Ըստ սովորութեանս, «Բագին»ները կը թերթատէի, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց 1977ի թիւ մը, նուիրուած հայ դպրոցին եւ ուսուցչին (Բագին,1977, համար 10, էջ 72-77):
Սոյն համարը կը հաշուէր 104 էջ եւ լեցուն էր 20րդ դարու հանրայայտ հայ մտաւորականներու գրութիւններով: Անոնցմէ ոմանք սիրալիր խօսքերով կը վերյիշէին հայերէնի իրենց սիրելի եւ յարգելի ուսուցիչները. ուրիշներ՝ պարզապէս ազգային հայեցակէտ ունէին:
Հետաքրքրական էր Սմբատ Փանոսեանի յօդուածը, որ կը շօշափէր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պատմութիւնը՝ հիմնադրութեան օրէն մինչեւ 1977:
Ան կը պատմէր իր առաջին օրը սոյն հաստատութենէն ներս: Կը նկարագրէր դպրոցին շէնքերը, եւ տարիներու ընթացքին հոն ծառայող մտաւորականները: Ան կ՛ըսէր, թէ 1926ին, աշակերտներուն մեծամասնութիւնը որբեր էին: Աւելի անդին, Փանոսեան կը պատմէր բան մը, որ այսօրուան հայ լեզուի ողբալի վիճակը կը պարզէ: Ան կ՛ըսէր. «Ժամանակի եւ տընտեսական ու քաղաքական շարժերուն հանդէպ զգայուն, հետագայ սերունդներն ու կրթական գործօնները - աշակերտ, ծնողք կամ ուսուցիչ - նահանջելով ազգային ու ցեղային դիրքերէն, քիչ առ քիչ նուազ պահանջք կը զգային գրաւոր լեզուին, բանաւորը բաւարար նկատելով. իսկ բերանացի խօսքը, առանց յենակի մնալով, հետզհետէ պիտի գռեհկանար, ի վերջոյ՝ դառնալու համար խաթարուած գաւառաբարբառ»: Պատկերը շատ տարբեր չէ ներկայիս:
Կիպրոսի այդ համբաւաւոր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ ներկայիս կը գտնուի նաե՛ւ այլապէս ողբերգական վիճակի մէջ, եւ որուն փակումը խախտեց հայ կրթական դաստիարակչութեան առկախումը: Մանրամասնութիւններու մէջ չեմ ուզեր մտնել, որովհետեւ վաւերական տուեալներ չունիմ: Եւ յետոյ, այս գրութիւնը կը զբաղի միայն լեզուական հարցերով:
Եթէ վերոյիշեալ տողերը կը խօսին արեւմտահայերէնի մասին, հետագայ պարբերութիւնները պիտի խօսին արեւելահայերէնին մասին: Արեւելահայերէն ըսելով չենք հասկնար գրական մաքուր արեւելահայերէնը. այլ այն միւս աղաւաղուած լեզուն, «սովետահայերէնը», որու բառերուն գրեթէ կէսը ռուսերէն կամ ֆրանսերէն են: Եւ մեր ոսկեղնիկը կը զոհուի «օրուան շուկային» եւ «հայուն ստամոքս»ին:
Հիմա, նորութիւն չէ. բոլորս ալ գիտենք որ այս վերջինը աղէտ դարձաւ մեր երկրին եւ մշակոյթին համար, երբ մենք անդադար եւ անկեղծօրէն համոզուած կը կրկնենք, որ առանց լեզուի չկայ ազգ: Եւ եթէ այս ընթացքով շարունակենք, աստիճանաբար պիտի ըլլանք առանց լեզուի ազգ մը, բնորոշուող միայն մեր հաւատքով եւ եկեղեցիով: Ա՞յս էր մեր ուզածը: Ասո՞վ պիտի պսակուէին տարիներու մեր ջանքերը հայերէնի պահպանման համար: Շեշտե՛նք. հայերէնի անե՛ղծ պահպանման համար: Եւ, յստակացնե՛նք: Մենք ոչ ոք կ՛այպանենք պատահածին համար: Կ՛այպանենք միայն այդ օրերու եւ նոյնիսկ այսօրուան վերին խաւի ղեկավարները, քաղաքական թէ մտաւորական, որոնք մինչեւ այսօր կը պաշտպանեն վերոյիշեալ վտանգաւոր քայլը:
Ղեկավար այս խաւին մէջ եւս անշուշտ կային ազգային խիղճ ունեցող մտաւորականներ, որոնք այդ տաժանելի եւ վախազդու ժամանակաշրջանին իսկ չվախցան իրենց ձայնը բարձրացնելու: Ասոնցմէ էր հայրենի անուանի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան: Իսկ, քսաներորդ դարու մեր ամէնէն տաղանդաւոր, անվախ՝ այլ եղերաբախտ բանաստեղծներէն՝ Պարոյր Սեւակ, հրապարակ իջաւ, իր բարձր հեղինակութեամբ, ի խնդիր լեզուի մաքրութեան:
Սեւակի «Բաց Նամակ «…բառարան»ը կազմողներին» (Բագին ամսագիր, 1979, Համար 9, էջ 59-63)գրութիւնը, բանաստեղծին զուսպ այլ՝ զայրացած ելոյթն է, ի տես սոյն հայ-ռուսերէն բառարանի քանի մը լեզուներով խայտաբղէտ բառամթերքին: Այդ բառամթերքին գրեթէ կէսը ռուսերէն է «թարգմանաբար» որ, իր կարգին, ֆրանսերէնէ առնուած է: Այսինքն ռուսերէնով՝ ռուսերէնը կը բացատրէ: Ռուսերէնը կրնանք արդարացնել որովհետեւ, որքան որ գիտենք, այդ լեզուն բառամթերքով իսկապէս աղքատ է, եւ ուրիշ լեզուներու օգնութեան կարօտ: Բայց ո՛չ հայերէնը: Այս պարագային բախտաւոր են ֆրանսերէնի հմուտ կամ գէթ ծանօթ ընթերցողները: Որով, ըստ Սեւակի դիպուկ բացատրութեան, եթէ օտար մը աչք նետէ այս աշխատութիւններուն վրայ՝ մեծապէս պիտի ուրախանայ այն իրողութեամբ, որ «հայոց լեզուի բառամթերքի կէ՜սն արդէն գիտի՝ օտա՛ր լեզուներից»:
Այդ օրերուն վիճակը այնպէս էր, որ առանց արդարացնել փորձելու, կը հասկնանք պատահածը: Շարունակենք:
Սեւակ, ուրախանալով որ վերջապէս հայ-ռուսերէն նոր բառարան մը հրատարակուած է, անմիջապէս օրինակ մը կը գնէ եւ տուն վերադառնալով, պատահաբար կը բանայ «Կ» գիրը եւ կը պատմէ հետեւեալը. «Երէկ գիշեր ես «Կոլեր»ի մէջ ընկայ: «Կախեքսիա»ից խուսափելու համար որոշեցի գրել ձեզ այս «օտկրիտկան»՝ դատելով «կատակլիզմիկ կատաստրոֆաների կատեգորիաներով:»
«Կ» տառով բառերու շարքը շատ երկար է, ինչպէս նաեւ միւս տառերը: Բայց կը շրջանցենք զանոնք:
Սեւակ նամակը կը վերջացնէ այսպիսի յետգրութեամբ մը. «Կարող է այն տպաւորութիւնն ստացուել, թէ«Հայ-ռուսերէն» բառարանում «հայերէն բառեր ամենեւին չկան: Կա՛ն, ի հարկէ: Ես գտայ նոյնիսկ «պատասխանատուութիւն» եւ «խիղճ» բառերը՝ ճիշդ «թարգմանութեամբ»:
Սեւակ կը շարունակէ. «Գոնէ բերուած (նաեւ բազմաթի՜ւ չբերուած) բառերի հետ վարուէին այնպէս, ինչպէս «կոշմար»ի հետ են վարուել՝ նշելով. «cm.մղձավանջ (այսինքն՝ «տես մղձաւանջ): Այս դէպքում թերեւս «կոնսուլ»ը մեզ հասցնէր հիւպատոսին, «կոմպաս»ը՝ կողմնացոյցին, «կառնիզ»ը քիւին….»:
Պարոյր Սեւակ սրտի խոր ցաւով ինքզինք կը բացատրէ. «Ես այն մաքրասէրներից չեմ, ովքեր լեզուն համարում են մէկընդմիշտ «կոմլեկտաւորուած»: Ամէն մի լեզու զարգանում է եւ ամէն մի փոխառութիւնից հարստանում ու ճոխանում: Բայց բառարանի (այն էլ «համառօտ» մի բառարանի) մէջ իրար վրայ պարսաւորել այնպիսի օտարազգի բառեր, որոնք «կա՛մ բնաւ գործածական չեն, կա՛մ ունեն իրենց հայացի ձեւերը, կա՛մ գործածական են միայն նեղ մասնագիտական գրականութեան մէջ՝ նշանակում է զբաղուել աչքակապութեամբ»:
«Իսկ, եթէ նոյնիսկ կան նման բառեր օգտագործողներ, ապա դրանք այն մարդիկ են, որոնց բերանից լսում ենք. «Գնանք նախադու, միրավոյ պիվա կա… Մեր տելեֆոնը դեֆեկտ ունի… Զդաջին չտուեց… Փսիխ կինո էր… Պլանի գլխի աստանովկան… Էսոր մեր ինստիտուտում բալնի պարեր կան… Տուֆլիս տարա պաչինկի…»:
Ա՛լ չխօսինք ուղղագրութեան մասին, որուն ծննդեան պատճառը արդէն գիտենք: Իսկ, եթէ հարցնէք թէ ես ինչո՞ւ իմ անձնական կարծիքս չտուի եւ Սեւակին յանձնեցի այդ պարտականութիւնը՝ ըսեմ ձեզի: Այդպէս ըրի, որպէսզի չամբաստանուիմ կողմնակալութեամբ: Ընտրեցի հայրենի «հսկայ» մը, անոր ետեւը պահուըտելու եւ մանր-մունր, տեղի-անտեղի խօսքեր չլսելու համար: Վերջ ի վերջոյ, ուրախութեամբ չէ որ այս միջոցին կը դիմեմ:
Անսրբագրելի ոչինչ կայ, մանաւանդ լեզուական հարցերու պարագային, եթէ կամքը ըլլայ: Այնպէս կ՛երեւի թէ այդ կամքը չկայ: Եւ ամէն ինչ լաւ է, աշխարհներու լաւագոյնին մէջ, ինչպէս որ մօտաւորապէս կ՛ըսեն ֆրանսերէնով (Tout est bien dans le meilleur des mondes possibles): Ի՞նչ փոփոխութեան մասին է խօսքը: Ես ինչ որ չեմ հասկնար այն է թէ, վերջերս հայրենիքը Սփիւռքէն հայ ուսուցիչներ կը հրաւիրէ, անոնց արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը «զարգացնել»ու եւ «կատարելագործելու» համար:
Ողբամ քեզ հայ ազգ: Կամ՝ աւելի ճիշդը՝
Ողբամ քեզ «ո՜վ» մեծասքանչ հայ լեզու:
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ