ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ

 «Հաւաւի Աղբիւրները - Վերանորոգութեան Պատմութիւն մը»,
Ֆեթհիյէ Չէթին, Կ. Պոլիս, 2012 «2013 - Օրատետր - Սահմաններ»

Նախ՝ գրասեղանիս հասած էր անոնցմէ առաջինը - գրքոյկ մը՝ «Հաւաւի Աղբիւրները», երկու տարբերակ-օրինակներով՝ հայերէն եւ անգլերէն: Կ՛իմանայի, որ գրքոյկը ունի նաեւ թրքերէն տարբերակ - բնականաբար:

Լրատուական անընդմէջ, խաչաձեւ հոսքերու տարափին ենթակայ, ա՛լ յաճախ կը դժուարանանք լուրերը ընկալելու-դասակարգելու՝ տուեալ կարեւորութեան կարգով մը: Բայց երբ, տարի մը առաջ, մամուլը արձագանգեց «Մեծ Մայրս» գիրքի հեղինակ, իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չէթինի ուխտ-նախաձեռնութեան իր մեծ մօր՝ Հերանուշ Կատարեանի հայրենի Հաւաւ գիւղին աւերուած աղբիւրները նորոգելու,- քիչ-շատ ուշադիր ընթերցողներ, ինծի պէս պահ մը կանգ առած՝ յաւելեալ զգաստութեան մը ալիքին տակ, ունեցան անդրադարձ մը:

Արդարեւ, այսպիսի տեղեկատւութեան մը առջեւ ինչպէ՞ս կրնայինք չնկատել, որ մեր հայրենի հողերու, պատմական անցեալի թաղեալ ու միայն վերացականօրէն, շա՜տ տեղ՝ նշանախօսային ոճով մեր մէջ վերապրող նշխարները ահա՛ իրենց շուրջ դիզուած մոռացման հողերէն խաւ մը եւս կը թօթափեն՝ լոյս աշխարհ գալով քիչ մը աւելի, շարունակելով վերջին տասնամեակին սկսած յայտնաբերիչ երկրաշարժի յաջորդական ցնցումները:

 

ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ

Ֆեթհիյէ Չէթինի շրջադարձային «Մեծ Մայրս» գործին վերադառնալու տեղը չէ հոս. նուազ եւս՝ ծանրանալու իր կեանքին եւ գործունէութեան վրայ: Միայն թերեւս լաւ է յիշել, որ իրաւաբան, մարդկային եւ փոքրամասնական իրաւունքներու գործիչ, կանուխէն՝ 80ական տարիներէն Թուրքիոյ պետական բանտերը ճաշակած հերոսական այս գործիչին առաջին երկը (2004) ցարդ ունեցած է շուրջ տասնեակ վերհրատարակութիւններ՝ խօսելով միայն թրքերէն բնագրին մասին: Թարգմանուած է նաեւ մի քանի լեզուներու, որոնց կարգին՝ հայերէնի:

Երկին ստեղծած ալիքներն ու արձագանգները՝ նկատի առած պահն ու իրադրութիւնը՝ եղած էին շատ զգալի. երկրի բոլոր անկիւններէն՝ արձագանգած էին մեծաթիւ «ծածուկ հայեր», գրաւուած գործին թելադրանքէն՝ յիշողութեան զարթնումի, եւ ծածկուած-պահպանուած ինքնութեան հաստատումի: Արդէն, այս արձագանգներէն փունջ մը զրոյցներ՝ շուտով պիտի կազմէին երկրորդ՝ «Թոռներ» հատորը (1909), իր՝ Ֆ. Չէթինի եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայ ազգագրաբանի հեղինակակցութեամբ:

 

ՀԱՒԱՒ ԳԻՒՂԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ...

Հոս, ուրեմն, խօսքը Ֆ. Չէթինի հետեւող նախաձեռնութեան մասին է, ուխտ-նախաձեռնութիւն՝ կ՛ըսէի, նորոգելու իր մեծ մօր հայրենի Հաւաւ գիւղի աղբիւրները: Վերանորոգման գործը՝ իր հանգրուաններով՝ պատմուած է իր իսկ կողմէ, ձայնակցաբար գործակիցներու հետ, մի քանին՝ իրեն արդէն ծանօթ պայքարի ընկերներ, միւսները՝ նորեր, կամաւորներ՝ զանազան վայրերէ ժամանած, տեղացի հայեր, եզիտիներ, քիւրտեր, թուրքեր (յաճախ՝ ալեւի դաւանանքի). բայց եւ արտասահմանի հայեր՝ Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն:

Գրքոյկներու հիմնական նիւթը՝ աղբիւրներու վերակառուցման պատումը, կ՛ըլլայ բաւական մանրամասն: Շատ բնորոշ՝ կը տրուին գործի յաջորդական փուլերն ու պարագաները. վարչական որոշ պաշտօնատարներու յարուցած դժուարութիւններէն եւ այլոց դրական ընդառաջումէն՝ մինչեւ գիւղի ներկայ բնակիչներու կասկածոտ վերապահութիւնը հանդէպ այս «դըրսեցիներուն», որոնք եկած ըլլալու էին... «հայերու ձգած ոսկին փնտռելու»՝ իրենց կողմէ արդէն տասնամեակներ ի զուր պեղուած-քանդուած աղբիւրներուն տակ...:

Մակաբոյծ սպասողական այս կեցուածքը աստիճանաբար զարմանքի պիտի վերածուէր, ապա եւ վերջապէս, որոշ մէկ մասին մօտ՝ անսպասելիօրէն անշահախնդիր այս շինարարութեան հանդէպ՝ դրական ընկալումի եւ մասնակցութեան:

Գրքոյկները կենսականօրէն կը լրացուին, հակառակ իրենց փոքր ծաւալին ու չափին՝ լուսանցքներու մէջ շատ նպատակայարմարօրէն տեղադրուած բազմաձայն ու բազմապիսի վկայութիւններով:

Նախքան ասոնց անդրադառնալը, սակայն, կ՛արժէ յիշել, Հրանդ Տինք Հիմնարկի բնոյթը համառօտակի սահմանող էջէն անմիջապէս ետք արձանագրուած, գրքոյկներու ձօնագրութիւնը. «1915ի Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուողներէն գրեթէ ոչ ոք վերադարձաւ [...] Աշխարհի այլ երկիրներու մէջ, [անոնք] երբեք չմոռցան իրենց երկիրը, յաճախ հայրենիքի յիշատակները աւանդեցին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, ոմանք ալ գրի առին: Բոլոր այս գրաւոր կամ բանաւոր աւանդուածները այսօր՝ անցեալի հաստ վարագոյրով ծածկուած իրականութիւններուն վրայ լոյս կը սփռեն: Այս աշխատութիւնը ձօնուած է իրենց յիշատակին»:

 

ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ... ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հաւաւի պատմութեան առնչուող հրատարակութիւններէն՝ լայնօրէն օգտագործուած են Տիգրան Փափազեանի «Պատմութիւն Բալու Հաւաւ Գիւղի» (Պէյրութ, 1960), Սուրէն Փափազեանի «Վերապրողի մը Ոդիսականը» (Երեւան, 2000), ու նուազ չափով մը՝ Պօղոս Կատարիկեանի «Մարած Ճրագներ. Հաւաւ Գիւղի Եղեռնը» (Նիւ Եորք, 1950):

Այս երեք հատորներէն կատարուած մէջբերումները հիանալի որմնանկար մը կը պարզեն մեր առջեւ՝ Ծոփաց աշխարհի այս աւանի կենսալի մօտիկ անցեալէն - ջանասէր եւ հպարտ հայ ազգաբնակչութիւն՝ կապուած հողին եւ ձեռներէց՝ ամէն տեսակի արհեստներու մէջ, ծաղկուն մշակոյթով՝ հազարամեայ վանք ու եկեղեցիներ, բեղուն կրթական կեանք (կ՛ոգեկոչուի 1912ի ամրան տեղի ունեցած ուսուցչական սեմինարը՝ «Միացեալ Ընկերութեան» նախաձեռնութեամբ ու Եփրատ քոլէճի դասախօսներու մասնակցութեամբ...):

Այս բոլորը՝ կազմելու համար ցնցող հակադրութիւն մը Հաւաւի ներկայ վիճակին հետ, հարիւրամեա՛կ մը ետք՝ նո՛յն բերրի դաշտի կեդրոնը բազմած, բայց որ իր անմշակ եւ անմշակոյթ խեղճութիւնը կ՛աղաղակէ գրքոյկին բոլոր էջերէն - նոյնիսկ առանց յատուկ ընդգծման որեւէ կարիքի...

Այլապէս շահեկան են վկայութիւնները՝ միշտ լուսացքներու մէջ տրուած՝ վերանորոգման գործի մասնակիցներուն: Ասոնք՝ մեծ մասամբ երիտասարդներ՝ կը ներկայանան վերը յիշուած ազգագրական խայտաբղէտ պատկերով:

Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն մանաւանդ վկայութիւնները անոնց, որոնք (ծագումով հայ, կամ գաղափարական անսովոր լայն հորիզոնի տէր տեղացիներ - քիւրտ, թուրք, ալեւի եւն.) նախաձեռնութեան մարդկային-մշակութային դաստիարակիչ արժէքէն անդին՝ չեն վարանիր շեշտելու կարեւորութիւնը անցեալ պատմութեան ստանձնումին, վերաշինուող յուշարձաններու հայակնիք նկարագիրը եւ խորհրդանշական արժէքը: Ապա, տպաւորութիւնները եւ գնահատումները՝ Երեւանէն թէ Սփիւռքէն եկած բարեկամներու թէ նորայայտ գաղափարակից-գործակիցներու...

 

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՄԸ ԽՈՐ ԻՄԱՍՏԸ...

Թրքահայ մարտունակ կին գործիչի մը այս նախաձեռնութիւնը, ձօնուած՝ իր մեծ մօր եւ անոր բոլոր բախտակիցներուն, աքսորի ճամբաներուն վրայ սպաննուած, կամ վերապրած՝ իբր անհայրենիք տարագիր թէ իբր տեղւոյն վրայ «սուրի մնացորդ»,- կը հետեւի վերոնշեալ նոյնանպատակ զոյգ հրատարակութիւններուն, եւ անոնց պէս կը նշէ նոր գիտակցութիւն մը, որ կը զարգանայ մեր պատմական հայրե- նիքի հողերու տարածքին: Հայ ինքնութեան վերազարթնում՝ հայութենէն ցարդ դուրս մնացած տարրերու մօտ, այդ ինքնութեան առնչուող հաւաքական ինքնութեան հարցեր...:

Երեւոյթներ՝ ասոնք, որոնց հանդէպ նաեւ զգայուն կ՛երեւի Սփիւռքի ու ներկայ հայրենիքի հայութեան մէկ մասը - ո՛չ մեծ թիւ մը...

Որովհետեւ ոմանց կրնայ թուիլ, որ այսպիսի ելոյթներ կամ նախաձեռնութիւններ կը վերաբերին առաւելաբար Թուրքիոյ հայութեան «նոր» այս թեւին, որ շատ դիւրաւ կարելի է նաեւ փորձուիլ «լուսանցքային» նկատել, եթէ ոչ՝ օտարոտի, նկատի առած անոր լեզուական, մշակութային, յաճախ եւ կրօնա-դաւանական տարբերութիւնները: Նոյնիսկ եթէ անոր ելոյթները երբեմն կ՛առնեն անըմբռնելի խիզախութեան մը ոճը - ինչպէս Վասպուրականի-Տարօնի եկեղեցի-վանքերու տիրութեան ձգտումները՝ Սասունի հայրենակցական խմբաւորման մը կողմէ, կամ ճիգը՝ տերսիմահայերու մօտ՝ ինքնակազմակերպման կառոյցներ ստեղծելու:

Վերապահ ու կասկածոտ, առնուազն անտարբեր կեցուածք՝ որուն կը հանդիպինք, թերեւս հաւասար չափերով, ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ ներկայ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ «աւանդական» թրքահայութեան մօտ - մանաւանդ Պոլիս: Իսկ երեւոյթին հանդէպ դրապէս տրամադրուած փոքրամասնութիւնը, նոյնպէս, ցրուած է Սփիւռքէն Հայաստան: Անիկա դրսեւորում կ՛ունենայ մամուլի նիւթերով (պարագայաբար երեւցող, նուիրուած՝ օրինակ՝ համշէնահայութեան, Աղթամարի Ս. Խաչի, Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոսի ուխտագնացութիւններուն), կամ միութենական կառոյցներով (Ակունք, Մարաթուկ), որոնք կը գործեն համացանցային կայքերու, ինչպէս եւ Արեւմտահայաստան հիւրաբար կատարուած ազգագրա-մշակութային ելոյթներու միջոցով...

 

... ՈՐՈՒՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄԸ Կ՛ՈՒՇԱՆԱՅ...

Այս բոլորը՝ կա՛ն, բայց փաստ է, որ մեծամասնաբար կը մնանք հեռու՝ Երկրի իրականութենէն: Շուտով հարիւրամեայ այս անջատումը անշուշտ ունի առարկայական մեկնակէտ. երէկ՝ անյաղթահարելի, իսկ այսօր եւս՝ չափով մը նկատառելի դժուարութիւնը Երկիր այցելելու, շփուելու անոր ներկայ իրականութեան հետ - մանաւանդ Բարձր Հայք-Վասպուրական-Տարօն եռանկիւնի պարագային: Բայց մեկնակէտէն անդին, մեր մէջ տասնամեակներն ի վար ստեղծուած՝ կա՛յ մանաւանդ ենթակայական դժուարութիւնը, բութ եւ անզգալի: Աւելի բիրտ բառով մը ըսուած՝ Օտարո՛ւմը...

Այսպիսի օտարում, հարկ կա՞յ ճըշդելու, չի կրնայ բացատրուիլ, չի կրնար չքմեղուիլ՝ ներկայ հայրենի պետութեան ու Արցախի վրայ ուշադրութիւններու նոր կեդրոնացումով: Դժուար չէ նկատել, որ Արեւմտահայաստանի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, եթէ ըլլար, պիտի չխանգարուէր երբեք ազգային-պետական այժմէական -ու կենսական- այդ գործօններուն շուրջ որեւէ չափի կեդրոնացումէ, ոչ ալ պիտի խանգարէր զայն, անշուշտ:

Որովհետեւ հոգեկան ուժի աղբիւրները գումարումի-հանումի թուաբանութեամբ չէ որ կ՛ընթանան. կը հետեւին բազմապատկութեան, կենսային յարաճումի շատ աւելի խոր օրէնքներու: Տեղայնական նախապաշարումներու, բթացնող սովորութիւններու զանցումը, հետաքրքրութիւններու տարածումը մէկ կամ միւս ուղղութեամբ՝ բազմապատիկ նոր ուժի ծնուցիչ աղբիւր կրնար ըլլալ միայն...

(շարունակելի մեր վաղուան թիւով)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ