Բ. ՄԱՍ
ՉՈՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ
«Դրօշակ»ի չորրորդ ժամանակահատուածը կը սկսի 1986-ին եւ վերջ կը գտնէ 2005-ին։ Այս հանգրուանին ՀՅԴ կեդրոնական պաշտօնաթերթին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ Նազարէթ Պէրպէրեանը։
«Դրօշակ»ի թուղթի չափը 27x20.5 սմ. է, իսկ թուղթի որակը՝ ճերմակ փայլունի զարնող, ծաւալը երբեմն 42, երբեմն 50 կամ 74 էջով։
1986 թուականին դարձեալ վերահրատարակուող «Դրօշակ»ի մէջ գաղափարականութեան սկզբունքի կիրառման հաւաստիքը հանդէս կու գայ հետեւեալ տողերով. «Գաղափարական ամբողջ ժառանգութիւն մը վերանորոգելու դաշնակցական յանդգնութիւնը թափ կու տայ մեր աշխատանքին՝ իբրեւ ներշնչման անխառն ու վարար աղբիւր»:
«Դրօշակ»ի չորրորդ վերահրատարակման մէջ կþիյնայ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ վերիվայրումներու հանգրուանը, ի մասնաւորի Տէր Պետրոսեանական իշխանութիւններու հակադաշնակցական բուռն արշաւը։
Այսպէս, 1992 Յունիս 29-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովը կը խափանուէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դաշնակցութիւնը բացէ ի բաց հալածելու կեցուածքով: Նոյն տարուան Հոկտեմբերին Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէր Փարիզի մէջ:
Այդ օրերուն Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը ընդհանրապէս կþընդգծէր «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» գաղափարաբանութեան կիրառումը, անկախութիւնը Հայաստանի ճգնաժամային վիճակին համար քաւութեան նոխազ դարձնող մտայնութեան դէմ քարոզչութեան զօրացումը, մեր աւանդական պահանջատիրութեան՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով յստակօրէն արտայայտուելու, եւ հայ մարդուն իր երկրին մէջ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը: Ու դեռ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման արծարծումը: Միաժամանակ ՀՅԴ ծրագրի եւ քաղաքական ուղեգիծի ընկերային եւ ազգամշակութային սկզբունքային մտածողութիւնը: Մէկ խօսքով՝ դաշնակցական ընկերվարական հասկացողութիւնները գիտագաղափարական հիմնաւորմամբ պարզաբանելով, անոր գաղափարախօսական, համամարդկային ու միաժամանակ մեր ազգային իրականութիւնը հայ ժողովուրդին ներշնչելու անհրաժեշտութիւնը:
Անշուշտ, միաժամանակ չմոռնալ նոյն ժամանակահատուածին Արցախի ազատագրական պայքարի ամբողջ իրադարձութիւնները, որոնք մեզի ներկայացուած են, ինչպէս նաեւ պաշտօնաթերթի վերջին էջերուն մէջ զետեղուած արցախեան գոյապայքարին նահատակ ազատամարտիկներուն կենսագրականներն ու մտածումները։
Այս ժամանակահատուածին բովանդակութեան բաժիններն են.- «Խմբագրական», «Մեր ուղին», «ՀՀՇական խարխափումներու դէմ», «ՀՀՇական ելոյթներ», «Դաշնակցութեան հետ», «Մեր ընդդիմախօսները եւ մենք», «Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները», «Հայաստան եւ խորհրդային քաղաքականութիւնը», «Փաստաթուղթ», «Թղթածրար», «Հայաստանի անկախութեան հետ», «Փաստագրութիւն», «Ազգային մտահոգութիւններ», «Երիտասարդական ձայներ», «Գաղափարական հարցեր», «Արցախեան պահանջատիրութիւն», «Հայրենական հոգեր», «Դրօշակի գրադարան», «Անդրադարձ», «Անձինք նուիրեալք», «Քաղաքական տեսութիւն», «Թուրքիոյ շուրջ», «Դաշնակցականի մտքեր», «Յուշեր», «Այբուբեն», «Մեր հարցազրոյցները», «Կազմակերպական հարցեր», «Դէպի երկիր» եւ այլն։
Վերոնշեալ բաժիններուն մէջ յօդուածներ ստորագրած են հայրենիքէն եւ սփիւռքէն մտաւորականներ Էտիկ Յովհաննէսեան, Հրայր Մարուխեան, Բաբգէն Փափազեան, դոկտ. Բաղդիկ Մինասեան, Լեւոն Շիրինեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Գէորգ Պէլեան, Արա Խանճեան, Հրաչ Տասնապետեան, Արտաշէս Շահբազեան, Ռուբինա Փիրումեան, Սօս Սարգիսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Ա. Գ., Սիւզան Խարտալեան, Վահէ Օշական, Ժիրայր Ղարիպեան, Խաժակ Տէր Գրիգորեան, Իգոր Մուրատեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Ժաննա Գալստեան, Աբօ Պօղիկեան, Ծովակ Աւագեան, Վարանդ Փափազեան, Արամ Սարգսեան, Սեդօ Պոյաճեան, Յակոբ Պալեան, Սարմէն Ղահրամանեան, Վաչէ Բրուտեան, Զօրայր Խալափեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Սէյրան Բաղդասարեան, Միհրան Քիւրտօղլեան, Հրայր Կարապետեան եւ ուրիշներ:
Միւս կողմէ, «Դրօշակ»ի կարգ մը թիւերուն կցուած են ֆրանսերէն նաեւ ազգային-կուսակցական-գաղափարական ու գաղափարախօսական նիւթերու շուրջ յօդուածներ։
«Դրօշակ»ի այս ժամանակահատուածին վերջին քանի մը տարիները՝ 2002, 2003, 2004, 2005 հրապարակուած են եռամսեայ դրութեամբ գիրքի տեսքով, եւ ամէն մէկ թիւ առանձին խորագիրով կը յատկանշուի, սակայն անմիջապէս յիշեցնենք նոյն այս խորագիրը առնուած է մէջի յօդուածներէն մէկու մը վերնագրէն, օրինակ՝ «Պետութեան հզօրացման հաստատակամութեամբ», «Ճշմարտութեան պահը», «Անկախ Հայաստանը եւ Դաշնակցութեան անելիքը» եւ այլն։
«Դրօշակ»ի այս գիրքերուն չափը եղած է 23x16.5 սմ., իսկ թուղթին որակը՝ ճերմակ, ծաւալը՝ 152 էջ։
Եռամսեայ այս թիւերուն բովանդակութեան գլխաւոր վերնագիրներ են՝ «Դաշնակցական բեմ», «Հայ դատ», «Պատմութեան հետ», «Արխիւային», «Ազգային հոգեր», «Գաղափարաբանութիւն», «Տարածաշրջան», «Տնտեսութիւն», «Փաստագրութիւն» եւ այլն։ Իսկ յօդուածագիրներն են՝ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան, Արտակ Մաղալեան, Էդուարդ Յարութիւննեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Վահան Յովհաննէսեան, Սամուէլ Էվոյեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Հայկ Դեմոյեան, Գագիկ Սողոմոնեան, Թամար Վարդանեան, Վլադիմիր Մանասեան, Ջուլիետա Յովհաննէսեան, Աւօ Գաթրճեան եւ ուրիշներ։
Չորրորդ ժամանակահատուածին մէջ կարեւոր է ընդգծել երկու հիմնական կէտ.
ա.- Թէեւ «Դրօշակ»ի շուրջ հաւաքուած կը տեսնենք դաշնակցական եւ հայրենի շատ մը մտաւորականներ, նոյնիսկ երբեմն կարդացած ենք խմբագրական կազմի մասին, սակայն թերթը կը զատորոշուի իր մէկ խմբագիրով՝ Նազարէթ Պէրպէրեանով։
բ. Անցեալ շրջանէն եկած գաղափարական շատ խոր գրութիւնները սփիւռքեան գրիչներէ, կը վերափոխուին հայրենի մտաւորականութեան հակակշռին տակ եւ հոս երեւան կու գան մասնագիտացած եւ գիտական բնոյթ ունեցող յօդուածներ։
Բնականաբար այս ժամանակահատուածը, որպէս բարձր մակարդակով ժառանգ, առնուած սփիւռքեան եւ յատկապէս լիբանանահայ մտաւորական գրիչներէ, կը հասնի իր գագաթնակէտին եւ դաշնակցական ամէն միջավայրի մէջ կը փնտռուի «Դրօշակ»ը, մանաւանդ այսօրուան հետ համեմատած՝ դաշնակցական մամուլի ուշադրութեան կþարժանանայ, այն իմաստով, որ աւելի արտատպումներ կը կատարուին դաշնակցական մամուլի մէջ։ Կþարժէ յիշել նաեւ լեզուի գործածութեան բարձր մակարդակը, թէեւ հայրենի մտաւորականութեան հետ միասին կը բազմանայ գործածութիւնը ռուսերէն բառերուն, ինչպէս էր պարագան առաջին եւ երկրորդ ժամանակահատուածներուն։
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾԻ ՍԿԻԶԲ
2007-էն վերահրատարակուող «Դրօշակ»ը բովանդակութեամբ շատ տարբեր չէ անցեալէն, բայց կազմի ու էջերու ձեւակերպման իմաստով հոն առկայ է նորաձեւութիւնը՝ 21-րդ դարու արհեստագիտական կարելիութիւններով. օրինակ՝ չափը A4 թուղթ է, ծաւալը մինչեւ 50 էջի սահմանները, թուղթին որակը բարձր: Թերթը կը հրատարակուի Երեւան եւ կը ցրուի ամբողջ աշխարհ, ուր կայ հայ համայնք ու դաշնակցական կառոյց:
Այս շրջանի «Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիրն է հայրենի գրող եւ մտաւորական փրոֆ. Ռուբէն Յովսէփեանի, իսկ խմբագիր՝ դոկտ. փրոֆ. Կարէն Խանլարեան:
Առաջին թիւին՝ «Վերահրատարակուող «Դրօշակ»ը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կը կարդանք, որ թերթին նոր խմբագրակազմին համար «անվիճելի արժէքներ կը մնան Քրիստափոր Միքայէլեանէն, Միքայէլ Վարանդեանէն, Սիմոն Վրացեանէն, Սարգիս Զէյթլեանէն, Բաբգէն Փափազեանէն ժառանգուած եւ Նազարէթ Պէրպէրեանի խմբագրած «Դրօշակ»ին փոխանցուած հետեւեալ անտարակուսելի կեցուածքն ու սկզբունքները.
«- «Դրօշակ»ը, ինչպէս միշտ, պիտի հանդիսանայ ՀՅ Դաշնակցութեան հայեացքներուն եւ գաղափարախօսութեան թարգմանը եւ տարածողը:
«- «Դրօշակ»ը, հայ ազգային-պետական, քաղաքական-տնտեսական եւ ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն եւ ՀՅԴ արժէքային համակարգէն մեկնելով, պիտի մեկնաբանէ համաշխարհային ու շրջանային անցուդարձերը, հայութեան եւ Հայ դատին վերաբերող խնդիրները, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն եւ մեր կորուսեալ Հայրենիքին առընչուող հիմնահարցերը:
«- «Դրօշակ»ը, վերոնշեալ շահերու, պաշտպանութեան դիրքերէն մեկնելով, պիտի քննարկէ Հայաստանի ու հայութեան կեանքի նաեւ յոռի եւ բացասական երեսները՝ ապազգային քաղաքական ընթացքները, արտատնտեսական եւ ստուերային աղետաբեր կացութաձեւերը, փտածութիւնը եւ խմբակային սանձարձակութիւնները, ճեղքուած եւ բեւեռացած հասարակութեան ընկերային յարաբերութիւնները, անյարիր եւ այլասերիչ մշակութային երեւոյթները:
«- «Դրօշակ»ը պիտի արծարծէ այս բոլորը՝ մնայուն կերպով ուղենիշ ունենալով ժամանակի ոգին եւ յառաջխաղացքը, յստակ տարբերակելով միջազգային արժէքները աշխարհաքաղաքացիական ըմբռնումներէն, համամարդկային նուաճումները՝ համաշխարհայնացումի հրամցումներէն»:
21-րդ դարու՝ «Դրօշակ»ի հինգերորդ ժամանակահատուածի թիւերուն մէջ զգալի է, որ անոր ուշադրութիւնը սեւեռած է մեր ազգն ու պետականութիւնը յուզող կարեւորագոյն հարցերուն վրայ։ Հոն ստեղծուած է հասարակական ու քաղաքական մտքի խմորման այն դաշտը, որ հնարաւոր է գտնել մեզի անհրաժեշտ հարցերու լուծումները։
Պաշտօնաթերթին շուրջ համախմբուած են ոչ դաշնակցական յօդուածագիրներ եւս, ինչպէս 29 Նոյեմբեր 2007-ին «Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիր Ռուբէն Յովսէփեան պիտի ըսէր. ««Դրօշակ»ի դռները բաց են բոլորի առջեւ, ան ՀՅԴ¬ի պաշտօնաթերթն է, բայց բոլորինն է»։ Ահաւասիկ, տարիներու բերած փորձառութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ՀՅԴ պաշտօնաթերթը ըլլայ այսքան շրջահայեաց եւ մասնագիտացած ու գիտական մակարդակի յօդուածներով ուշադրութիւնը գրաւէ ոչ միայն գաղափարակիցին, այլ մանաւանդ գիտական շրջանակին։
2007-ին վերահրատարակութեան սկսած «Դրօշակ»ի նոր ժամանակահատուածի բաժինները եթէ նշելու ըլլանք, հոն պիտի կարդանք հետեւեալները. «Խմբագրական», «Խմբագրի անկիւն», «Հարցազրոյց», «Տեսակէտ», «Մեր երախտաւորները», «Նիւթեր թուրք պատմաբանների համար», «Դրօշակը 100 տարի առաջ», «Մի երգի պատմութիւն», «Տեսական», «Տարածաշրջան», «Պատկերասրահ», «Միջազգային իրաւունք», «Խորհրդարանական կեանք», «Տեղեկանք», «Համաշխարհայնացում», «Դաշնակցական բեմ», «Թերթելով «Դրօշակ»ի էջերը», «Նոր գիրքեր», «Ժողովրդագրութիւն», «Պատմութեան սրբագրում», «Նամականի», «Հնադարեան», «Միջազգային կեանք», «Սոցիալ-տնտեսական», «Պատմա-մշակութային», «Իմացաբանական», «Համագործակցութիւն», «Հայեացք ներսից», «Մտաւորականի անկիւն», «ԼՂՀ հիմնախնդիր», «ՀՀ բանակ», «Արձագանգ», «Յիշատակ» եւ այլն։
Յօդուածագիրներն են՝ Լեւոն Շիրինեան, Կարէն Խանլարեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Հայկազուն Ալվրցեան, Արա Նռանեան, Սիւզան Խարտալեան, Վահէ Սարգսեան, Կարէն Վերանեան, Արմինէ Ամիրեան, Համլետ Գէորգեան, Յովհաննէս Զատիկեան, Արա Պապեան, Աննա Առաքէլեան, Մանուէլ Մկրտչեան, Ար. Ս. Եղիազարեան, Աբրահամեան Հ.Բ., Ժիլպերթ Մուշկանբարեան, Ֆելիքս Մելոյեան, Լիւդվիգ Խաչատրեան, Հայկարամ Նահապետեան, Վահագն Յակոբեան, Աւօ Գաթրճեան եւ ուրիշներ։
«Դրօշակ»ի էջերուն, ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս ուշագրաւ է «Դաշնակցական բեմ»ը, ուր կþարծարծուին կուսակցական խնդիրներ, մտահոգութիւններ՝ կապուած ազգային եւ պետական իրականութեան հետ։ Կայ յատուկ էջ՝ մեր ազգային եւ կուսակցական դէմքերու մասին:
«Դրօշակ»ը կþանդրադառնայ աշխարհատարած Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայ դատի կապուած վերջին իրադարձութիւններուն։
«Դրօշակ»ի նոր շրջանի թիւերուն մէջ կայ նորարարութիւն մը, որ ««Դրօշակ»ի պատկերասրահ» բաժինն է, զանազան արուեստագէտներու գեղանկարներու նմուշներով։ Այստեղ անմիջապէս կþարժէ յիշել, որ անցեալի ժամանակահատուածներէն կը զատորոշուի նաեւ պատկերազարդ ու գունաւոր էջերով (թէեւ նախօրօք եղած են հատուկենտ նկարներ՝ սեւ ճերմակ)։
1891-էն 2011, «Դրօշակ» իր 120-ամեայ երթով լուսարձակի տակ առած է հետեւեալ հիմնական նիւթերը՝ հայ ժողովուրդի ազատութեան ու անկախութեան գերխնդիրը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կարեւորագոյն կոչերն ու յայտարարութիւնները (ներառեալ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու արտասանած խօսքերը), նաեւ ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներու նիւթերը, մեկնաբանուած են կուսակցութեան քաղաքականութիւնը Հայ դատի եւ հայ կեանքը յուզող այլեւայլ հարցերը։ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Նախիջեւանի եւ հայկական գաղթավայրերու ներքին կեանքը, քաղաքականութեան, ընկերատնտեսական, մշակութային խնդիրները, Արցախի ազատագրական շարժումը, Բ. ընկերվար միջազգայնականի գործունէութիւնը։
Միւս կողմէ թերթը լայնօրէն կը լուսաբանէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներքին կեանքն ու արտաքին քաղաքականութիւնը, լուսարձակի տակ կþառնէ անոնց հակահայ քարոզչութիւնը, խեղաթիւրումներն ու ապատեղեկատուութիւն տարածած գործընթացը։
Վերջապէս, արժէքաւոր արխիւային նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ տպագրուած են հոն, եւ մեզի ցոյց կու տան մտաւորականի ներկայութեան անհրաժեշտութիւնն ու կարողականութիւնը:
«Դրօշակ»ի ընթերցումով, 120 տարիները ժապաւէնի մը պէս կը քակուին մեր աչքերուն առջեւ՝ վերապրեցնելով յաւէտ պաշտելի հերոսներու, մտաւորականներու, գործիչներու ընտրանին։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հիմնադրութեան 120-ամեակին առիթով ու մանաւանդ անոր յաջողութեան համար, անկասկած, բոլորին պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է առաջին հերթին գնահատել 1891-էն մինչեւ մեր օրերու բոլոր խմբագիրները անխտիր, քանի որ այս յաջողութեան իսկական բանալին անոնք են, ապա այն բոլոր նուիրեալները, որոնք գաղափարի սիրոյն, նիւթական ոչ մէկ ակնկալութեամբ, ծաւալեցին գաղափարական միտքը եւ իրենց գրիչը շարժեցին դժուարին պայմաններու մէջ։
«Դրօշակ»ը համահայկական մամուլի մեծ ընտանիքին մէջ ներկայութիւն է եւ իր կարեւոր ներդրումը ունի հայ ժողովուրդի համազգային իտէալներու տարածման եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, մասնաւորաբար Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրակայման գործընթացին մէջ:
Իբրեւ հասարակական կարծիք ձեւաւորող գլխաւոր միջոց, «Դրօշակ»ը միշտ դիմագրաւած է իր որակը նախանձախնդրօրէն նորոգելու եւ դիմագիծը հպարտօրէն պահպանելու հարցը: «Դրօշակ»ը հայ ժողովուրդին ծառայեց, հայ ժողովուրդին կը ծառայէ եւ հայ ժողովուրդին պիտի ծառայէ։
Ուսումնասիրական այս համեստ աշխատանքին մէջ «Դրօշակ»ի մասին, որպէս վերջաբան կþարժէ հիմնաւորել քանի մը կէտեր, օրինակ՝
1.- Իւրաքանչիւր վերահրատարակութեան ժամանակահատուած կարելի է ճշդորոշել հետեւեալ ուղղուածութեամբ.
Առաջին ժամանակահատուածը.- «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ կþարտացոլայ հողի վրայ ըլլալով եւ յեղափոխութեամբ ազատագրական զինեալ պայքարի զարթօնքի ժամանակահատուած կերտելը։
Երկրորդ ժամանակահատուածը՝ Դաշնակցութեան «Օր»ի յիշատակման սկիզբ, Հայաստանը խորհրդայնացուած, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Երկրէն տարագրուած, Դաշնակցութիւնը համայնավարութեան թիրախ դառնալուն առնչուած նիւթերու արծարծում, անշուշտ կուսակցական կեանքն ու գաղափարաբանական նիւթերու զուգահեռ։
Երրորդ ժամանակահատուածը՝ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի կազմաւորուածութիւնը, Հայ դատի նոր փուլ մտնելը եւ անոր հետ առնչուող 1975-1985 տարիներու զինեալ պայքարի ժամանակահատուածը, ազգային մշակոյթի եւ լեզուի կարեւորութիւնը սփիւռքեան պայմաններու մէջ, Խ. Միութեան թշնամանքի եւ այլախոհական շարժումներն են, որ լուսարձակի տակ կþառնուին։
Չորրորդ ժամանակահատուածը՝ Խ. Միութեան փլուզում, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայոց Համազգային Շարժման (ՀՀՇ) վերաբերբունքը ՀՅԴ-ի հանդէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշանութիւններու կողմէ (ՀՀՇ)՝ հանրապետութեան տարածքին Դաշնակցութեան գործունէութեան կասեցումն ու դաշնակցականներու հետապնդումն ու բանտարկութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ եւ յատկապէս Թուրքիոյ ճնշումով միջազգային ընտանիքի կողմէ կիզակէտ հանդիսացող ԼՂՀ-ի հիմնախնդիրը, Հայ դատի գործընթացի վերադասաւորում։
Հինգերորդ ժամանակահատուածը՝ թէեւ քանի մը տարի անցած է միայն, սակայն «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ կþարտացոլայ գաղափարաբանութեան, ընկերվարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու գործելաոճը, Հայաստանի նախագահութեան թեկնածու դաշնակցականներու հիմնաւորումները։ Միւս կողմէ, նոր փուլի մը սկիզբ՝ տեղեկատուական պատերազմ՝ պատմական ու քաղաքական խեղաթիւրումներ եւ ապատեղեկատուութեան տարածման շուրջ գիտական յօդուածներ եւ տակաւին կը շարունակուի այս ժամանակահատուածը՝ իրեն հետ բերելով բնականաբար նոր ուղութիւններ։
2.- «Դրօշակ»ի հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնը սկիզբէն ի վեր եղած է ու կը մնայ հայ ժողովրդին եւ դաշնակցական շարքերուն կուսակ-ցութեան գաղափարական եւ սկզբունքային տեսական նիւթեր հայթայթել, որուն ճամբով կը փորձուի ընդհանրապէս բարձրացնել հայ ժողովուրդի քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը:
3.- ՀՅ Դաշնակցութեան ոչ-պարբերական հրատարակութիւններու շարքը ծնունդ առած է յեղափոխական-ընկերվարական հրատարակութիւններու «Դրօշակ» մատենաշարով, որուն առաջին գրքոյկը՝ «Ապստամբական ոգի» լոյս տեսած է 1894-ին։ Այնուհետեւ, յաջորդաբար, հրատարակուած են հարիւրաւոր գիրքեր, անոնց մէջ նաեւ օտար լեզուով։
4.- «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւններէն շատերը հետագային հրատարակուած են առանձին հատորներով (ոչ «Դրօշակ» մատենաշարի անունով)։
5.- Ամէն մէկ ժամանակահատուած մօտաւոր կերպով համապատասխանած է համաշխարհային, ազգային եւ կուսակցական տարաբնոյթ վերիվայրումներու եւ փոփոխութիւններու ժամանակահատուածներուն:
«Դրօշակ»ը 120 տարուան ընթացքին միշտ ղեկավարուած է դաշնակցական մտաւորականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներով։
«Դրօշակ» 120 տարիներու ընթացքին, անկասկած, հայ մամուլի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ։ Ինչպէս որ հայ մամուլի պատկերը մեր ժողովուրդի պատկերն է, այդպէս ալ «Դրօշակ» կը ներկայանայ որպէս Դաշնակցութեան պատկեր։ Թէեւ ան գոյատեւած է կարգ մը ընդհատումներով, վերանուանումներով, խմբագրակազմերու փոփոխութիւններով, տեսքով, ձեւաչափով, սակայն ոչ երբեք՝ գաղափարականութեամբ եւ սկզբունքայնութեան անկոտրում կեցուածքով։ Բարեբախտաբար, պարբերականը բոլոր առումներով պահպանած է իր ինքնութիւնը եւ միշտ նորոգուելով բերած է նոր շունչ եւ աւիւն, միշտ անշեղ խորքով, ուղղած ու ցուցմունքներ տուած է այն մարտահրաւէրներու շուրջ, որոնք ցցուած են հայ ժողովուրդին դիմաց։
«Դրօշակ»ը, որպէս մեզ համախմբող հրատարակութիւն, մեզի կը ներկայացնէ Դաշնակցութեան գաղափարաբանական հիմքը, բաղկացած չորս հիմնական տարրերէ.
ա. Հայկականութիւն,
բ. Ընկերվարութիւն,
գ. Ժողովրդավարութիւն,
դ. Յեղափոխականութիւն:
Այստեղ մեզի կը ներկայացուի դաշնակցական ըմբռնումը իր տեսական եւ խորքային հասկացութեամբ՝ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի նկատմամբ:
Այսպիսով, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս մեր բոլորին ջանքերով է, որ «Դրօշակ»ը կը շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական մտքի զարգացման աշխատանքին մէջ եւ կը մնայ դաշնակցական աշխարհատարած մամուլին գաղափարական ուղղութիւնը հունաւորող ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական պաշտօնաթերթը։
(Վերջ)
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ
-«Ազդակ-Շաբաթօրեակ» («Դրօշակ»), 1969-1985, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ, Պէյրութ։
-«Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», Ա. հատոր, 1934, Պոսթըն։
-«Դրօշակ», Ա. հատոր, (1890-1897), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան։
-«Դրօշակ», Բ. հատոր, (1898-1901), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան։
-«Դրօշակ», Գ. հատոր, (1902, 1903, 1904), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ։
-«Դրօշակ», Դ. հատոր, (1905, 1906, 1907), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1986, Պէյրութ։
-«Դրօշակ» 1925-1933, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ, Փարիզ։
-«Դրօշակ», 1986-2005, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ, Աթէնք եւ Երեւան։
-«Դրօշակ», յուլիս 2007-էն նոյեմբեր 2010, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ, Երեւան։
-«Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», հատ. Ա., 1984, բ. տպ.։ Հատ. Բ., 1985 բ. տպ.։ Հատ. Գ., 1976։ Հատ. Դ., 1982։ Հատ. Ե., 2007, Պէյրութ։