Զիմպապուէյի հաշտեցման համանախարար Սեքայ Հոլընտ Նոյեմբեր 2012-ին ստացաւ Սիտնիի Խաղաղութեան մրցանակը՝ իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան, նաեւ ընդդէմ բռնութեան տարած իր աշխատանքին համար:

Հոլընտ մարդկային իրաւանց բազմաթիւ հարցերու պաշտպանութեան մէջ առաջատար դիրքերու վրայ  գտնուած է: Ան պաշտպան հանդիսացած է Աւստրալիոյ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն, ընդդիմացած է  Հարաւային Ափրիկէի ափարթայտ իշխանութեան եւ թերեւս ամէնէն աւելի յատկանշականը՝ պայքարած է Զիմպապուէյի մէջ կիներու իրաւունքներու համար: Փորձած են զայն սպաննել նախագահ Ռոպըրթ Մուկապիի դէմ իր ընդդիմութեան պատճառով չարչարանքի ենթարկած են զինք, սակայն երբեք կարելի չէ եղած զայն լռեցնել:

Երբ տեսնես, ներկայանալի եւ յարգանք պարտադրող Հոլընտը ինքնաբերաբար կը մաղթես, որ իրեն նման ուրիշ քաղաքական անձնաւորութիւններ ըլլային աշխարհի մէջ: Յետոյ ինքնաբերաբար կը մտածես, որ երանի իրեն նման քաղաքական անձնաւորութիւններ ըլլան Հայաստանի մէջ՝ կին քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք կը պայքարին կիներու իրաւունքներու համար, մարդկային իրաւանց համար, ժողովրդավարութեան համար:

Սեռական խտրականութիւնը այսօր լուրջ հարց է Հայաստանի համար: Այն մտածողութիւնը, որ կիները պէտք է ենթակայ ըլլան իրենց հայրերուն, եղբայրներուն ու ամուսիններուն, լրջօրէն խոչընդոտած է անոնց ուժեղացման եւ կը շարունակէ դուռ բանալ կիներու նկատմամբ լայնատարած խտրականութեան ու նոյնիսկ՝ ուժի գործածութեան:

Սեռական բռնութիւնը յատկապէս մտահոգիչ երեւոյթ է Հայաստանի մէջ: 2008-ին «Ամնեսթի ինթըրնէշընըլ» հաղորդեց, որ, ըստ ազգային տուեալներու, երկրի կին բնակչութեան աւելի քան քառորդը ենթարկուած է բռնի ուժի՝ ամուսիններու կամ ընտանիքի այլ անդամներու կողմէ: Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական վերլուծման Թուրբանճեան կեդրոնին կողմէ 2007-ին կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, կիներու գրեթէ 66 առ հարիւրը ենթարկուած են հոգեբանական ճնշումի, 27 առ հարիւրը՝ միջին չափի բռնութեան, իսկ 12 առ հարիւրը՝ չափազանց բռնութեան:

2010-ին Զարուհի Պետրոսեանի վայրագ սպանութիւնը սարսափ պատճառեց Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին՝ անուրանալի ձեւով երեւան հանելով երկրին մէջ սեռային բռնութեան տգեղ երեւոյթը: Սակայն տնային բռնութիւնը սեռական բռնութեան միակ դրսեւորումը չէ Հայաստանի մէջ:

Վերջին տարիներուն, աղջիկ երեխաներու պարագային վիժումը երեւան ելաւ իբրեւ սեռական բռնութեան մէկ ուրիշ միջոց մը, որ նաեւ երկար ժամանակի վրայ ժողովրդագրական լուրջ խնդիր կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի համար, մանաւանդ որ երկիրը արդէն իսկ կը տառապի ծննդաբերութեան ցած թիւերէ եւ արտագաղթէ: Աշխարհի բնակչութեան սեռական բնական համեմատութիւնը ընդհանրապէս 105 մանչ նորածին է՝ իւրաքանչիւր 100 աղջիկ նորածինին դիմաց: Հայաստանի մէջ այս թիւերը անբնական են. իւրաքանչիւր 114 մանչ երեխայի դիմաց ներկայիս կը ծնի 100 աղջիկ երեխայ: Այս անբնական համեմատութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Հոկտեմբեր 2011-ին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) դատապարտէ Հայաստանի մէջ աղջիկ երեխաներու վիժումը: Ըստ վերլուծաբաններու, այս երեւոյթին արմատները կը գտնուին կիներու դերին նկատմամբ մտածողութեան եւ այն բացարձակ կարեւորութեան մէջ, զոր Հայաստանի ժողովուրդը կ՛ընծայէ ընտանիքին անունը շարունակող մանչ երեխայ ունենալուն:

Կիներու դերին նկատմամբ աւանդական մօտեցումները նաեւ խոչընդոտ հանդիսացած են հանրային կեանքի մէջ իրենց մասնակցութեան: Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի «Աշխարհի սեռական համեմատութեան մասին» 2012-ի տեղեկագիրին մէջ (Global Gender Gap Report) Հայաստան գրաւեց 92-րդ գիրքը (ընդամէնը 135 երկիրներու մէջ) չորս մարզերու մէջ երկու սեռերու միջեւ առկայ տարբերութիւններու առումով: Ուսման ձեռքբերման մէջ երկու սեռերու համեմատութեան պարագային, Հայաստան գրաւեց բաւականին բարձր 25-րդ դիրքը: Զարմանալիօրէն, սակայն, տնտեսական դաշտի մէջ մասնակցութիւն բերելու պարագային, Հայաստան շատ աւելի տկար դիրք գրաւեց՝ 76-րդը 135 երկիրներու մէջ եւ առաւել տկար դիրք՝ քաղաքական մարզի մէջ մասնակցութեան առումով (114-րդ դիրք 135 երկիրներու մէջ): Այս դասաւորումը շատ բան կը պարզէ Հայաստանի մէջ տնտեսա- կան եւ քաղաքական մարզերուն մէջ կիներու մասնակցութեան մասին, մանաւանդ երբ նկատի առնենք անոնց ուսման համեմատաբար բարձր մակարդակը: Այլ խօսքով, հակառակ իրենց  ուսեալ ըլլալուն, կիները աննշան մասնակցութիւն կը բերեն երկրի տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Մասնաւորաբար ուշագրաւ է կիներու սահմանափակ դերը հրապարակային կեանքին, յատկապէս քաղաքական մարզին մէջ: Հայաստանի 18 նախարարներուն միայն երկուքը կին են (սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարներ) եւ Ազգային ժողովի 131 երեսփոխաններուն միայն 14-ը կիներ են: Քաղաքական կեանքի մէջ կիներու մասնակցութիւնը կը մնայ սահմանափակ՝ հակառակ 2007-ին ընտրական օրէնքի փոփոխութիւններուն, որոնք կը պահանջեն, որ կին թեկնածուները կազմեն համամասնական կարգով առաջադրուած կուսակցական ցանկերուն 15 առ հարիւրը, այսինքն ցանկին վրայ իւրաքանչիւր 10-րդ թեկնածուն ըլլայ կին:

Դժբախտաբար կիներու մօտեցումները իրենց իսկ իրաւունքներուն նկատմամբ կրնայ լուրջ խոչընդոտ հանդիսանալ խնդիրի լուծման: Թուրբանճեան վերլուծական կեդրոնի հարցախոյզին մասնակցող կիներուն 61 առ հարիւրը յայտնած է այն համոզումը, որ «լաւ կինը միշտ կը հնազանդի իր ամուսնոյն, նոյնիսկ եթէ համաձայն չէ անոր կարծիքին», եւ թէ՝ կարեւոր է, որ ամուսինը ցոյց տայ կնոջ, թէ ո՛վ է պոսը: Աւելի՛ն. Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ կը յայտնեն, որ սեռային բռնութեան զոհեր յաճախ կը հաւատան, որ իրենք արժանի են նման վերաբերմունքի եւ բողոք չեն ներկայացներ:

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ քայլերու ձեռնարկած է երկրին մէջ սեռային խտրականութիւնը մեղմացնելու նպատակով: Նման քայլերու օրինակ կը հանդիսանայ ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնը՝ Ազգային ժողովին մէջ աւելի մեծ թիւով կին երեսփոխաններու ընտրութեան առիթ ընծայելու համար: Կառավարութիւնը նաեւ ոստիկանութեան համար դաստիարակչական ծրագիրներ կազմակերպած է սեռական բռնութեան պարագաներու իրենց առնելիք քայլերուն շուրջ: Որոշ ժամանակէ մը ի վեր աշխատանք կը տարուի նաեւ սեռական բռնութիւնը պատժելի դարձնելու վերաբերեալ օրէնսդրութեան վրայ, յատկապէս՝ հայաստանեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Հայաստանի կառավարութիւնը, սակայն, աւելի լուրջ աշխատանք պէտք է տանի երկրին մէջ կիներուն համար հաւասար իրաւունքներու ապահովման համար: Հայաստանի կիները ի- րենք եւս պէտք է սորվին իրենց իսկ իրաւունքներուն պաշտպան կանգնիլ եւ դադրին խաղալէ հնազանդ կամ երկրորդ կարգի քաղաքացիներու դերը: Հայաստանի կին քաղաքական անձնա- ւորութիւնները թիւով քիչ են, սակայն անոնք լաւագոյն առիթը ունին կիներու իրաւունքներու պայքարին մէջ առաջատար դեր խաղալու: Առաջին հերթին, իբրեւ քաղաքական պաշտօն զբա- ղեցնող կիներ, որոնք քաջածանօթ են այն մարտահրաւէրներուն եւ խոչընդոտներուն, զորս կիները պէտք է դիմագրաւեն Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ աւելի աշխուժ դերակատարութիւն ունենալու համար: Երկրորդ, իբրեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, անոնք յաճախակի շփման մէջ են այլ քաղաքական գործիչներու հետ եւ ունին այն լծակները, որոնց միջոցով կրնան Հայաստանի մէջ կիներու նկատմամբ աւելի դրական վերաբերմունքի համար աշխատանք տանիլ:

Խորքին մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կարեւոր մէկ մասն է ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան: Կերտելով ընկերութիւն մը, ուր կիները հաւասար իրաւունքներու կը տիրապետեն եւ հասաւար առիթներ ունին տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի մէջ աշխուժ մասնակցութիւն բերելու, մենք մեծ քայլեր առած կ՛ըլլանք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման:

Հայաստանի կիները կարող են: Անոնք լաւ ուսում ունին եւ կտրիճ են: Հայաստանի կիները արժանի իրաւունքը ունին երկրի ապագային մէջ իրենց ներդրումը ունենալու եւ իրենք իսկ պէտք է պայքարին այդ իրաւունքին համար:

 ՀՈՒՐԻ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
Սիտնի, Աւստրալիա