Վերջին ամիսներու ընթացքին, բազմաթիւ շնորհաւորական գիրեր ու հեռաձայններ ստացանք (ու կը ստանանք տակաւին) այլազան անձերէ, ծանօթներէ, անծանօթներէ, մօտակայ ու հեռակայ ընկերներէ եւ բարեկամներէ, որոնք գնահատանքով կ՛արտայայտուին Հայաստանի Արագածոտն Մարզի Ուշի գիւղին մէջ մեր ապրած կեանքին ու առհասարակ կրթական, մշակութային եւ այլ հասարակական ասպարէզներուն մէջ մեր կատարած ու ապագային կատարելիք գործերու մասին:
Երեւանի հեռատեսիլի «Շողակաթ» կայանի մեր մասին պատրաստած տեսերիզը (վիտիոն) մեծապէս իր նպաստը բերաւ, ինծի եւ Էլիզին համար քիչ մը տարօրինակ թուող, այս երեւոյթին: (Ըստ մեր կարդացած փաստացի տուեալներուն, ցարդ զայն դիտողները երեք հազարէ աւելի են: Անհաւատալի, բայց իրաւ):
Բոլորն ալ անխտիր, գրաւոր կամ բերանացի, կը յատնեն մեզի: Կը մէջբերեմ:
«Բարի նախանձով դիտեցինք Հայաստանի ձեր կեանքը...»: «Կը զարմանանք ձեր ունեցած քաջութեան վրայ...»: «Մենք միայն կը խօսինք, իսկ դուք կը գործէք...»: «Մենք ալ կը մտածենք Հայաստան փոխադրուիլ...»: Ուշի գիւղին մէջ ձեր ապրած կեանքը եւ հոն կատարած ձեր գործերը տեսնելով, կինս ու ես, հոգեկան փոփոխութեան ենթարկուեցանք...»: Եւայլն...եւայլն...: Այս բոլորը կարդալէ եւ անձնապէս լսելէ ետք, օրերու ընթացքին, հետեւեալ մտորումները յանձնեցի թուղթին, առանց բանաստեղծական թռիչքներու մէջ դեգերելու...
Իմացական աշխարհին մէջ, ընդունուած է թէ, ամէն անհատի մտորումներու թելը չի տարբերիր իր ապրած կեանքին, զգացածներուն ու կատարած գործերուն ճշմարտութիւններէն: Անոնք, իր կենսագրութեան ու իր հաւատացածներուն դրսեւորումներն են, ձեւով մը: Կայ նաեւ ուրիշ ճշմարտութիւն մը, թէ երջանկութիւնները բառերով չեն արտայայտուիր...
Փորձենք կարդալ...
Եկուր ընկեր..
Եկուր ընկեր, եկուր երթանք միասին
երկիրն այն, որուն համար տոկացինք,
պայքարեցանք գոյատեւել որպէս հայ,
որ օտարին ձեռքը գերի չդառնանք:
Դժուար եղաւ կեանքը օտար վայրերուն
ես որպէս հայ կ՛ըսեմ միայն, հասկցէք
բոլորն ալ ուզեցին մեզ հաշտ ձուլել,
իրենց ազգին մէկ մասնիկը դարձնել:
Մաքառեցանք հոսանքին դէմ ազգային,
զոհեր տուինք նոյնիսկ օտար խորանին,
բայց տոկացինք, արիւնելով քալեցինք
համայնակուլ բաւիղներուն մէջ խրթին:
Հիմա ունինք ազատ երկիր, հայրենիք,
Արարատի սահմանին մօտ գտնուող,
ուր անվկանդ պայքար ունինք տանելիք,
որ լեռը Սուրբ վերադառնայ հայրենիք:
Հայրենիքի ներկան եթէ մենք դարբնենք
հաւատացէք մեր ապագան կը կերտենք,
հոն պէտք է որ միաւորուինք ազգովին,
հզօրանանք, որ տիրանանք մեր Դատին:
Ուրիշ մտքեր երբ կը յայտնես սնոտի,
-կը լոլոզես, որ հայրենիք պէտք չունիս-
քեզի կ՛ըսեմ, Աստուած կեանքդ թող պահէ,
որ զայն ապրիս ինչպէս քեզի կը վայլէ:
Բայց լաւ գիտցիր, որ հոգւոյդ մէջ անթեղուած
բոց մը ունիս, որ քեզ հանգիստ չի թողուր
ու այդ բոցէն ձերբազատուիլ չես կրնար,
ուրիշ մտքեր մի որոներ դուն ի զուր:
Ուրիշ տեղեր բանտ են քեզի պարզապէս
-ես որպէս հայ կը նկատեմ այս մէկը-
ուր որ ապրիս, ինչ կեանքի տէր ալ ըլլաս,
հայրենիքիդ ձայնին չանսալ չես կրնար:
Մտիկ ըրէ այդ ձայնին դուն ազգակերտ,
հայ Աստուծոյ ձայնըն է այդ, սրբականչ,
որ երկիրդ կը պատուիրէ որ երթաս,
եւ հայ կեանքիդ ազատ կամքով տէր դառնաս:
Եկուր ընկեր, եկուր երթանք միասին
երկիրն այն, որուն համար տոկացինք:
Մարգար Շարապխանեան