Իր տեսակին մէջ առաջինը չէ ազերի գրող Աքրամ Այլիսլիի հալածանքի դէպքը Ատրպէյճանի մէջ։
Ինքզինք քաղաքակիրթ ձեւացնող, սակայն էապէս յետամնաց ու յետադիմական այս երկրի կողմէ հակաքաղաքա կրթական հալածանք ու ատելութեան դրսեւորումներ միշտ տեսած ենք։ Դեռ թարմ է օրինակը Սաֆարովեան գայթակղութեան, երբ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահար սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը «հերոս»ի ընդունելութեան կ'արժանանար Ատրպէյճանի մենատէրին կողմէ՝ Պաքու իր վերադարձին։
Այդ օրերուն ալ գտնուեցան ազերի մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ, որոնք հակառակելու եւ սխալը մատնանշելու փորձեր կատարեցին, սակայն դատապարտուեցան լռութեան...
Նոյնը դարձեալ կը պատահի, այսօր, 1988-90ական թուականներուն անդրադարձող եւ ատրպէյճանցիներու վայրագութիւնները նկարագրող «Քարէ երազներ» վէպի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի հետ, որուն կեցուածքը թրքութեան դէմ «անարգանք» հռչակուած է եւ որուն դէմ, պաշտօնապէս, «սրբազան պատերազմ» յայտարարուած է՝ 10 հազար մանէթ խոստանալով այն անձին, որ գրողին ականջը պիտի կտրէ։
Այս յայտարարութեան նախորդած էին երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը՝ թէ իր պարգեւներէն, շքանշաններէն ու երեսփոխանական թոշակէն կը զրկէ 75ամեայ Այլիսլին, փաստօրէն ցոյց տալով հալածանքի ճանապարհը մտքի ու գրչի այս մարդուն հանդէպ։ Հալածանքի թիրախ հռչակուած են նաեւ անոր ընտանիքը. որդին ու կինը անմիջապէս արձակուած են իրենց աշխատանքներէն։ Իսկ Այլիսլիի բնակարանին դէմ կատաղի ցոյց կատարող խուժանը կը պահանջէ, որ DNAի քննութեան ենթարկուի ազերի մեծ գրողը, որովհետեւ ան չի կրնար ազերիի արիւն ունենալ... եղեր։
Այլիսլի իր վէպի մասին խօսելով ըսած է, թէ երկու ժողովուրդներուն՝ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ խաղաղութեան պատգամ մը փորձած է փոխանցել՝ համոզում յայտնելով, որ անոնք կրնան ապրիլ իրարու հետ:
Ամբողջ աշխարհը շրջած է արդէն Այլիսլիի դէմ յարձակումներու արձագանգը։ Մտաւորական եւ մարդկային իրաւանց շրջանակներ, որոնց շարքին թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօղլու կոչեր յղած են՝ արդար վերաբերմունք պահանջելով ազերի գրողին հանդէպ։ Զարաքօղլու յատկանշականօրէն կ'ըսէ, թէ «Ատրպէյճանի մէջ այն մարդիկ, որոնք երկրի հպարտութիւնը կը հանդիսանան, ներկայիս մահացու վտանգի տակ կը գտնուին, եւ այդ սպառնալիքը կը բխի երկրի նախագահէն»։
Անհանդուրժողութիւնը բազմաթիւ անգամներ իր յոռի երեսները ցոյց տուած է՝ 1988ի Փետրուարին Սումկայիթի մէջ, 1990ի Յունուարին Պաքուի մէջ, 2004ին Պուտափեշտի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահարման դէպքով, 2007ին Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան դէպքով։ Երբ հրէշային ոճրագործութիւնները եւ վայրագութիւնները բարոյական որեւէ գնահատանքի ու վերաբերումի չեն արժանանար, անպատիժ կը մնան եւ, աւելի ծանրակշիռը, ոճրագործներու «հերոսացումներով» կ'իմաստաւորուին՝ լկտի ու անբարոյ պատգամներ փոխանցած կ'ըլլան։
Թրքամոլ յաւակնոտութեամբ մոլեգնած Ատրպէյճանի պետութիւնը, որ մակերեսին վրայ «զարգացող երկրի» խաբկանքը կþուզէ տալ, իրականութեան մէջ աղքատ ու անուս խուժանները շարժման մէջ կը դնէ եւ մարդասպանները պարգեւատրելու «մշակոյթին» կը վարժեցնէ զանոնք։
Ատրպէյճանի յաւակնութեանց ճամբան ներկուած է կտրուած ականջներու արեամբ եւ ժամանակն է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը հասկցնէ Ալիեւին եւ անոր իշխանութեան, թէ քաղաքակիրթ մարդկութեան արժէքներով եւ օրէնքներով՝ խստիւ մերժելի են, օրէնքով արգիլուած են ու քրէական պատիժի արժանի են այլամերժ յարձակողապաշտութիւնը եւ ցեղային ատելութիւնը։
Հ.