ՝ ըլլայ այդ «մեծ» եւ կամ «փոքր»… Այս իրականութիւնը պէտք է շարունակուի եւ պիտի շարունակուի՝ հո՛ս թէ հոն, իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, իւրաքանչիւր հայորդիի մէջ, որպէսզի «հայ  մնանք»:
Մեր ազգային-հասարակական կեանքին ընթացքը իր այս «զառիվեր» ճամբուն վրայ եւ ճանապարհորդութեան մէջ երբեք դիւրին չէ…

Բայց՝ «ուրիշ ճամբայ չկայ»,
Եթէ «մենք միշտ էլ հայ (կը) պիտի՛ մնանք…»

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ