ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ
«Հաւաւի Աղբիւրները - Վերանորոգութեան Պատմութիւն մը»,
Ֆեթհիյէ Չէթին, Կ. Պոլիս, 2012 «2013 - Օրատետր - Սահմաններ»
Այս բոլորը սերտօրէն կ՛առնչուին Հ. Տինք Հիմնարկի 2013ի օրատետրին՝ «Սահմաններ» բնաբանով, որուն ժամանումը գրասեղանիս վրայ՝ մօտէն հետեւեցաւ «Աղբիւրներ»ուն, զուգադիպաբար:
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԸ, ՈՐ «ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ» ԿԸ ՀԱՐՑԱԴՐԷ
Պատկերազարդ, գրպանի եւ գրասեղանի օրատետրի չափերու կէս ճամբուն, հրատարակութիւնը օժտուած է մեկնաբանեալ նկարազարդումով, եւ շաբաթ առ շաբաթ՝ նիւթերու պէսպիսուն տեսականիով մը: Գրեթէ միշտ դիպուկ նկարներով ընկերակցուած՝ հոն կը տողանցեն ներկայ աշխարհի էական հարցերը - ընկերա-տնտեսական անարդարութիւն, բնավայրային ճգնաժամ, բռնակալ վարչակարգերու կատարած կեղեքումներ, մեծապետական թէ ազգամիջեան իրաւազրկումներ...
Զուտ հայկական թեմայով նկար-մեկնաբանութիւնները քիչ են. կ՛անդրադառնամ անոնցմէ մէկուն, հոս՝ կողքին վերարտադրուած նկարով, որուն ընկերացող կարճ գրութիւնը կ՛ըսէ ի մէջ այլոց.
«Մեր սիրածներուն կը ձայնենք տարբեր ծածկանուններով եւ այդ կոչը կարծես մեր սիրոյ յատուկ կնիքը կը դառնայ (...) Նոյն լերան վրայ տարբեր աշխարհներ տեսնող երկու դրացի: Աղրը լեռը վեհութիւն կը նշանակէ Թուրքիոյ համար, իսկ Արարատ-Մասիսը՝ խորհրդանիշն է Հայաստանին: Աշխարհի չորս կողմը ցրուելէ առաջ, վերջին միասնութեան, այլեւս գոյութիւն չունեցող ոչ-աշխարհի մը վկան է ան: Վիշտով լեցուն կարօտ մը երբեմն (...) Լերան երկու կողմը ճանչցող սահմանը՝ կ՛ամչնայ փակ մնալէ»:
Բայց օրատետրի խմբագրին ներածական խօսքը սահմաններու մասին, թէեւ ընդհանրութեան վրայ բացուած, վերը շօշափած ճգնաժամային խնդիրս կը շօշափէ շատ աւելի ուղղակի ու ճշգրիտ. «Սահմանները միայն պետութիւններու միջեւ չեն, ամէն տեղ են: Մարդուն՝ մարդու առջեւ դրած սահմանը ամենէն ազդուն կ՛ըլլայ, անհատական բնոյթ ունենալուն պատճառով ալ ամենէն վերջ աչքի կը զարնէ, հետեւաբար ամենէն դժուար յաղթահարելին կ՛ըլլայ»:
Անպայմա՛ն որ նաեւ մեզ իրարմէ բաժնող, իրարմէ օտարող նախապաշարումները կը յիշենք, երբ տակաւին կը կարդանք. «Մեր մտային սահմանները կրնան ֆիզիքականներէն շատ աւելի խափանարար յայտնուիլ. բաները՝ որ չենք հասկնար, կամ սխալ կը հասկնանք, մեր վախերը, մեր նախապաշարումները... ասոնք կրնան պատեր քաշել միւսներուն եւ մեր միջեւ:»
Կրկին դառնալով մեզի՝ աւանդական Սփիւռքին, ինչպէ՞ս չնկատենք, որ մեր մէջ աւեր գործած է գաղութային տեղայնացումը, սահմանափակումը՝ ի վնաս հայրենական հողի կենդանի ապրումին: Այն հողին, որուն անունով, ճիշդ է, մեր գաղութները՝ առաջին օրէն՝ կազմակերպած են իրենց յուշատօները, որուն անունով մեր կառոյցները ապա մշակած են ծրա- գիրներ, ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, ստեղծած են Դատի մարմիններ ու գրասենեակներ: Որոնք գործած են ու կը շարունակեն գործել օրն ի բուն՝ Սփիւռքի պայմաններուն մատչելի զանազան միջոցներով եւ մարզերու մէջ, մեզ տասնամեակներն ի վեր աստիճանաբար դարձնելով ներկայութիւն, եթէ ոչ՝ դերակատար, միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ:
Այս բոլորը ճիշդ է: Բայց... այս բոլորին մէջ ո՞ւր կը մնայ կապը այն հողին հետ, որուն համար կը պայքարինք...
Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑԱԾ Է ՀԱՅՐԵՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ
Սփիւռքի ցուցափեղկերէն անդին, մեր խոր էութեան մէջ, Երկրին հանդէպ ի՞նչ կենդանի շահագր- գռութիւն յաջողած ենք պահել սերունդէ սերունդ, ի՞նչ չափով կրցած ենք զանցել՝ մեր առջեւ քաշուած սահմանները...: Պարկե՛շտ ըլլանք. ընդունինք, որ այս հարցումներուն պատասխանը ժխտական է՝ գրեթէ լրիւ:
Ու չապաւինի՛նք կենդանի շփումներու համեմատական դժուարութեան, վարչա-քաղաքական արգելքներու չքմեղանքին ետին. պահա՞ծ ենք գոնէ տեսակա՛ն հայրենագիտութիւն մը, գիրքերէ եկող...: Շատ յաճախ բթօրէն ապրուած սփիւռքեան առօրեայէ մը տե՞ղ կ՛աւելնար՝ այդպիսի ներքին ու նրբին առնչութիւններու պահպանման համար...
Մեզմէ քանի՞ն գիտեն, օրինակ, որ Հաւաւ աւանէն սերած են մեծ ընտանիքներ, ինչպէս Օտեանները: Որ հոն ծնած է ու աճած՝ մեր խընկելի նահատակ գրագէտներէն Մելքոն Կիւրճեանը՝ 1880ական տարիներու «հէգ պանդուխներու» բարեխօսն ու փաստաբանը՝ Պոլսոյ քաղքենի հայութիւնը սաստող, գիտակցութեան հրաւիրող՝ իր «Պանդուխտի Նամակներ»ով: Կամ 1904ին Կովկասէն Սասունի օգնութեան փութացող անձնազոհներու խմբապետներէն՝ Մինաս Տոլպաշեանը (Գայլ-Վահան) - մի քանի անուններ միայն թուելու համար:
Իսկ հայրենաճանաչումը՝ իրակա՛ն գետնին վրա՞յ...: Քանի՞ հոգի ձանձրոյթը կրած են, ժամանակը տրամադրած՝ վերջին տասնամեակի համեմատաբար աւելի թոյլատու պայմաններուն մէջ, այցելելու-ծանօթանալու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի մեզմէ խլուած գիւղ ու քաղաքներու, յուշարձաններու, անոնց պատմութեան ու ներկայ վիճակին - որոշ մանրամասնութեամբ: Կամ մեր մտաւորական ու ղեկավար տարրերէն քանի՞ն փորձած են, զգօնութեան սահմաններու մէջ, նախաձեռնութիւններ առնել՝ գոնէ երկխօսական շփումի մտնել այդ հողին կառչած յայտնի թէ ծածուկ հայ ազգաբնակչութեան հետ, նաեւ տեղաբնակ այլազգի խումբերէ յուսալի տարրերու հետ, օգտուիլ վարչական կամ ակադեմական անցքերէ՝ որոշ վայրեր մուտք ունենալու համար:
Ինչո՞ւ հազուագիւտ ռահվիրա-ուխտաւորներ մնային՝ վաղամեռ Մեսրոպ արք. Աշճեան մը (ի դէպ՝ ինք եւս հաւաւցիի սերունդ...), կամ մեզի աւելի մօտ՝ դեռ մեր միջեւ ապրող-գործող, բայց միշտ ձեռքի մը մատներուն վրայ համրուող ակադեմական դասախօսներ, լուսանկարիչ-արուեստագէտներ, սոսկական ուղեւորներ: Ինչո՞ւ հազուագիւտ նմուշներ ըլլային այսօր այնպիսիներ, որոնք՝ Թուրքիոյ սրտին վրայ, գիտաժողովներու բեմերէն, թուրք մշակոյթէն ու լեզուէն գիտեն պահանջել՝ «իրաւազրկումի լեզուէ» դառնալ արդարութեան լեզու - արտայայտութեան իբր միջոց գործածելով նո՛յն այդ թրքերէնը: Ինչո՞ւ չըլլային լեգէոն...
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒՄԸ՝ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՋՆՋՈՒՄ
Այս բոլորը՝ ո՛չ որովհետեւ, ինչպէս անցեալները համարձակօրէն կ՛ախտաճանաչէր երիտասարդ գրիչ մը (Ա. Գոճայեան, հարցազրոյց Ասլը Թիւրքերի հետ, «Ազդակ», 8 Յունիս, 2012), «մէկ կողմէ Սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»: Եւ յաճախ կը մնանք անթափանց՝ այն ակնյայտ փաստին, որ դար մը ամբողջ գաղտնիութեան մղձաւանջը ապրած, ինքնութենէ զրկուած «սուրի մնացորդ» այդ հայերու «զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք մերինին»: Կամ շատ-շատ «Լսարան»ներու մէջ կը համակերպինք գաղջօրէն ունկընդրելու՝ հրատապ այս նիւթին մօտէն առնչուած հազուագիւտ պատգամաբերի մը յանձնառու խօսքը - բայց շատ հաւանօրէն՝ փութալով մնալ... ինչ որ էինք:
Ո՞չ որովհետեւ, ի վերջոյ, մեզմէ շա՜տ քիչեր ունին՝ իրենց հոգեմտաւոր ոլորտին մէջ՝ իրենց «Հաւաւի աղբիւրը» - գոնէ մտերիմ, գաղտնի ուխտի մը երազով այցելուած, նորոգուած...: Ո՛չ որովհետեւ մեր խորքի՛ աղբիւրները շատ յաճախ կիսաքանդ են՝ ինչպէս էին Հաւաւի աղբիւրները, սփիւռքեան տեղայնութեան ռութինի հողակոյտներու տակ կորսուած:
Աղբիւրները վերակենդանացնելու համար, անոնց մատչելու համար, պէտք է գիտնալ սահմաննե՛ր քանդել...: Նախ՝ ներքի՛ն սահմանները: Այդ նախապայմանով է որ կը նորոգուի, կը վերասահմանուի ինքնութիւնը: Աւելի՛ կը լուսաւորուի հաւաքական գոյապայքարի ուղին:
Այո՛, նաե՛ւ հաւաքական գոյապայքարի ուղին: Հարցը ճանաչումի, որդեգրումի պարտք մը չէ միայն՝ հանդէպ առաւելագոյնս իրաւազրկուած, էազրկուա՛ծ ազգակիցներու բնակչախումբի մը. այդ մարդկային-բարոյական պարտքէն անդին, ի վերջոյ պէտք է ըմբռնել ընդհանրական, միանգամայն եւ գործնակա՛ն արժէքը՝ վերայայտ հայութեան այս տարրին - «աղբիւրներուն» մօտ մնացած, դեռ անոնց կառչող էատարրին...: Ըմբռնել, եւ դիմել համապատասխան նախաձեռնութիւններու, համարձակութեամբ, միշտ նաեւ՝ անհրաժեշտ զգօնութեամբ:
Որովհետեւ բացայայտ է, ինքզինք պարտադրող է՝ անհատական-ենթակայական մասնատումի այս իրավիճակներու քաղաքական երկարաձգումը, որ Հիմնարկին «Օրատետր»ը նոյնպէս կը շեշտէ, միշտ նոյն տիպար համառօտութեամբ. «Իշխանութիւններն ալ արդէն ամենէն շատ կը սնանին թաքուն այս սահմաններէն, որոնք կեանքը մղձաւանջի կը վերածեն»:
* * *
Այդպէս է միայն, որ -ինչպէս բնորոշած էր նաեւ մեծ Տեսանող մը՝ արդէն աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ-, այդպէս է միայն, որ կրնայ յաղթահարուիլ մեր բաժան-բաժանութեան հին, բայց միշտ նոր, նորոգուող հրէշը - «պատմական չարիքը (...), աշխարհագրական ներկերը, որ մեզ բաժանում են իրարից»:
Անժամանցելի պատգամ, որ սակայն պէտք է գիտնանք, պէտք էր գիտնայի՜նք այժմէականացնել, վերամեկնաբանել՝ նոր, աննախընթաց այսպիսի մարտահրաւէրի մը լոյսին տակ...:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ