Անսպասելի գուժը քանի մը ամիս առաջ լսուեցաւ սփիւռքէն Հայաստան: Ոչ եւս էր հայրենի սիրուած ու միշտ փնտռուած ժողովրդային ու քնարական երգերու անզուգական մեկնաբան երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան:
Հայաստանի մէջ իր յիշատակին նուիրուած երգահանդէսներ կազմակերպուեցան, մասնաւորաբար իւրայատուկ էր հայրենի պատկերասփիւռային յայտագիր «Երգ երգոց»-ին ներկայացուցած երգերու փունջը: Ցաւով, արցունքով յիշուեցաւ Գիւմրիի ծնունդ Ֆլորա Մարտիրոսեան, որուն յիշատակին յատուկ երգահանդէս մը կազմակերպեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Կիրակի, 17 Փետրուար 2013-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ:
Ներկայ եղան տարաբախտ արուեստագիտուհիին երգերը սիրող հոծ թիւով հանդիսականներ: Երգահանդէսին մասնակցելու հրաւիրուած էին լիբանանահայ երիտասարդ վեց երգչուհիներ՝ Հայկանայ Մուրատեան, Դալար Սիմոնեան, Վարանդա Եագուպեան, Լուսին Տեմիրճեան, Գոհար Յակոբեան եւ Ալիս Իփրաճեան: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանահայ ժողովրդային երգերու մեկնաբաններ Գարմէն Աճեմեան, Մանուկ Մինասեան եւ դասական երգերու սոփրանօ երգչուհի Շողիկ Թորոսեան:
Բեմը յարդարուած էր օրուան մթնոլորտը պարզաբանող ճաշակով եւ մեղմ լուսազարդարումով: Երգչուհիին նկարը եւ Համազգայինի խորհրդանշանը թելադրական բնոյթ ունէին, մասնաւորաբար Ֆլորային երգերը կը հնչէին մինչեւ յայտագրին սկիզբը, երբ օրուան հանդիսավարը դերասան, բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան բացման խօսքով յայտարարեց ձեռնարկին նպատակը՝ Ֆլորա Մարտիրոսեանի ծանօթացումով:
Տուտուկահար Յակոբ Քլուկեանի նուագով սկսաւ հանդիսութիւնը:
«Աղթամար» նուագախումբը ընկերացաւ երգողներուն: Քնարաշունչ երգեր էին մեծ մասամբ, հետեւաբար նուագախումբը իր զօրաւոր նուագով տեղ-տեղ դժուարացուց «Տըլէ եաման»-ներու նման մեղմահունչ երգերուն մեկնաբանութեանց մթնոլորտը: Նախընտրելի էր, որ նկատի առնուէին երգերուն «տեսականին»:
Արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման սիրոյն հրապարակային թելադրանք կը կատարուին, խտացեալ դասընթացքներ տեղի կ՛ունենան: Հարկ է նախանձախնդիր ըլլալ այս կարեւոր հարցին նկատմամբ, լեզուական արտայայտութիւններու պարագային, պահպանելով արեւմտահայերէնը, մանաւանդ‘ բեմի զրոյցներու ընթացքին:
Չմոռնանք յիշելու, որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին նուիրուած այս երգահանդէսը կը մկրտուէր «Երգ երգոց» լիբանանեան «մակնիշով»: Այս ժառանգութիւնը մեզի կը փոխանցուի հայերէնի «Երգ երգոց»-ի յայտագիրներէն, նաեւ՝ յիշեալ «Երգ երգոց»-ին Լիբանան այցելութենէն ետք: Մեր երգչուհիները կատարեցին հիանալի երգեցողութիւն, արժանաւորութեամբ մեկնաբանեցին Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգացանկին երգերը՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ու քաջալերական ծափերուն:
Ինչ կը վերաբերի հիւր երգիչներուն մասնակցութեան, Մանուկ Մինասեանի «Կ՛ուզեմ հիմի փչէ զուռնէն» երգը (խօսք Եղիշէ Չարենցի) երգին ունկնդրութիւնը եղաւ յուզիչ եւ սրտամօտ: Շողիկ Թորոսեան ներկայացուց Յովհաննէս Շիրազի «Մայրս առաւ» քնարական երգը‘ հնչեղ եւ քաղցրալուր մեկնաբանութեամբ: Շողիկ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հունձքին կը պատկանի: Ան ներկայիս կը դասաւանդէ երգի ուսուցում, նաեւ մենակատարն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին: Գարմէն Աճեմեան ներկայացուց իր սիրած երգարուեստէն, աշուղական երգացանկէն երգ մը՝ յիշեցնելով հաղորդականութիւնը գուսանական երգարուեստին:
Երգահանդէսին սկիզբը եւ աւարտին ցուցադրուեցաւ Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգահանդէսներէն ու երգերէն պատրաստուած տեսերիզ մը՝ ներկաները անմիջական հաղորդակցութեան կապով մօտեցնելով աննման երգչուհիին, որ այնքան շուտ հեռացաւ իր հայրենիքէն եւ երգարուեստի աշխարհէն: Բայց իր յիշատակը վառ պիտի մնայ բոլորին սրտերուն մէջ, որովհետեւ Ֆլորա Մար¬ տիրոսեանին երգերը սրտի ու հոգիի հետ խօսող զօրութիւն եւ հաճելի փայ¬ փայանք ունին:
Շնորհակալութիւն ձեռնարկի կազմակերպիչ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ մեր արուեստասէր ժողովուրդին կը յիշեցնէ մեր արժէքները:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ