Շտապ ու արագօրէն ընթացող այս ճեպընթաց դարուն, լեզուներն ալ կþենթարկուին ամէն տեսակի եղափոխութիւններու, փոփոխութիւններու, սղումներու, որոնց կարգին մեր շատ սիրելի Մաշտոցեան լեզուն:

Յատկապէս, վերջերս օտար լեզուով դպրոցներու օրինագիծ մը երկար քննարկումի եւ բուռն բանավէճի դուռ բացաւ Ազգային Ժողովէն ներս, խլելով ժամեր:

Ինքնին իր բարդ եւ այլազան ենթաբաժանումները ունի հայ լեզուն, գրաբարի, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զանազան ճիւղաւորումներով, դեռ անշուշտ մէկդի դրած զանազան բարբառները: Սակայն մէկ բան յստակ է թէ հայ լեզուն հայորդիին համար միշտ ունի կենսական նշանակութիւն: Անուղղակիօրէն հայ ազգի մղած պայքարն ու հայ լեզուի գոյատեւումը…չորս հազար տարիէ ի վեր, ունին իրենց խոր ու ամրակուռ կապը:

Ազգային Ժողովի յառաջիկայ օրերու կամ ժամերու քննարկելիք օրինագիծէն առաջ, 2007 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., մտահոգուած հայ լեզուի նահանջէն, այդ տարին հռչակած էր «Հայ Լեզուի Տարի»: Հետաքրքրականօրէն եւ ամէնայն զուգադիպութեամբ, Հայաստանի մէջ, լեզուի պետական տեսչութիւնը միեւնոյն տարին՝ 2007ը , յայտարարեց «Հայ լեզուի անաղարտութեան տարի»:

Կառչած հայ լեզուին, շատ են այն գրագէտները, որոնք արձակ գրութիւններով թէ բանաստեղծութիւններով նշած են իրենց կապուածութիւնն ու յարգանքը այս լեզուին:

Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպն իսկ հայ ազգային արժէքներուն եւ հայերէն լեզուին ներկայացումն ու պանծացումն է: Դանիէլ Վարուժան, իր իւրայատուկ «Վարուժանեան» ժայթաքումներով փառաբանած է իր մայրենի լեզուն: Շաւարշ Նարդունի, իր «Կարօտ Հայ Լեզուի»ով, տողեր շարադրած է:

Վահագն Դաւթեան սիրահարուած հայ լեզուին, իր «Ներբող Հայ Լեզուին» բանաստեղծութեան մէջ. «Դու սէր առաջին, առաջին մորմոք, առաջին աղօթք» կը նկարագրէ զայն:

Վահան Թէքէեան իր «Տաղ Հայ Լեզուին» գործին մէջ անծայրածիր մրգաստան փոխադրուած է. «Քեզ հայ լեզու կը սիրեմ, մրգաստանի մը նման…»:

Պարոյր Սեւակի համար «Դու մեր մեծ երթի գաւազանակիր» («Մայրենի լեզու»), հայ լեզուն իւրայատուկ բան կը բուրէ Պոլսահայ Զահրատին համար, որ «Մեսրոպաբոյր»ը կը սկսի բուրումնաւէտ . «Խունկ կը բուրեն…որդան կարմիր ու մագաղաթ կը բուրեն» տողով: Վերջապէս Մուշեղ Իշխանի համար ցամաքամասային լայնատարած իմաստ ունի…«Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն…»:

Հուսկ Բանք, ժամանակն է այլեւս վերարժեւորելու բարոյական ե յաւիտենական արժէքները եւ վերականգնելու ազգային կուռքերն ու կերպարները:

«Հայրենիք»