Կը շարունակենք հրատարակումը Կիպրոսէն տիկին Ազնիւ Պալատունիի «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան:
Հոս տեղ գտած են մօտ 2.500 մականուն-ազգանուններ, որոնց 1.600ի իմաստն ու ծագումը կարելի եղած է գտնել: Կան տեսակաւոր, ընդհանրապէս տեղանուն, արհեստ, կենդանիներու անուններ կամ մարմնական թերութիւն մը ցոյց տուող անուններ, ինչպէս նաեւ որոշ անվայել (կամ ամօթալի) մականուններ:
Այսօր կ'աւարտենք «Ծննդավայրերու եւ բնակավայրերու անուններ» գլուխին տակ տեղ գտած անունները եւ կը շարունակենք «Զանազան արհեստներու եւ տարբեր զբաղումներու» անուններով:
Մականուն Տեղանուն (Շրջան)
Օզանեան Ozan (Yozgat)
Օսմանեան Osmaniye
Օսմանճեան Osmancik (Corum, Konya)
Օվայեան Ova (Antalya)
Օրմանեան Ormanli (Zonguldak)
Օրտուեան Ordu
Ֆէքէեան Feke (Adana)
Ֆընտըքեան Findik (Sirnak)
Ֆընտըքլեան Findikli (Rize, Trabzon)
Մականուն Զբաղում
Ալպոյաճեան ներկարար
Աղախանեան իջեւանի պատասխանատու
Ամիրեան հրամայող, պետ
Ամիրխանեան իջեւանի պատասխանատու
Այնէճեան կամ Այնաճեան հայելի շինող
Այվազեան սպասաւոր (հին ապարանքներու մէջ աշխատող)
Այրանճեան թան շինող կամ ծախող
Աշըգեան կամ Աշըքեան բանաստեղծ, սիրահար
Աղճեան խոհարար
Աշուրմաճեան կամ Ասուրմաճեան արմտիքով եւ չամիչով պատրաստուած անուշեղէն շինող-ծախող
Ապաճեան կոշտ կերպաս շինող
Ասթարճեան ասթար, զգեստի ներքին կտաւը ծախող
Ավճեան կամ Աւճեան որսորդ
Արապաճեան կառապան
Արըճեան մեղուաբոյծ
Արփաճեան գարի ցանող-ծախող
Բալանճեան համետ շինող
Բիտէճեան կամ Պիտէճեան շօթ, տափակ հաց շինող
Գազազեան, Գազէզեան մետաքսավաճառ, մետաքսի գործարանատէր
Գազանճեան կաթսայ, ջեռոց շինող
Գանթարճեան վակոններով վայրաշարժը քշող
Գաթըրճեան ջորեպան, ջորիով զբաղող
Գալայճեան կլայագործ
Գալբաքճեան կամ Գալփաքճեան մորթէ գլխանոց (գլխարկ) շինող
Գալէմճեան մատիտ, գրիչ, գալէմճի=գրող
Գալըբճեան կամ Գալըպճեան կաղապարող
Գալֆայեան բանուորապետ, գործին բաւական հմուտ աշխատաւոր
Գահֆէճեան կամ Քահֆէճեան սրճեփ
Գամպէրեան հաւատարիմ ծառայ
Գայաճեան ժայռ կտրող
Գաըքճեան կամ Քայըքճեան նաւավար
Գայթանճեան բամպակէ կամ դերձանէ չուան շինող
Գանթարճեան կշռող, կշիռքի չափ մը
Գանոնճեան գանոն նուագող
Գաշըքճեան դգալ շինող, ծախող
Գասապեան, Քասաբեան մսագործ, մսավաճառ Գասթարճեան ճերմկցնող
Գասնագճեան կարկահի փայտէ շրջանակ շինող
Գատեհճեան խմիչքի գաւաթ ծախող
Գատըեան իսլամ դատաւոր
Գարեօլաճեան փայտէ կամ երկաթէ մահճակալ շինող, ծախող
Գարթունեան կամ Քարթունեան ծաղրանկարիչ
Գարիճանեան կարդացող
Գաւուքճեան կամ Քաւուքճեան գլխանոց շինող, որուն փաթթոց կ'անընէին
Գափամաճեան կերակուրի տեսակ
Գափարաճեան երաշխաւոր
Գաֆէսճեան կամ Քաֆէսճեան վարդակագործ
Գեմանճեան ջութակ նուագող
Գըլըճեան կամ Գըլընճեան սուր, սուսեր, թուր
Գիւլխանճեան կամ Քիւլհանճեան հասարակաց բաղնիքներու հնոցը վառող
Գոլանճեան թամբակալ, համետի փոկ շինող
Գութուճեան, կամ Քութուճեան տուփ շինող
Գույումճեան ոսկերիչ
Գույումճուպաշեան գլխաւոր ոսկերիչ
Գունտուրաճեան կօշկակար
Գուշակճեան մէջքի բուրդէ կամ բամպակէ փաթթոց, գօտի շինող
Եազըճեան գրագիր
Եազմաճեան ձեռքով տպուած լաչակ պատրաստող
Եաղճեան իւղավաճառ, մեքենայ իւղոտող
Եավէրեան թիկնապահ
Եափըճեան կամ Եափուճեան կառուցող, շէնք շինող, աւելի շինիչ իմաստով կը գործածուի
Եէմէնէճեան, Եէմէնիճեան թեթեւ, ցած կրունկով հողաթափի նման կօշիկ շինող
Եողուրթճեան մածնավաճառ
Եորղանճեան վերմակ շինող
Զուրնաճեան սրափող նուագող (փչողական գործիք)
Էմիրխանեան իջեւանի մէջ հրաման տուող
Էյէրճեան թամբագործ
Էնֆիէճեան քթախոտ պատրաստող
Էսզաճեան կամ Էսսաճեան դեղագործ
Էքսէրճեան մեծ գամ շինող
Էսքիճեան հնավաճառ
Էքիճեան կամ Էքինճեան մշակող, ցանող
Էքմէքճեան հացագործ
Էօզնալպանտեան հարազատ, իսկական պայտագործ
Թապիբեան կամ Թապիպեան բժիշկ
Թաբուճեան կամ Թափուճեան կալուածագիր, կալուածաթուղթ պատրաստող
Թահթաճեան տախտակ շինող
Թաճիրեան վաճառական
Թաշճեան քարակոփ, քարագործ, քարտաշ
Թաւուքճեան հաւ պահող-ծախող
Թաքաճեան փոքր առագաստանաւ շինող