Կը շարունակենք հրատարակումը Կիպրոսէն տիկին Ազնիւ Պալատունիի «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան:
Հոս տեղ գտած են մօտ 2.500 մականուն-ազգանուններ, որոնց 1.600ի իմաստն ու ծագումը կարելի եղած է գտնել: Կան տեսակաւոր, ընդհանրապէս տեղանուն, արհեստ, կենդանիներու անուններ կամ մարմնական թերութիւն մը ցոյց տուող անուններ, ինչպէս նաեւ որոշ անվայել (կամ ամօթալի) մականուններ:
Կը շարունակենք «Արհեստներ, զանազան զբաղումներու անուններ» գլուխին տակ տեղ գտած անուններու շարքը:
Մականուն Զբաղում
Թելլլեան մունետիկ
Թերզեան դերձակ
Թերզիպաշեան գլխաւոր դերձակ, վարպետ դերձակ
Թերճիմանեան թարգմանիչ
Թէմիզճեան մաքրող
Թէնէքէճեան թիթեղագործ
Թէքէրճեան անիւ շինող կամ շտկող
Թիւթիւնճեան ծխախոտ մշակող կամ ծախող
Թիւճարեան, Թիւճճարեան վաճառական
Թիւֆէնքճեան հրացանագործ, զինագործ
Թուլումճեան տիկ շինող
Թուլումպաճեան ջրհան գործիք աշխատցնող, ջրհանկիր, հրշէջ
Թուղլաճեան աղիւս շինող
Թունճեան անագապղինձով զբաղող
Թունճպոյաճեան անագապղինձ ներկող
Թոքմաքճեան թակ, դռնահար, կոչնակի լեզուակ շինող
Թրփանճեան, Թուրփանճեան գերանդի շինող
Թօզճեան փոշի առնող
Թօփճեան թնդանօդաձիգ՝ զինուոր
Իլանճեան ծանուցում, յայտարարութիւն ընող
Իպրիքճեան, Իփրիքճեան բարակ վիզով մետաղեայ փոքր կուժ շինող կամ ծախող
Իսբիրեան ձիապան, ձի դարմանող
Իւզպաշեան, Եիւզպաշեան հարիւրապետ
Իւթիւճեան արդուկող
Իփճեան չուան, պարան, առասան շինող
Լամպաճեան լապտեր, կանթեղ շինող
Լիւլէճեան խողովակ շինող (կաւէ կամ թիթեղէ)
Լէփլէպիճեան խարկուած սիսեռ ծախող
Խանամիրեան Իջեւանի պետ, հրամայող
Խանճեան Իջեւան, օթեւան բանեցնող, պանդոկապետ
Խանճիխանեան իջեւանի տէր
Խոշաֆճեան չոր պտուղէ ջրոտ մրգանոյշ շինող
Կէմճեան պախուրց (ձիուն բերնի երկաթը շինող)
Կէօնճեան կաշեգործ, կաշեվաճառ
Հալլաճեան, Հալաճեան գզիչ, բուրդ գզող, լպուտ
Համալեան բեռնակիր
Համամճեան բաղնեպան
Հանճեան իջեւան բանեցնող, պանդոկապետ
Հասըրճեան փսիաթ, խսիր շինող
Հարմանճեան ցորենի կասիչ, կալապետ
Հաքէմեան իրաւարար
Հաքվերտեան, Հախվերտեան իրաւունք տուող
Հաքիմեան դատաւոր
Հէլվաճեան հրուշակ շինող
Հէքիմեան բժիշկ
Ճամճեան ապակեգործ, ապակի ծախող
Ճամպազեան լարախաղաց, աչքը բաց
Ճելլատեան դահիճ
Ճերահեան վիրաբոյժ
Ճէպէճեան զինագործ
Ճէվահիրճեան գոհարավաճառ
Ճէրէճեան կաւէ կուժ, սափոր, աման շինող
Ճիզմէճեան մոյկ շինող
Մալճեան արջառ, տաւար, ինչք, ապրանք
Մահլէպճեան մահլլէպի շինող (կաթնեղէնի տեսակ)
Մանավեան պտղավաճառ, բանջարավաճառ
Մանկալճեան կրակարան շինող
Մանտալճեան փռուած լաթերը հաստատուն բռնող փոքր ունելի շինող
Մաշլախճեան անթեւ վերարկու կարող, որ հին ատեն կը գործածուէր
Մատէնճեան հանքագործ
Մաքասճեան մկրատ շինող կամ սրող
Մենզիլճեան իջեւան պահող
Մզրաքճեան նիզակ շինող
Մէյխանաճեան, Մէյխանէճեան գինեպան
Միլլէթպաշեան ազգին մեծը, ազգապետ
Միւտիւրեան տնօրէն, տեսուչ
Մխճեան գամ շինող
Մութաֆեան ջուլհակ, այծի բուրդէ բալան շինող
Մուխթարեան թաղապետ
Նագգաշեան նկարիչ, որմնանկարիչ, զարդանկարիչ
Նազիրեան նախարար (հին անուն), նաեւ նայող կը նշանակէ
Նալչաճեան կօշիկի տակ դրուող երկաթը շինող
Նալպանդեան, Նալպանտեան պայտ գամող, պայտահար
Նաճարեան ատաղձագործ
Նարկիլէճեան կլկլակ շինող կամ ծախող
Շալճեան հնդկական ազնիւ կերպասէ վզնոց, ուսանոց շինող
Շալվարճեան անդրավարտիք շինող
Շահիթճեան, Շահիտճեան վկայութիւն տուող, վկայ
Շամտանճեան աշտանակ շինող
Շերիտճեան ժապաւէն, երիզ շինող
Շէրպէթճեան օշարակ շինող
Շէքէրճեան շաքար ծախող կամ շինող
Շիրէճեան թանձր շաքարաջուր պատրաստող
Ունճեան ալիւր ծախող կամ պատրաստող
Չալկըճեան նուագածու, երաժիշտ
Չամաշըրճեան լուացարարուհի
Չամուրճեան ցեխ շինող
Չամքէրթէնեան մայրիի ծառ քերթող
Չայիրճեան խոտ մշակող, մարգագետին, դալարիք
Չանաքճեան կաւագործ, կաւէ պնակ շինող
Չավուշեան յիսնապետ
Չատըրճեան վրան շինող
Չարըքճեան ամառնային կօշիկի տեսակ, բաց սանտալ, տրեխ շինող
Չարչիեան, Չէրչիեան, Չէրչեան փերեզակ
Չափարեան լրաբեր, սուրհանդակ, նամակաբեր