«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը հեռաձայնի ճամբով տեղեակ պահուեցաւ թէ 23 Նոյեմբեր 2012ին, Զուիցերիոյ մէջ, իր մահկանացուն կնքեց հայութեան բարեկամուհի՝ զուիցերիացի Պերթա Ալտէր: Ան ծանօթ էր որպէս Քասթրիի քեմփի (1957-1979 տարեշրջանի) պատասխանատու, ապա հետագային՝ Գոքինիոյ հայկական ծերանոցի տնօրէնուհի:

 

Քասթրիի քեմփը

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1947 թուականին, Լիբանանի Ղազիր գիւղէն Յունաստան եկաւ զուիցերիացի հայասէր զոյգ մը, տէր եւ տիկին Թիոտոր եւ Ալիս Վիզըրները, որոնք ծառայած էին Ղազիրի կուրանոցին մէջ, 1922ի ջարդերէն փրկուած հայ աչազուրկներուն հոգալով ու անոնց արհեստ սորվեցնելով: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ, տէր եւ տիկին Վիզըրները, որոնք կը հետեւէին Յունաստանի մէջ տիրող ծանր աղքատութեան ու թշուառ կացութեան խորհեցան թէ հայ մանուկները կազդուրման պէտք ունէին: Առանց ժամանակ կորսնցնելու Յունաստան եկան, պրն. Երուանդ Ճէճիզեանի առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ, արտօնութիւն առին յոյն կառավարութենէն, պայմանով որ յոյն փոքրիկներ ալ ընդունին իրենց կառուցած մանկատան մէջ: Առաջին առիթով վարձեցին Քասթրիի օդասուն անտառներուն մէջ խոշոր բակով գեղեցիկ տուն մը: Ժամանակի ընթացքին ծախու առին բոլոր շէնքը եւ քովի հողամասն ալ, նախ պզտիկ խումբով մը տկար պզտիկներու խնամքով սկսելով, ապա մեծցնելով խումբը: Մօտ 10 տարի աշխատելէ վերջ, տարիքնին յառաջացած Վիզըրները մեկնեցան իրենց հայրենիքը, Զուիցերիա: Գործը յանձնեցին միս Պերթա Ալտէրին, երիտասարդ աշխուժ օրիորդի մը, որ յոգնիլ չէր գիտեր: Ամէն ամառ Քասթրիի մէջ կը հիւրընկալուէին մօտ 200 հայ աշակերտներ, որոնք Յուլիս եւ Օգոստոսը բանակավայրին մէջ կ'անցնէին: Պերթա Ալտէր աշխուժութեամբ ստանձնեց իրեն վստահուած աշխատանքը մինչեւ Քասթրիի փակումը: Քասթրին գործեց 1947-1979 թուականներուն:

Մըսթր Թէոտոր Վիզըր եւ կողակիցը Ալիս Վիզըր,
կողքին ունենալով Միս Պերթա Ատլէր, խումբ մը պաշտօնակիցներու հետ

1979ին միս Ալտէր ստանձնեց Գոքինիոյ հայկական ծերանոցի տնօրէնութիւնը, ուր մնաց մինչեւ թոշակի տարիքը, ապա վերադարձաւ իր հայրենիքը:

Պերթա Ալտէրի կեանքը Յունաստան հաստատուելէն առաջ եւ վերջը

Ծնած էր 5 Հոկտեմբեր 1925-ին, Զուիցերիոյ փոքրիկ գիւղ՝ Լէոմերշվիլի մէջ, Ֆրիտա եւ Արնոլտ Ալտէրներու ընտանիքին մէջ: Ունէր երկու եղբայր: Շատ երջանիկ մանկութիւն ունեցած է։ Յաճախած է իր գիւղին մէջ գտնուող դպրոցը: Երբ միջնակարգի տարիքին մէջ կը գտնուէր ծագած է Բ. Համաշխարհային պատերազմը։ Այդ ժամանակ Պերթա իր մօր կ'օգնէր, իրենց տանձի աշխատանոցին մէջ, մինչ հայրը մեկնած էր պատերազմի դաշտ:

Մինչեւ պատերազմի աւարտը, Պերթա կ'աշխատէր գինեգործի մը մօտ։ Հոն էր որ իր առաջին օտար լեզուն կը սորվէր՝ Ֆրանսերէնը։ Քիչ յետոյ, ան կը հաստատուէր Անգլիոյ մէջ, մանուկներու խնամքը ստանձնելով: Այնպէս անգլերէն լեզուն ալ կը սորվէր:

Զուիցերիա վերադառնալով նոր ուղի մը կը բացուէր գիւղին մէջ ծնած գթասիրտ աղջկան համար: Ռոկվիլի աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Էկէնպերկէր դէպի Յունաստան ճամբան ցոյց կուտար Պերթային: Այն ժամանակ Զուիցերիոյ մէջ հայութեան բարեկամները օգնականներ կը փնտռէին հայ գաղթականներուն խնամելու համար: «Եռամեայ դասընթացք մը աւարտած էի հայերէն եւ յունարէն լեզուի, Պազիլի միսիոնարներուն մօտ: Անկէ ետք մեկնեցայ Աթէնք, ուր կառուցեցինք Հայ Գաղթականներու Օգնութեան առաջին տունը» կը պատմէր Պերթա Ատլեր, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին աւելի քան 30 տարիներ յունահայութեան քով աշխատեցաւ, հայ գաղթական երեխաները խնամելով Յունաստանի քեմփերուն մէջ: Հակառակ յունահայութեան հանդէպ տածած իր անհուն սիրոյ, ան նոյնքան կապուած ու հարազատ մնաց իր հայրենիքին:


«Իմ 7000 փոքրիկներս»

Այդ տարիներուն շատեր թոքախտաւոր էին, կ'ըսէ Պերթա, որ կը խոստովանի որ ինքն ալ հիւանդացաւ եւ պէտք եղաւ Զուիցերիա վերադառնալու՝ դարմանումի համար: Բուժումէն ետք դարձեալ վերադարձաւ Յունաստան, այս անգամ տնօրէնութիւնը ստանձնելով գաղթականներու ամարանոցին:

 

Քասթրիի քեմփին մէջ խաղի պահուն

 

Աթէնքէն քսան քիլոմեթր դէպի Հիւսիս՝ Քասթրիի ծառախիտ շրջանին մէջ էր հայ փոքրիկներու մանկատուն-ամարանոցը, որ քսանհինգ տարուայ ընթացքին դարձաւ Պերթայի տունը: «Փոքրիկներուն կը խնամէինք կարծես մեր սեփական զաւակները ըլլային» կ'ըսէր Պերթան, փայլուն աչքերով հաշուելով թէ մօտ 7000 երեխաներ ընդհանուր գիծերու մէջ պատսպարուեցան իրենց մօտ: Միշտ դիւրին չէր անոնց դաստիարակելու գործը, բայց սիրով ու համբերութեամբ կարելի կը դառնար՝ նոյնիսկ դժուար նկարագրով փոքրերուն ղեկավարել:

Պերթան գովասանքի խօսքերով կը յիշէր նախկին տնօրէն Թիոտոր Վիզըրի հետ գործակցութիւնը, հակառակ որ տարբեր մտածելակերպի եւ շատ պահանջքոտ անձ մըն էր: Ան շատ լաւ գիտէր կառավարական շրջանակներու եւ օգնական միութիւններու հետ կապեր հաստատելու կարեւորութիւնը: Ֆինանսական օգնութիւնը կը ստանար հայկական միութիւններէ, գաղթականներու կոմիտէէն եւ Հեքս Զուիցերիոյ բողոքական միութենէն: Երեք տարին անգամ մը Պերթա հայրենիք կը վերադառանար, կարճ արձակուրդ մը անցնելով իր եղբօր ագարակին մէջ:

Ամարանոցի փակումէն ետք Պերթան ութը տարի վարեց Գոքինիոյ հայկական ծերանոցի տնօրէնութիւնը: Բաց միտքի տէր եւ լայն հորիզոններ ունեցող զուիցերիացի գիւղացի այս տիկինը միշտ ծառայելու նոր բնագաւառ մը կը գտնէր: 


  

1962. Քասթրիի քեմփի տնօրէնուհի Միս Պերթա Ալտէր,
ձախին ունենալով օրիորդ Էլիզ Կարապետեանը

 

Զուիցերիա վերադառնալէն ետք

1980-ական թուականներէն ետք ան իր երկիրը վերադարձաւ, իսկ 2000-էն ետք խնամքի տակ առնուեցաւ Վիթենպահի ծերանոցի մը մէջ: Մարմինը տկար էր, սակայն միտքը փայլուն եւ հոգին վառ: Գաւազան մը կը գործածէր իր քայլերուն աւելի վստահութիւն տալու համար: Իր կեանքի մասին լայն տեղեկութիւններ կը փոխանցէր տեղական գերմանական թերթերուն, երբ անոնք կը հետաքրքրուէին մարդասիրական իր գործունէութեամբ:

Զուիցերիա վերադարձէն ետք Պերթա շարունակեց աշխատիլ իր եղբօր՝ Հանսի ագարակին մէջ։ Ան հոգ կը տանէր իր մօր՝ մինչեւ իր մահը 1991-ին։ Ան շատ գիրքեր կարդացած էր։ Ամէն առաւօտ, բարձրաձայն կը կարդար իր ունեցած միակ հայերէն գիրքը։ Կը յաճախէր ռուսական լեզուի դասերու։ Շատ մը երկիրներ այցելած էր, որքան որ իր առողջութիւնը կը ներէր։ Այցելած էր Գերմանիա, Լեհաստան, Հայաստան, Ռուսիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Արժանթին։

Վերյիշելով Յունաստանի մէջ ապրած տարիները, ինչպէս կը վկայակոչէ գերմանական թերթ մը, Պերթա Ալտէր կ'ըսէր. - «Հայերը ստիպուեցան փախչիլ Թուրքիայէն, փրկուելու համար թուրքերու հալածանքներէն: Անոնց մէկ մասը մօտաւորապէս 100.000 հոգի ապաստան գտաւ Յունաստանի մէջ»: Ան մանրամասնօրէն կ'անդրադառնար նաեւ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան, Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք: Իւրաքանչիւր տեսակցութիւն իր հետ կը  վերածուէր պատմութեան հետաքրքրական դասընթացքի մը:

Քոփելխոֆի ծերանոցի այգիին մէջ, ծառի մը շուքին տակ նստած՝ օր. Ալտէր խանդավառ նայուածքով կը յիշէր իր ծառայութեան տարիները «այնքան կ'ուզէի օգնել» ըսելով: Գերմանական թերթի թըղթակիցը կը նշէ թէ իր նախկին ուսուցիչները պիտի զարմանային եթէ իմանային Պերթա Ալտէրի կեանքի հանգրուաններու մասին:

Ծերանոցին մէջ նոյնիսկ ինք օգտակար կը դառնար իր շուրջիններուն: «Կին մը կար որ չէր կրնար խօսիլ. պատմութիւններ կը պատմէի անոր, նկարներ ցոյց կուտայի,Տոմինօ կը խաղայի իր հետ, կը փորձէի զբաղեցնել» կ'ըսէր ան:

Պերթա ամէն օր պտոյտի կ'երթար։ Նոյնիսկ աննպաստ օդի պայմաններով, ան գաւազանը ձեռքին շուրջդարձ մը կը կատարէր գիւղին մէջ։

Ան կը հաւատար թէ քրիստոնէական հաւատքը մեծ դեր   խաղացած էր իր կեանքի բոլոր ընտրանքներուն վրայ: Իր ընտանիքը հաւատացեալներ էին եւ այդ ձեւով կերտեցին իրենց զաւակներուն նկարագիրը: Փոքր տարիքէն արդէն Պերթա գիտակից էր, որ օր մը պիտի զբաղի հանրային, ընկերային գործերով:

Պերթա Ալտէր մահացաւ 23 Նոյեմբեր 2012-ին, սիրտի տագնապէ մը ետք։

 
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ տիկիններ Աննա Հայիֆեանին եւ Սոնա Գարամանեանին, որոնց փոխանցած տեղեկութիւններու եւ թարգմանական աշխատանքի սիրոյն կարելի եղաւ փոխանցել վերեւ նշուած տեղեկութիւնները: