Իբրեւ հայ անհատ, բոլորին նման ես ալ մօտէն հետեւեցայ անցեալ 18 Փետրուարին մեր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն, անոր արդիւնքին եւ անկէ ետք, մինչեւ հիմա տեղի ունեցող հրապարակային անցուդարձերուն եւ տիրող իրողութիւններուն:

Այս պարագային, մօտէն հետեւիլ կը նշանակէ կարդալ ամէնօրեայ մամուլի մէջ ընտրութիւններուն մասին տեղ գտած մեկնաբանութիւններուն, քաղաքական վերլուծումներուն եւ միաժամանակ հեռատեսիլի եւ «ֆէսպուք»ի վրայով՝ նաեւ հետեւիլ հայրենիքի տարածքին մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի մեծ հրապարակին կամ այլ միւս քաղաքներու մէջ կատարուած հանրահաւաքներուն, ցոյցերուն, ճառախօսութիւններուն, հին ու նոր քաղաքական լոզունքներուն եւ արտայայտութիւններուն:

Սակայն, անկախ այս բոլոր իրողութիւններու թուումներէն, ամէն բանէ առաջ պէտք է ի մտի ունենալ նաեւ, թէ մեր հայրենիքը ներկայիս տակաւին կը գտնուի դրացի երկիրներու գծած եւ սահմանած շրջափակման մը օղակէն ներս: Առաւել՝ հիմնուելով զանազան պաշտօնական եւ անպաշտօն տուեալներու վրայ, Հայաստան կ'ապրի նաեւ տնտեսական մեծ ճգնաժամ մը եւ որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք, ի ցաւ սրտի, կÿըսուի թէ ցարդ մէկ միլիոն հայ անհատ լքած է իր հայրենիքը:

Այս բոլորին վրայ, անցեալ Փետրուարին հայրենի նախագահական ընտրութիւններն ու արդիւնքները, եկան հաստատելու, թէ մեր երկիրը սկսած է ապրիլ նոր երեւոյթ մը: Աւելի ճիշդ, նոր ճգնաժամ մը: Եթէ կ'ուզէք նաեւ նոր քաղաքական իրարանցում մը, որ սակայն սկսած է խանգարել իր ընթացիկ ու սովորական «աւանդական» առօրեան, որովհետեւ նոյն այս ընտրութեան արդիւնքը, ըստ մեր հայրենակիցներուն՝ բողոքի նոր «ակցիա»ներու դռներ ալ բացած էր:

«Բարեւ» կոչուած է այս «ակցիան» եւ անով ալ սահմանուած:

Ու բոլորիս յստակ է, թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն ներս եւ թէ՛ անկէ դուրս, որ այս «բարեւ»ին հեղինակն է «օտարերկրացի» մը, կամ սփիւռքահայ մը, Րաֆֆի Յովհաննէսեան անունով ամերիկահայ մը եւ աւելին՝ Հայաստանի քաղաքացի մը, որ 1992-ին հայրենիքի քաղաքական դաշտէն ներս կրցած էր մուտք գործել եւ որ այսօր ալ, այս նոր նախագահական ընտրութիւններուն, մեր ազատ քաղաքական կեանքին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կրցած էր որոշ եւ աչքառու ու մեծ համեմատութիւններ ունեցող քուէներու թիւ մը ապահովել:

Կ'ըսեն, թէ մրցումներուն պարտուողը, երբեք չընդունիր իր պարտութիւնը: Սակայն այս մէկը բնական կը նկատուի մանաւանդ, երբ նոյն այդ արդիւնքները կասկածի տակ դրած են մարդկային միտքն ու անոր տեսողութիւնը:

Չնայած այս արդիւնքներուն, նաեւ չնայած մեր երկրին ներքին հրապարակային ամէնօրեայ վէճերուն, պարտուողի եւ յաղթողի այս խառն իրավիճակին մէջ աշխարհի մեծ ու փոքր պետութիւններու ղեկավարներէն շատեր արդէն ճանչցած ըլլալով ընտրութեան հրապարակուած պաշտօնական արդիւնքները, շնորհաւորած են վերընտրուող նախագահը:

Այս մէկը իրականութիւն է: Բայց…

Եթէ այս մէկը դրամին մէկ կողմն էր, տակաւին կայ նաեւ միւս կողմն ալ: Այսպէս ներկայիս յստակ իրողութիւն է, թէ մեր անկախ պետութեան քսան եւ աւելի տարիներու կեանքին մէջ, ամերիկահայ մը, իր «բարեւ»ով առաջին անգամ ըլլալով կրցած էր ցնցել հայրենի մեր քաղաքական կեանքը:

Այս մէկը նոր երեւոյթ մը առիթ ստեղծած էր: Այսպէս ամէն հայ, կամայ թէ ակամայ սկսած է «բարեւ»ին հետեւիլ կամ Րաֆֆիին նայիլ: Ամէն օր անոր բերնէն կախուիլ: Ու այսպէսով ան շատերու եւ մանաւանդ քաղաքական ընդդիմադիր կողմերուն համար դարձած է մեր երկրի նոր յոյսը:

Աննախադէպ է այս իրողութիւնը:

Ահա «բարեւ»ին իսկական գաղնիքը: Ահա նաեւ «բարեւ»ին մաքնիսական ներքին ուժը:

Միւս կողմէ իրողութիւն է նաեւ, որ ցարդ ընտրութիւննրու արդիւնքը կասկածի տակ դնող այս մեծ ընդիմադիրը, չէ կրցած պնդել, թէ ինք վերջնականապէս յաղթանակած է: Իսկ իր կարգին, ընտրուողն ալ, չէ կրցած այս մէկուն հակառակը փաստել, եւ աւելին՝ մեր երկրի ազգային ժողովն ալ տակաւին չէ կրցած կողմորշուիլ:

Կրկին բայց…

Շնորհիւ այս նոր իրականութեան եւ իրողութեան, ինչ որ ալ ըլլան ընտրութեան կապակցութեամբ մօտիկ կամ հեռու ապագային նոր հրապարակուելիք արդիւնքները, կրնանք հաստատապէս ըսել, թէ մեր հայրենիքը այս «բարեւ»ին շնորհիւ, այս օրերուն կÿընթանայ դէպի թէ նոր քաղաքական եւ թէ իրողութեան մը ուղիով:

Այս մէկը, քաղաքական նոր հասունութիւն մըն ալ կ'ենթադրէ:

Թէեւ ցարդ յստակ չէ թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի գլխաւորած «բարեւ» այս հանրահաւաքը, արդեօ՞ք շարժում պէտք է կոչել, թէ ոչ պարզապէ՛ս «բողոք»:

Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ մեծ տարբերութիւն կայ «շարժում»ին եւ «բողոք»ին միջեւ:

Այս կէտը պէտք է լաւ հասկնալ:

Ուստի պէտք է ընդունինք, որ Երեւանի մեծ հրապարակին վրայ այս օրերուն ամէնօրեայ կատարուածն ու պատահածը, մէկ խօսքով կազմակերպուած հանրահաւաքները, հացադուլը, ծրագրուած բողոքի ցոյցը կամ ներքին շարժումը, ինչ կ'ուզէք որակեցէ՛ք, ազգային մեր անկախ իրավիճակին մէջ, աննախընթաց երեւոյթ մըն է: Ոչ մէկ կասկած:

Ու այս մէկը կատակ չէ եւ ոչ ալ ժամավաճառութիւն:

Այս մէկը իր մէջ յստակ «մէսէճ» մը, պատգամ մը ունի: Այս մէկը նաեւ է քաղաքական նոր մէկնակէտ մը: Նոր էջ մը եթէ կ'ուզէք: Նոր ուղղեցոյց տուող օրինակ մը, որ ցարդ մեր երկրի ոչ մէկ ընդդիմադիր կուսակցութիւն կամ ընդդիմադիր ղեկավար կամ առաջնորդ անհատ կրցած էր «բարեւ«ին տարողութեամբ ժողովրդականութիւն վայելել:

Այս մէկը կ'ենթադրէ նաեւ քաղաքական որոշ հասունութիւն:

Հիմա սակայն, մեր բոլորին մէջ կենսականը այն իրողութիւնն է, թէ այս բոլորին ետին կայ եւ կամ կը հետապնդուի աւելի լաւ երկիր մը, այս պարագային ցարդ «եղածէն» տարբեր հայրենիք մը ունենալու եւ կամ ղեկավարելու գերագոյն եւ ազնիւ ձգտում մը, որ միաժամանակ մեր հայրենի ժողովուրդին կը խոստանայ պարգեւել բարօր կեանք եւ իրավիճակ:

Ահա ճիշդ ասկէ մեկնած, ես ալ հազարաւոր հայերու նման, հաւատալով որ գալիք ժամանակները ամէն բան պիտի յստակացնեն, միշտ աչքերս Րաֆֆիին եւ կամ իր «բարեւ»ին յառած, կ'ուզեմ իմանալ, թէ իր «բարեւ»ով եւ «բարեւ»էն ետք ան մեզի եւ մեր երկիրը ո՞ւր պիտի տանի եւ կամ ան իր այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնի կամ հասցնէ մեզ եւ մեր հայրենիքը:

Մինչ այդ, տաքուկ բարեւս՝ «բարեւ»ին:

 Գէորգ Պետիկեան