Բրիտանական Guardian Weekly-ին հրապարակած է ֆրանսացի լրագրող Փիթր Սմոլեարի յօդուածը, որ որոշ կրճատումներով ներկայացուցած է News.am-ը:

“Դէպի ծով ելք չունեցող Հայաստանը կ’երազէ խաղաղ զարգացման մասին վերջին 20 տարիներուն ընթացքին: Բայց անոր ապագային կը հետապնդեն մեծ անորոշութիւնները` կապուած չկարգաւորուած ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ, ուր Հայաստանը կը դիմագրաւէ հարեւան Ատրպէյճանը:

Սակայն, կարծես, մեծ կասկածներ չկան Փետրուար 18-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Բոլոր կէտերով նախասիրութիւնը գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանն է: Խորհրդային նախկին բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ գործող ղեկավարը վճռորոշ առաւելութիւն ունի, ան կը վերահսկէ պետական դասը ոչ միայն ազգային, այլեւ տեղական մակարդակներու վրայ, որ թոյլ կու տայ զօրաշարժել ընտրողները: Այս պարագային ընդդիմութեան տարբեր թեկնածուներ դուրս մնացին պայքարէն, որ Սարգսեանի կեանքը աւելի դիւրացուցին:

Դեկտեմբերին նախկին նախագահ, 68-ամեայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յանձնուեցաւ իբր տարիքի պատճառով, որ զարմանք յառաջացուցած էր: Անոր կուսակցութիւնը՝ Հայ ազգային կոնգրէսը, որոշեց չաջակցիլ աւելի երիտասարդ թեկնածուի՝ նախընտրելով դատապարտել ընտրութիւնները, թէ անոնք արդէն կեղծուած են: «Տէր Պետրոսեանը գիտէր, որ իր հաւանական պարտութիւնը քաղաքական ասպարէզի աւարտ պիտի նշանակէ, ուստի այլընտրանք չունէր»,- ըսած է Ահարոն Ատիբեկեան՝ «Սոցիոմետր» հիմնարկի ղեկավարը, որ կը պնդէ, թէ Սերժ Սարգսեանը բոլորէն առաջ է առնուազն 25 տոկոսով:

2008-ին Տէր Պետրոսեանը պարտուեցաւ, որ յարուցեց դաժան բախումներ անոր կողմնակիցներու եւ ոստիկանութեան միջեւ, յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն: Վարչաձեւը անոր մեղադրեց իշխանութիւնը ուժով գրաւելու փորձի, նաեւ տասը ցուցարարներու մահուան մէջ: Այս անգամ Տէր Պետրոսեանը որոշեց խուսափիլ բախումէն:

Ոչ ոք կը ներկայացնէ նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, թէեւ անիկա զբաղցուցած էր երկրորդ տեղը Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: ԲՀԿ առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանը նոյնպէս որոշեց չմրցակցիլ նախագահի հետ: Միւս թեկնածուները, այդուհանդերձ պիտի մրցակցին, մասնաւորապէս Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը՝ անկախացումէն ետք երկրի արտաքին գործոց առաջին նախարարը:

Ան այցելած է Փարիզ Յունուար 17-ին՝ բանակցելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի դիւանագիտական խորհրդականներէն մէկուն՝ Փօլ Ժան-Օրդիսի հետ: «Մենք կը լողանք հոսանքին հակառակ: Մարդիկ ճակատագրապաշտ են»,- ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Ատիկա ընտրութիւններու կեղծման նախկին փորձի եւ բացարձակ անարդիւնաւէտ եւրոպամէտ ելոյթներու պատճառով է»:

Ամերիկայի մէջ ծնած Յովհաննիսեանը «տարօրինակ» կը համարէ, որ միւս կուսակցութիւնները հրաժարեցան պայքարէն, սակայն վստահ է, որ ինքը առիթ ունի, եթէ անցնի երկրորդ փուլ: Ան կը պահանջէ հեռուստատեսային բանավէճեր: Յովհաննիսեան նաեւ կը պնդէ, որ իր կողմնակիցները կ’ահաբեկեն մարզերու մէջ եւ դիմած է նախագահին՝ նման արարքներու մէջ պատասխանատու անձերուն պատասխա- նատուութեան ենթարկելու կոչով:

Բացի տնտեսական խնդիրներէն, ընտրական արշաւին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է նաեւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ շարունակուող հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացներուն վրայ»: