Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս պատահած հրաշալիքներէն մէկն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյութիւնը, որուն հիմնադրութեան 95-ամեակը կը պատրաստուինք տօնելու Սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի մէջ։

Մօտ 95 տարիներ առաջ, 1918 Նոյեմբերին, Մեծ Եղեռնէն հրաշքով ազատած, հայ կեանքի խանդավառ օրերուն, երբ հիմը դրուած էր Հայաստանի անկախ հանրապետութեան, խումբ մը գաղափարապաշտ տղաք, Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէին Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.¬ին, որուն կուգար միանալու նաեւ հայ սկաուտութիւնը։

Միութիւն մը կազմելու գաղափարը արդէն իսկ կանուխէն կար հիմնադիրներու մտքին մէջ, Եղեռնէն փրկուած հայ որբերը մէկ դրօշի տակ համախմբելով, անոնց տալու հայեցի դաստիարակութիւն, առողջ մտքով ու առողջ մարմնով, որպէս ապագայ զաւակները հայրենիքին։

Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր, որը առաջին օրէն դարձաւ հայութեան գուրգուրանքին առարկայ, որուն ծրագիրներուն մէջ մենք տեսանք մեր ժողովուրդը ազնուացնող ու հոգին մշակող մեր կեանքի լուսաւոր ուղին։

Հ.Մ.Ը.Մ. հիմնուեցաւ հայրենիքին ծառայելու համար, բայց դժբախտաբար ճակատագիրը զինք հեռու պահեց հայրենիքէն եւ ապրեցաւ հայրենիքէն դուրս, օտարութեան մէջ։ Այդ բոլորով հանդերձ, իր ժողովուրդին հետ տարագիր, Հ.Մ.Ը.Մ. իր գաղափարական առողջ ոգիով ու հայրենասիրական ապրումներով գրկաբաց ընդունուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ, ուր որ գնաց ու հասակ նետեց։ Մնաց հաւատարիմ զինք հիւրընկալող պետութիւններուն հանդէպ ու դարձաւ բոլորին սիրելի միութիւնը։

Արդարեւ, շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին մենք ունեցանք կարգապահ եւ հայկական արժէքներու գիտակից երիտասարդութիւն մը, որ տէր կանգնեցաւ մեր արժէքներուն, դարձաւ իր հիմնադիրներուն ձգած կտակին աւանդապահը ու քալեց հայ կեանքի բոլոր ճամբաներէն, հայ ժողովուրդին անունն ու պատիւը միշտ բարձր պահած։

Այսօր 95-ամեակի սեմին Հ.Մ.Ը.Մ. հարազատ զաւակն է արդէն հայրենիքին։ Մենք խորապէս վստահ ենք որ Հ.Մ.Ը.Մ. այսօր որպէս համագաղութային կազմակերպութիւն, իր բոլոր մասնաճիւղերով ու համահայկական գործունէութեան ընդարձակ դաշտով վերանորոգ հաւատքով պիտի շարունակէ ապրիլ ու սերունդներ ներշնչել, փառքի նոր յաղթանակներ աւելցնելով զինք ծնող ժողովուրդի ճակտին։

Կ. Գ.