Կը ներէք, ժամը քանի՞ է:

- Արփողին հինգ կայ:

Եթէ մեր մայրենին առած ըլլար տարբեր պատմական ընթացք: Կռահելը դժուար չէ, թէ նիւթը օրուան ժամերուն, աւելի ճիշդը՝ անոնց անուններուն մասին է:

Հայերս ունեցած ենք օրուան քսանչորս ժամերուն համար եզակի անուններ. անուններ, որոնք պատկերալից են ու կը խօսին հին օրերու կենցաղին մասին: Անոնք միեւնոյն ժամանակ գործնական են. կը ցոլացնեն արեւի եւ լուսնի երկնային դիրքը:

Նախ յիշենք, թէ հին օրերուն օրը կը սկսէր լուսաբացով ու կը վերջանար մայրամուտով: Շաբաթ օրը նոյնպէս մայրամուտով կը դառնար Կիրակի, ուրկէ՝ Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան անունը Կիրակնամուտք եւ Միսաք Մեծարենցի յայտնի բանաստեղծութիւնը՝ «Կիրակմուտք», ուր կը նկարագրուի օրուան այս ամենախորհրդաւոր ժամը:

Ժամերը կարելի է բաժնել երկու խումբի՝ գիշերային եւ ցերեկային: Գիշերային ժամերն էին՝  խաւարականն, 19:00, աղջամուղջն, վերջալոյսին հետեւող կիսախաւարը, մթացեալն, շաղաւօտն, կամաւօտն, բաւականն՝ կէս գիշերն էր, հաւթափեալն, գիզկան՝ գիշերային ութերորդ ժամն էր, կէս գիշերէն երկու ժամ անց, լուսաճեմն՝  լոյսի մէջ ընթացող, քալող. ճեմել՝ քալել արմատէն, առաւօտն, լուսափայլն եւ փայլածումն: Ցերեկային ժամերն էին՝ այգն, 07:00, ծայգն, զօրացեալն, ճառագայթեալն, շառաւիղեալն՝ արեւի ճառագայթներու ժամն է, երկրատեսն՝ կէսօր, երբ արեւը կեցած է միջօրէականի վրայ, շանթակալն՝ օրուան հրավառ տաք ժամն էր, որ կը նմանի շիկացած երկաթի, հրակաթն՝ կրակ կաթեցնող ժամ, հուրաթափեալն՝ կրակ թափող ժամ, թաղանթեալն, Առաւարն եւ ամէնէն պատկերալիցը՝ արփողն, ցերեկուան վերջին ժամը, մայրամուտին: Արփողնի համար կայ այլ ստուգաբանութիւն. այն ժամը, երբ քաղաքի դռները կը կղպէին փողահարութեամբ (առ+փող կազմութեամբ):

Նորայր Տատուրեան,
«Ակօս»