Մեր գաղութի տերեւաթափը կը  շարունակուի՝ սիրելի անձերու կորուստով: Մի քանի շաբաթներ առաջ իր աչքերը փակեց, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, Գոքինիահայ ծանօթ հայրենակից մը եւ նուիրեալ ազգային մը՝ Հայկանուշ Միսաքեանը:
Գործօն եւ ժրաջան մասնակցութիւն մը ունեցաւ ան, մեր ազգային եւ միութենական կեանքէն ներս: Յատկապէս Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Գոքինիոյ Թաղային խորհրդոյ ծառայական դաշտէն ներս ունեցաւ   աժխոյժ, բայց մանաւանդ համեստ  նկարագրով ներկայութիւն մը:

Կը պատկանէր սերունդի մը, որ իր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիները ապրեցաւ ակումբի ջերմ  ու ազգաշունչ մթնոլորտէն ներս, որը իր ներգործօն ազդեցութիւնը ունեցաւ այդ սերունդի ազգային գիտակցութեան, հայրենասիրութեան, հայախօսութեան եւ հայակրթութեան վսեմ հաւատքին վրայ:
Ճիշդ այդ պատճառներով ան երբեք չսակարկեց իր նուիրումի պատրաստակամութիւնը, ըլլայ Հ.Յ.Դ. շարքերէն ներս որպէս հաւատաւոր կուսակցական, ըլլայ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան կամ Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութեան ճամբով:
Իր ծառայութեան վերջին հանգրուանը եղաւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան մէջ՝ որպէս ատենապետուհի: Բոլոր    աշխատանքները կատարեց խղճմիտ կերպով, միշտ բծախնդիր գործի յաջողութեան սիրոյն, միշտ սիրալիր եւ ազնիւ իր գործակիցներուն հանդէպ:
Հայկանուշ Միսաքեանը, հակառակ իր վաղամերիկ ամուսնոյն՝ Մանուկի կորուստին, աւելիով նուիրուեցաւ մեր ազգային կեանքի ծաղկումին եւ իր քալած ուղիէն իր եռանդը փոխանցեց նաեւ իր թոռներուն, որոնք մեր սկաուտական եւ մշակութային մարզերէն ներս գործօն եւ հաւատաւոր ներկայութիւն կը շարունակեն ըլլալ:
Հաւատաւոր ընկերուհիին թաղման տխուր արարողութիւնը  տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 19 Յուլիսի 2011-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ յունահայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր յուզիչ քարոզով վեր առաւ հանգուցեալի արժանիքները, անոր ծառայական ոգին, համեստ նկարագիրը եւ կենցաղը, ապա, ցաւակցութիւններ փոխանցեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Թաղականութեան անունով:
Ծաղկեպսակներ ղրկուած էին գաղափարի ընկերներու եւ միութեանց կողմէ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծանօթներ եւ գործակիցներ ներկայ  եղան արարողութեան, իրենց վերջին յարգանքը տալու համար նուիրեալ հանգուցեալին:
Հայկանուշ Միսաքեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով լի» երգի մեղեդիով՝ իր գաղափարակից ընկերներուն կողմէ:
Հողը թեթեւ ըլլայ սիրելի ընկերուհիին վրայ:

Ք. Է.