Խոջալուի վրայ յարձակում գործած ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերը, խաղաղ բնակիչներուն միջանցք թողած էին՝ անվտանգ հեռանալու համար: Այս մասին նախապէս տեղեկացուած է հակառակորդ կողմին: Խոջալուի կրակակէտերը ճնշելու գործողութեան նախապատրաստման
մասին եւս հակառակորդը տեղեակ պահուած էր երկու ամիս առաջ. իրողութիւն մը որ հաստատած են նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնատար մարդիկ, մասնաւորապէս՝ Այազ Մութալիպովը: Սակայն, ըստ ԱԳՆ հաղորդագրութեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են՝ խաղաղ բնակչութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բերելու համար: Աւելին, խաղաղ քաղաքացիներու շարասիւները գնդակահարւած են Աղդամի շրջանի սահմանային մատոյցներուն մօտ, ատրպէյճանցիներու կողմէ, ինչ որ աւելի ուշ հաստատած է Ա. Մութալիպովը՝ այդ յանցաւոր գործողութիւնը կապելով զինք իշխանութենէն հեռացնելու եւ պատասխանատուութիւնն իր վրայ բարդելու ընդդիմութեան փորձերուն հետ:
Ատրպէյճան ձեռնարկած է աւանդական հակահայկական արշաւի մը՝ կապուած 1992ի Խոջալուի իրադարձութիւններուն հետ: «Պաշտօնական ատրպէյճանական քարոզչութիւնը նախկինի պէս խտրութիւն չի դնում միջոցներում՝ ողբերգութեան մէջ հայկական կողմին մեղադրելու համար, միջազգային հանրութեան եւ սեփական ժողովրդի գիտակցութեան մէջ ներարկելով հայատեացութեան թոյնի նոր չափաբաժին: Դեռ աւելին, Պաքուն շարունակում է արդէն մերկացած կեղծիքներ տիրաժաւորել (բազմացնել ու տարածել)», կը յայտնէ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Անցեալ տարի ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էր կեղծուած լուսանկարի մը վրայ, որ տեղադրուած է ատրպէյճանական շարք մը կայքէջերու մէջ, ներառեալ՝ «Հէյդար Ալիեւի հիմնադրամ»ի կայքէջին: Լուսանկարին մէջ քաղաքացիներու դիակներէն բացի, կ'երեւի բնակավայրի մը ծայրամասը: Ըստ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, բնակավայրին պատկերը, պէտք է ճշմարտութիւն հաղորդէր Խոջալուի մէջ ատրպէյճանցիներու զանգուածային սպանութիւններուն մասին՝ Պաքուի տարբերակին: «Մինչդեռ վերոյիշեալ լուսանկարին գունաւոր տարբերակը միանգամայն հերքում է այդ վարկածը՝ զոհուածների արտաքին տեսքի, նրանց հագուստի եւ այլնի առումով: Իրականում լուսանկարը անմիջականօրէն առնչւում է Քոսովոյի հետ: Հէնց այդ որակով բազմաթիւ այլ լուսանկարների հետ, այն տեղադրուել է եւ յիշատակւում է սերպական, ալպանական, գերմանական, ինչպէս նաեւ «Նիւ Եորք թայմզ» հեղինակաւոր պարբերականի կայքէջերում: «Այնուամենայնիւ, ցուցադրուած բացայայտ կեղծիքը, ըստ ամենայնի, շարունակում է մնալ շատ ատրպէյճանական կայքէջերում՝ մոլորութեան մէջ գցելով չտեղեկացուածներին: Ամբողջ աշխարհով մէկ նաեւ տարածւում են տուեալ կեղծիքով բուկլետներ (գրքոյկներ)», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ի՛նչ պատահեցաւ Խոջալուի մէջ
Ղարաբաղի ԱԳՆ տեղեկատուական վարչութիւնը կը յիշեցնէ, որ 1992 Փետրուարի 25-26ին, ղարաբաղեան կողմը ռազմական գործողութիւն սկսած է Խոջալու բնակավայրի կրակակէտերու վերացման, եւ նոյն աւանին մօտ գտնուող միակ օդակայանի ապաշրջափակման նպատակով: 1991էն սկսեալ, այդ շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերը ենթարկուած են ատրպէյճանական ՕՄՕՆականներու (յատուկ նշանակութեան ոստիկանական ջոկատներու) յարձակումներուն, գնդակոծուած են «Ալազան», «Քրիսթալ» եւ համազարկային կրակի «Կրատ» հռթիրարձակ կայաններէ: Խոջալուի օդակայանին ապաշրջափակումը եւ հակառակորդի կրակակէտերու վնասազերծումը ԼՂՀ բնակչութեան համար կենսական անհրաժեշտութիւն էր: Խոջալուի վրայ յարձակում գործած ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերը, խաղաղ բնակիչներուն միջանցք թողած էին՝ անվտանգ հեռանալու համար: Այս մասին նախապէս տեղեկաց- ւած է հակառակորդ կողմին: Խոջալուի կրակակէտերը ճնշելու գործողութեան նախապատրաստման մասին եւս հակառակորդը տեղեակ պահւած էր երկու ամիս առաջ. իրողութիւն մը որ հաստատած են նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնատար մարդիկ, մասնաւորապէս՝ Այազ Մութալիպովը: Սակայն, ըստ ԱԳՆ հաղորդագրութեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են՝ խաղաղ բնակչութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բերելու համար: Աւելին, խաղաղ քաղաքացիներու շարասիւները գնդակահարուած են Աղդամի շրջանի սահմանային մատոյցներուն մօտ, ատրպէյճանցիներու կողմէ, ինչ որ աւելի ուշ հաստատած է Ա. Մութալիպովը՝ այդ յանցաւոր գործողութիւնը կապելով զինք իշխանութենէն հեռացնելու եւ պատասխանատուութիւնն իր վրայ բարդելու ընդդիմութեան փորձերուն հետ: Տարածքը, ուր հետագային բազմաթիւ սպաննուածներու դիակներով պատկերներ նկարա- հանուած են, կը գտնուի Աղդամէն 3, իսկ Խոջալուէն 11 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մինչեւ 1993ի ամրան Աղդամի անկումը, տուեալ տարածքը ամբողջովին կը վերահսկուէր Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատին կողմէ: «Առայսօր մշուշապատ են մնում այդ ռազմական գործողութեան որոշ մանրամասներ, ինչն ակտիւօրէն շահարկւում է պաշտօնական Պաքուի կողմից իր քաղաքական նպատակներին հասնելու համար: Յատկանշական է, որ այդ ամբողջ քարոզչութիւնը տարւում է վառ արտայայտուած հակահայկական շեշտադրումներով ու օգտագործւում ատրպէյճանցիների շրջանում հայերի դէմ ուղղւած էթնիկ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան շիկացման համար: Ցաւօք, «Խոջալու»ի թեման շարունակում է մնալ Ատրպէյճանի ներքին եւ արտաքին տեղեկատուական, աւելի ճիշդ, ապատեղեկատուական քաղաքականութեան անկիւնաքարը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի ենթատեքստում», գրուած է Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները վերջին շրջանին կը փորձեն Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան մարտերը ղեկավարած շարք մը հայ հրամանատարներ միջազգային դատարան տանիլ՝ զանոնք իբրեւ ցեղասպաններ ամբաստանելով: