Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտին վրայ  աշխատող բոլոր ուժերը միասնաբար պատասխանատու են մեր ժողովուրդին առջեւ, Փետրուար 18ին սկիզբ առած ժողովրդային շարժումը իր յաղթական աւարտին հասցնելու:

Դժբախտաբար, սակայն, Երեւանէն հասնող տեղեկութիւնները միջ-կուսակցական բանակցութիւններու բարեյաջող ընթացքի մասին լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:

Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ՀՅԴ-Ժառանգութիւն-Բարգաւաճ բանակցութիւնները չկրցան արդիւնաւորուիլ Երեւանի աւագանիի ընտրութեանց ընդդիմադիր միասնական ցանկի մը շուրջ համաձայնութեամբ, կամ առնուազն՝ համագործակցութեան ձեւաչափի մը բանաձեւումով:

Նկատի առնելով իշխանութեան լծակներու հզօրութիւնը՝ ընդդիմադիր ուժերը պարտաւոր պէտք է զգան ժողովուրդին յոյս ներշնչելու, ինչ որ, ի վերջոյ, հնարաւոր է ի գին որոշ զիջումներու՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի բառերով՝ ի գին սեփական յաւակնութիւններու:

«Մենք բանակցութիւնների ժամանակ հանդէս ենք եկել այդ դիրքերից եւ որեւէ անառողջ յաւակնութիւն չենք ցուցաբերել: Իսկ թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չունենք միասնական ճակատ՝ գնահատականները թողնում եմ ձեզ», յայտարարած է Համբարձումեան՝ պատասխանելով բանակցութիւններու մասին հարցումի մը:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան այս հարցին կապակցութեամբ փոխանցած է հետեւեալը. «Այստեղ որեւէ կուսակցական անուանման կարիք չկայ: Րաֆֆի Յովհաննիսեանն արդէն յայտարարել է, որ սա որեւէ կուսակցութեան պայքար չէ, այլ ո՛վ ժողովրդի կողքին է՝ պիտի լինի Ազատութեան հրապարակում: «Ժառանգութիւն»ը տարալուծուած է ժողովրդի մէջ այս հատուածում եւ իր պայքարըհէնց Ազատութեան հրապարակից է տանում ամբողջ ՀՀով մէկ, ինչը նշանակում է, որ մենք ժողովրդի պայքարի մի մասն ենք, ո՛չ աւելին: Ուստի բոլոր նրանք, ովքեր իրենց ընդդիմադիր եւ ժողովրդի կողքին են համարում, պիտի լինեն Ազատութեան հրապարակում եւ միանան ժողովրդական պայքարին: Այսուհետ, կուսակցական ամբիցիաները, իմ կամ ուրիշի շուրջ միանալը բացարձակ տեղին չեն: Համազգային պայքար է գնում նոր, արժանապատիւ Հայաստանի համար, իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը նոյնիսկ ծայրայեղ ինքնազոհողութիւնների միջոցի է դիմել»:

Բանակցութիւնները տակաւին վերջնականօրէն ձախողած չեն: Գոնէ այդպիսի յայտարարութիւններ կը լսուին տարբեր կողմերէ: Ցանկալի պիտի ըլլար, անշուշտ, որ այս բանակցային գործընթացին մէջ ներառնուէր Հայ Ազգային Կոնգրեսը եւ իրականացուէր համակողմանի համաձայնութիւն մը: Նման համաձայնութիւն մը կրնայ իմաստաւորել Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հացադուլը, անոր զոհողութիւնը: Այլապէս՝ ժողովրդային շարժումն ալ պիտի դիմագրաւէ տեղապտոյտի դատապարտուելու վտանգը, որուն համար մէկ հոգի կամ մէկ կուսակցութիւն չէ, որ մեղաւոր պիտի ըլլայ: Նոյնիսկ շարժումի առաջնորդ նկատուող Րաֆֆիի ուսերուն կարելի չէ բարդել որեւէ ձախողութիւն: Այս շարժումը ժողովուրդի՛նն է. ժողովուրդով մտահոգ իւրաքանչիւր ուժ պարտի այս առիթը չփախցնել, փոխադարձ զիջումներով ու տեւական ճիգերով անպայմա՛ն միասնական ճակատ մը գոյացնել ու երթալ առաջ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ