«Նեմեսիս» գործողութեան ականաւոր հերոսներէն, վրիժառու Արշաւիր Շիրակեան, իր յուշերը ամփոփած է «Կտակն էր Նահատակներուն» գիրքին մէջ:

Այո՝ Նեմեսիս գործողութիւնը կտակն էր նահատակներուն:

Նեմեսիսի հերոսները մեր ժողովուրդի աւելի քան 1,500,000 անմեղ նահատակներու կտակը իրագործեցին, խիզախաբար եւ հպարտօրէն:

1915 թ.ը մեր ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, ամենատխուր եւ ամենասահմռկեցուցիչ էջն է:

Մենք ազգովին՝ թէ պետական եւ թէ կազմակերպութիւններու մակարդակով կը պայքարինք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու ցեղասպան Թուրքիային. եւ ամէնուր՝ թէ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ արժանաւոր ձեւով, յարգանքի տուրք կը մատուցենք մեր բիւր բիւրաւոր նահատակներուն եւ կորուսեալ հայրենիքի յիշատակին:

1915 թ.ի Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած կանգնեցուցած ենք արժանավայել յուշակոթողներ, որոնք ամէնուրեք խօսուն վկաներ են մեր արդար դատին եւ պայքարին:

Այստեղ կÿուզեմ արձանագրել եւ բարձրացնել շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ հարց մը, յանձնելով զայն մեր երկրի եւ ժողովուրդի որոշում կայացնող պետական եւ քաղաքական գործիչներու ուշադրութեան:

Ինչպէս վերը նշեցի որ 1915 թ.ի էջը, մեր ժողովուրդի ամենատխուր էջն է, որու նմանը չէ եղած համայն մարդկութեան պատմութեան մէջ. սակայն այդ մութ էջին որպէս պատասխան, ունինք փառաւոր եւ փայլուն էջ մը՝ որ դժբախտաբար լիարժէք չէ գնահատուած համազգային մակարդակով:

Կարծեմ դժուար չէ կռահել թէ որ էջին մասին է խօսքը:

Այ՛ո, այն՝ «Նեմեսիս» գործողութեան, հպարտանքի փայլուն էջն է, ուր բարձր պահուեցաւ հայու արժանապատւութիւնը, ուր աշխարհ հասկցաւ որ հայը ոչ միայն ջարդուելու ենթակայ ժողովուրդ է այլ արժանա¬ պատուօրէն ապրելու եւ արարելու ժողովուրդ:

Հիմա՝… այս փայլուն էջին՝ Նեմեսիս գործողութեան մասին, մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները միասին հաշուած, քանի՞ տոկոսն է որ լիարժէք տեղեակ է կամ կը գիտակցի ու կը գնահատէ Նեմեսիսը, ինչպէս 1915թ.ի Մեծ Եղեռնը:

Ազգովին արժեւորելու զայն, եւ մեր արդար դատի հետապնդման համար,անհրաժեշտ է Նեմեսիսը դարձնել վառ օրինակ, եւ որու համար կÿառաջարկեմ ի գործ դնել հետեւեալ առաջարկութիւնները…

-Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի՝ Մեծ Եղեռնի յուշակոթողներու կողքին կամ մերձակայքին տեղադրել Նեմեսիս գործողութեան նուիրուած յուշակոթողներ, ուր ամէն հայ այցելելով այնտեղ միայն յուզմունքի եւ տխրութեան պահեր չապրի, այլ ներշնչուի հպարտանքի եւ պահանջատիրութեան զգացումներով:

- Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի՝ դպրոցներէն ներս լիարժէք ձեւով դասաւանդել Նեմեսիսը, ինչպէս Ապրիլ 24ը:

- Հայրենի պետութեան կառավարութեան հրամանով վրիժառու մարտիկներուն, յետ մահու շնորհել Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչման «Հայրենիք» շքանշանը, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐ :

Այդ գործողութեան վսեմութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը ազգովին գիտակցելու համար, անհրաժեշտ քայլեր են անոնք:

Առաջնորդուինք Նեմեսիսով. այդ՝ ԿՏԱԿՆ Է ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ :

Վարանդ Պետրոսեան