(Ազատ Օրի խմբագրութեան ընդառաջ)
Շարունակելով «Ազատ Օր»ի 69ամեակի առիթով սկսած հրապարակային մեր զրոյցը
Կար ժամանակ, ոչ շատ հեռաւոր, երբ ամէնօրեայ երեւոյթ էր, որ մարդիկ, գործէն վերադարձի ճամբուն վրայ փուռէն հաց գնելէ զատ, անպայման նաեւ օրաթերթն ալ կը գնէին ու ապա տուն կու գային: Հիմա այդպէս չէ:
Օրէ օր կը նուազի թիւը անոնց, որոնք դեռ կը սիրեն լրագիրի էջերը զգալ իրենց ձեռքերուն մէջ ու զայն թղթատել գաւաթ մը սուրճի ընկերակցութեամբ: Բայց սա այնքան ալ կարեւոր չէ, քանի որ օրուան որեւէ պահու մարդիկ կրնան համացանց մտնել համակարգիչի մը միջոցաւ թէ բջիջային հեռախօսով կամ ալ ելեկտրոնային տետրակով մը եւ տեղեկատուական տեսակաւոր կայքէջերու ընդմէջէն լուրեր իմանալ, իմացածները բաղդատել, արժեւորել. զիրենք հետաքրքրող խնդիրներու մասին մեկ-նաբանութիւններ կարդալ ու կատարել, «պլոկ»երու մէջ կարծիքներ փոխանակել , ընկերային ցանցերու մէջ հարցեր արծարծել...:
Այս առումով միջազգային մաշտաբով տպագիր մամուլը տագնապի մէջ է, իբրեւ հետեւանք արհեստագիտութեան արագընթաց նուաճումներուն, գաղափարախօսութեանց նահանջին, ինչպէս նաեւ ընկերային ու տնտեսական մարզերու նկատմամբ ձեւաւորուող նոր ըմբռնումներուն եւ նոր արժէքներու փնտռտուքին: Ահա այս ընդհանուր պատկերին ֆոնտին վրայ, հայ մամուլին դիմագրաւած դժուարութիւնները, նաեւ ցոյց տուած տկարութիւնները բազմատեսակ են, որոնց մասին գրաւոր զրոյցի սկսելու ամէնէն յարմար տեղը նոյնինքն մամուլն է եւ սեփական դժուարութիւններն ու տկարութիւնները յաղթահարելը նոյնպէս իր պարտականութիւնն է: Ահա նաեւ թէ ինչու կ՛արժէ շնորհաւորել «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը, որ այս նպատակին ձգտող նախաձեռնութեամբ մը կը դիմէ զանազաններու, որպէսզի գրութիւններով իրենց տեսակէտը յայտնեն եւ մասնակից դառնան հրապարակային գրաւոր զրոյցին :
Հայ օրաթերթը, բոլոր թերթերուն նման, անվիճելի է որ պիտի հետեւի տեղեկատուական ու արհեստագիտական աշխարհի մէջ իրագործուող յառաջխաղացքին, որպէսզի կարենայ յարատեւել : Պարզ է որ պիտի ունենայ կայքէջ, ընկերային ցանցի էջ, ժամը ժամուն լուր հաղորդելու հեւքին հասնելու ճկունութիւն, նիւթերու հարուստ ընտրացանկ, ընթերցողին կարծիքին տեղ պիտի տայ , եւայլն: Միեւնոյն ատեն պիտի կարենայ հարթել նիւթական իր դժուարութիւնները: Խնդիրներ են ասոնք , որոնք արդէն ինքնաբերաբար իրենք զիրենք կը պարտադրեն...
Բաւական է աչք մը նետել սփիւռքի հայագաղութներու պատկերին վրայ, հաստատելու համար որ սփիւռքի հայ թերթին հիմնական, բայց ջայլամի քաղաքականութեամբ չխոստովանուող մեծագոյն խնդիրը լեզուն է, հայերէնը :
Մամուլին գլխաւոր նպատակն է լուրեր եւ գաղափարներ տարածել , բայց ոչ միայն այդ: Ամէնօրեայ թերթը նաեւ ու մանաւանդ բաց ու յարատեւ դպրոց է ընթերցողին համար: Թերթը «գործարան» մըն է, ուր լեզու կ'արտադրուի, կը գործածուի, կը զարգանայ, փոփոխութիւններ կը կրէ, կը ժողովրդականանայ: Լեզուն կենդանի բջիջ ըլլալով, պիտի գործածուի որ չմեռնի: Լեզուն յուշարձան չէ, կայուն չէ, կը փոխուի ժողովուրդին ապրումներով եւ սերունդներու իւրայատկութիւններով: Հաղորդակցելու-յարաբերուելու միջոց ըլլալէ առաջ ու վերջ, լեզուն ժողովուրդին մտային ու մշակութային ստեղծագործութիւններուն, ընկերային ու քաղաքական առաջադրանքներուն արտայայտիչն է: Նոյնն է նաեւ մամուլը: Ապա նաեւ, մեր նախասիրած օրաթերթի ընտրութիւնը ընկերային եւ գաղափարաբանական խումբի մը պատկանելիութիւն կը զգացնէ: Իսկ մայրենի լեզուն՝ միեւնոյն ազգին պատկանող անհատներուն միջեւ՝ հասարակ յայտարար է, զիրար ճանչնալու գործօն: Ահա թէ ինչու հայ թերթը հայերէն լեզուի պահպանման ու զարգացման բերդապահն է:
Բայց... բերդապահ մը առանց վահանի...կամ... ծակծկած վահանով:
Ներկայիս հայ թերթը ի՞նչ համեմատութեամբ կը մտնէ նորաստեղծ կամ նոյնիսկ վերջին տասնամեակին կազմուած հայ ընտանիքներուն տուները. ի՞նչ համեմատութեամբ կը կարդացուի միջին տարիքի տէր հայ անհատներէն, նոյնիսկ եթէ անոնց տուները կը մտնէ. ի՞նչ համեմատութեամբ երիտասարդներուն ձեռքը կ՛անցնի՝ միայն խորագիրներուն վրայ աչք մը նետելու համար գոնէ: Պատասխանը կը յուսահատեցնէ: Իրականութիւնը այն է , թէ հայ թերթի հաւատարիմ բարեկամները երէց սերունդի ներկայացուցիչներն են միայն, որոնք դժբախտաբար չեն կարողացած իրենց այդ հաւատարմութիւնը փոխանցել նորերուն:
Ոմանք կը հաւատան ու կը փորձեն հաւատացնել, թէ հայերէն լեզուն է մամուլի այսօրուան տժգոյն պատկերին պատճառը: Այսինքն թէ՝ նոր սերունդի մօտ հայերէն լեզուի գիտութեան կամ գործածութեան տկարութիւնը պատճառ է, որ անոնք հայ թերթ չեն կարդար: Եւ իբրեւ լուծում կը հրատարակուին անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն, արաբերէն թէ այլ լեզուներով յաւելեալ էջեր ու թիւեր, օտար լեզուով կայքէջներ կը հաստատեն կամ պարբերաթերթեր լոյս կÿընծայեն ու կը մխիթարուին: Անշուշտ ոչ ոք կրնայ ժխտել հայերէնի մտահոգիչ նահանջը: Սակայն ոչ ոք շեշտակի չի հարցադրեր ու պրպտում չի կատարեր, թէ արդեօք ինչո՞ւ ամէնօրեայ հայկական նախակրթարան կամ միջնակարգ աւարտած հայ երիտասարդը չկարենայ-չուզէ լուր մը կամ նշմար մը կարդալ հայերէնով: Ինչո՞ւ գիտցած հայերէնը բաւարար չէ ու չի հասկընար կարդացածը: Պատասխանատուն ընտանի՞քն է, (դաստիարակութի՞ւն), դպրո՞ցն է (անբաւարար մակարդա՞կ) թէ թե՞րթը (գործածուած խրթին լեզու) : Եթէ թերթին գործածած լեզուն խրթին է, ատիկա դժուար չէ դիմագրաւելը: Եթէ դպրոցը անբաւարար է, ատիկա լուրջ որոշումներու եւ նախաձեռնութիւններու պահանջքը կը դնէ: Եթէ ընտանիքի դաստիարակութիւնն է պատճառը, այն ատեն ճակատագրական հանգրուանի հասած ենք...
Մտածումի եւ կարծիքներու արտայայտութեան ազատ ասպարէզ տալը եւ ընթերցողներուն հետաքրքրութիւններուն չափանիշը գտնելը նոյնպէս եւ յա՛տկապէս կարեւոր հարցեր են, որոնք ուղղակի շաղկապուած են հայերէնը կարդալու տրամադրութեան հետ: Անշուշտ նաեւ թերթ կարդալու ընտանեկան սովորութիւնները փոքր տարիքէն կ'ազդեն հայերէնը կարդալու տրամադրութեան վրայ:
Մեր թերթերուն համար օտար լեզուին դիմելը նոր սերունդը ներգրաւելու լուծում կը թուի ըլլալ եւ այս հանգրուանին ժամանակաւոր արդիւնք մը թերեւս ունենայ: Ինչպէս բացասական արտայայտութեամբ մը յոյները կ՛ըսեն, «հոս որ հասանք» ժամանակաւոր օգուտ մը կու տայ, եթէ միաժամանակ վերլուծուին իսկական պատճառները եւ քաջաբար որոնուին ազդու լուծումներ՝ հայ անհատը հա՛յ թերթին մօտեցնելու համար, եւ ոչ՝ թէ հայկական հարցեր շօշափող օտարալեզու թերթերով բաւարարուինք ու մխիթարուինք :
Ոեւէ աշակերտ օտար լեզու մը սորվելու դասընթացքի երբ կը հետեւի, անկախ անոր տարիքէն, լեզուական որոշ մակարդակի մը հասնելէ վերջ, ուսուցման համակարգը եւ ուսուցիչները կը մղեն զինք, որ օրաթերթերէ կամ պարբերաթերթերէ քաղուած յօդուածներ կարդայ ուսուցուած լեզուով ու անոնց վրայ վարժութիւններ կատարէ, որպէսզի լաւ ընտելանայ սորված լեզուին իւրայատկութիւններուն եւ այդ լեզուին տէր ազգին մշակութային հոգեբանութիւնը ճանչնայ:
Կ՛արժէ յիշել որ մեր այբուբենի հնարքէն առաջ մեր ժողովուրդը իր լեզուն եւ իր ինքնութիւնը պահպանեց գործածելով ասորական, պարսկական կամ յունական տառերը՝ գրութիւններու պարագային, բայց հայերէ՛ն գրելով ու խօսելով: Եթէ ոչ՝ ասորի, պարսիկ դարձած պիտի ըլլար: Աւելի վերջ, թրքական տիրապետութեան տարիներուն, վստահաբար պայմաններու հրամայականին տակ, մենք ունեցած ենք նոյնիսկ թրքատառ հայերէնով թերթեր ու գրքեր կամ հակառակը՝ հայատառ թրքերէն թերթեր տարբեր շրջաններու մէջ, եւ այսպէս փրկած ենք մեր լեզուն՝ բանաւոր թէ գրաւոր: Իսկ հիմա՞: Հիմա կամաց-կամաց սկսած ենք տեղի տալ, որպէսզի դիւրիւթեամբ հաղորդակցինք իրարու հետ տեղական լեզուներով:
Թերթի եւ լեզուի իմաստը միայն հաղորդակցութեան մէջ չէ, այլ առաջինին՝ առաքելութեան ու երկրորդի պարագային՝ արժէքին մէջն է: Իբրեւ այդպիսին, տեղական ու համասփիւռքեան մակարդակներու վրայ հաւաքական ու անհատական կամքն եւ ջանքը կարեւոր են, որպէսզի հայ թերթը բարեկամը դառնայ հայ ընտանիքին: Մանաւանդ կարեւոր է համոզումը,թէ լեզուն երկրորդական խնդիր չէ հայ թերթին յարատեւման եւ առաքելութեան համար:
Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան