Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մասին հետազօտական երկարաշունչ աշխատանքէ ետք
Աւօ Գաթրճեան հետեւեալ ուսումնասիրութիւնը պատրաստած է,
որ կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
Յօդուածը պատմական անդրադարձներ կը ներառնէ եւ պիտի ամբողջանայ երկու մասով:

Հայոց պատմութեան վերջին 120 տարին ուսումնասիրելու պարագային, անկարելի է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութիւնը չթերթատել։ ՀՅԴ-ի պատմութիւնն ալ թերթատելու համար անկասկած անհրաժեշտ ուղեցոյց է ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, քանի որ ժամանակակից պատմութեան 120 տարիները իրենց կենդանի ու հարազատ ցոլացումը գտած են այս երկարաշունչ վկայարանին մէջ, հայ յեղափոխութեան ծննդոցէն Հայաստանի պետական կեանքի ստեղծման պայքարներն ու մարտնչումները, հասնելով մինչեւ Արցախի ազատագրական պայքարը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրները, գիտակից՝ մամուլի դերին, առաջին օրէն իսկ օգտուեցան անոր ընձեռած բարիքներէն, եւ ճիշդ այդ անհրաժեշտութենէն մեկնած՝ ՀՅԴ-ի զինանշանին վրայ զետեղեցին գրիչը խորհրդանըշող փետուրը։
Հետեւաբար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբ կը հիմնուի Թիֆլիսի (Կովկաս) մէջ 1890-ին, տրամաբանական էր, որ հաղորդագրութեամբ մը աւետէր իր ծնունդը: Արդարեւ՝ Մանիֆեստ եւ «Թռուցիկ թերթ» հրատարակութիւններով հիմը կը դրուի դաշնակցական առաջին թերթին, որուն կը յաջորդէր պաշտօնական օրկան՝ «Դրօշակ»ի լոյս ընծայումը (առաջին թիւերը հրատարակուած են Թիֆլիսի մէջ, 1891-ին Մայիսին եւ Սեպտեմբերին, Դաշնակցութեան գաղտնի տպարանէն):

«Դրօշակ»ի 3-րդ թիւը լոյս կը տեսնէ Գոնսթանցիոյ (Ռումանիա) մէջ, 1892-ին: Այնուհետեւ, թիւ 4-էն սկսեալ (1893) կը հրատարակուի Եւրոպայի ամէնէն ազատական երկրին՝ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ, մինչեւ 1914, երբ ժամանակաւորապէս կը դադրի, վերահրատարակուելու համար տասնամեակ մը ետք:
1898-ին «Դրօշակ»ի խմբագրութեան շուրջ կազմաւորուած է Դաշնակցութեան Արեւմտեան բիւրոն։
Այս յառաջաբանով կը հաստատենք, որ «Դրօշակ»ը, որպէս ամսաթերթ, երկրորդ անգամ վերստին հրատարակուած է 1925-1933-ին, Փարիզի մէջ, Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ: 1891 Մայիսէն մինչեւ 1931 Մայիս հրատարակուած է 308 թիւ «Դրօշակ»։
«Դրօշակ» երրորդ անգամ 1969-1985-ին որպէս ՀՅԴ բիւրոյի պաշտօնաթերթ հրատարակուած է Պէյրութ՝ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անունով, խմբագիրներ ունենալով Բաբգէն Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան։
«Դրօշակ» չորրորդ ժամանակահատուածը կը ճշդորոշուի 1986-2005 թուականները՝ խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեան։ 1986 Ապրիլէն՝ որպէս երկշաբաթաթերթ, սակայն վերջին քանի մը տարիները՝ որպէս եռամսեայ դրութեամբ։
Իսկ վերջին եւ հինգերորդ ժամանակահատուածը՝ վերահրատարակուող «Դրօշակ»ը կը սկսի հրատարակուիլ Յուլիս 2007-էն Երեւանի մէջ, ամսական դրութեամբ՝ գլխաւոր խմբագիր ունենալով հայրենի գրող եւ մտաւորական փրոֆ. Ռուբէն Յովսէփեանը, իսկ խմբագիր՝ դոկտ. փրոֆ. Կարէն Խանլարեանը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր ժողովը (1898, Թիֆլիս) որոշած էր տանիլ քարոզչական աշխատանք արտասահմանի մէջ, եւրոպական քաղաքական շրջանակներու վրայ բարոյական ազդեցութիւն ձգելու նպատակով։ Այս ծրագրի կենսագործման համար Ժընեւ կþերթայ Քրիստափոր Միքայէլեան, որ կը բարձրացնէ մակարդակը «Դրօշակ» թերթին, Ակնունիի, Ահարոնեանի եւ տաղանդաւոր այլ մտաւորականներու աշխատակցութեամբ։ «Դրօշակ»ը կը ստանայ նոր որակ, երբ Ակնունին կը ստորագրէ «Կովկասեան խաբրիկներ» խորագրեալ յօդուածաշարքը, Սարգիս Մինասեանը՝ «Թուրքիոյ շուրջը», Միքայէլ Վարանդեանը՝ պատմա-ընկերաբանական տեսութիւններ, Ղարիբը (Աւետիս Ահարոնեան) յեղափոխական պատմուածքներ, Սիամանթօ՝ «Հոյակապ դիւցազներգութիւն»ը եւ Քրիստափոր Միքայէլեան լոյս կþընծայէ «Ամբոխային տրամաբանութիւն» խորագրեալ իր աշխատութիւնը։
Քրիստափոր Միքայէլեան «Դրօշակ»ի համար կþապահովէ նաեւ աշխատակցութիւնը օտար հայասէրներու, ինչպէս՝ Ժան Ժորես, Ֆրանսիս Տը Փրեսանսէ, Անաթոլ Ֆրանս, Փիեռ Քիառ եւ ուրիշներ։
Արդարեւ, ժամանակի ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, նպատակներուն եւ իրագործումներուն բեմը կը դառնայ «Դրօշակ»ը՝ դրսեւորելու դաշնակցական նկարագիրը։ Բարոյական ըմբռնումներուն, յեղափոխական արարքներուն, քաղաքական մտածողութեան հայելին՝ «Դրօշակ» տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան աղբիւր պիտի հանդիսանար։
«Դրօշակ» գոյատեւած է կարգ մը ընդհատումներով։
«Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը, իբրեւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ, կը սկսի, ուրեմն, 1891 Մայիսին։


ԱՌԱՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ

Եթէ սկսինք առաջին թիւերէն ակնարկութիւն ընել, ապա անհրաժեշտ է ըսել, որ առաջին համարներէն մէկուն մէջ «Դրօշակ»ը կը նշէ, որ իր էջերուն մէջ կը պարզաբանուի Դաշնակցութեան ծրագիրը:
Իւրաքանչիւր թիւի մէջ առաւելաբար կան նամակներ եւ թղթակցութիւններ, գրեթէ բացառաբար, «Թիւրքաց Հայաստան»էն, Շապին-Գարահիսարէն, Սասունէն, Տրապիզոնէն, Վանէն, Կարինէն, Ակնէն, Բաղէշէն, Սեբաստիայէն, Երզնկայէն, Մուշէն, Տիգրանակերտէն, Ալաշկերտէն, ինչպէս նաեւ Պոլիսէն։
Այդ նամակներն ու թղթակցութիւնները թանկագին վաւերագիրներ են, անգնահատելի ատաղձ՝ հայ յեղափոխական եւ ազատագրական շարժման պատմութեան համար։ Հոն պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքերը տրուած են ականատես վկայ, մասնակից անձերու կողմէ։
Թղթակցութիւնները կը ներկայացնեն Երկրի կեանքը թիւերով, վիճակագրական տուեալներով, տեղեկութիւններով, իրողութիւններով, փաստերով, յաճախ առանց մեկնաբանութեան, եւ կողմնակի խորհրդածութիւններով։
Նամակներ կան նաեւ հարեւան երկիրներէն՝ այդ երկիրներու հանրային կեանքին եւ յեղափոխական շարժումներուն մասին։ Կան նաեւ ականատեսի եւ մասնակցողի վկայութիւններ Պանք Օթոմանի գրաւման, Խանասորի արշաւանքի եւ այլ կռիւներու մասին։
«Դրօշակ»ին նպատակասլացքը սիզբէն ի վեր եղած է «Ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդով»։
«Դրօշակ»ի առաջին տարիներու հաւաքածոն անգտանելի եղած է (յատկապէս առաջին երկուքը) բառին իսկական առումով։ Միակ օրինակը պահուած է ՀՅԴ Փարիզի թանգարանին մէջ։
Ա. հատորը կþընդգրկէ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան առաջին տասնամեակի առաջին կիսուն (1890-1897) լրիւ հաւաքածոն, ընդամէնը՝ 750 մեծադիր էջ։ Բ. հատորը կþընդգրկէ՝ 1898-1901, Գ. հատորը՝ 1902, 1903, 1904, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ (629 էջ), եւ Դ. հատորը՝ 1905, 1906, 1907, նոյնպէս վերահրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1986, Պէյրութ (691 էջ)։
«Դրօշակ»ի թուղթի չափը (հատորներուն) 29x22 սմ., իսկ թուղթին որակը՝ դեղինի զարնող, ծաւալը՝ իւրաքանչիւր թիւ 8 էջ։
Սկսելու համար, կը կեդրոնանանք Ա. հատորին վրայ եւ անվարան կրնանք ըսել, որ շնորհալի աշխատանքով մը հաւաքածոյ կազմելով փրկուած է թանկագին գանձարանը հայ յեղափոխական եւ ազատագրական շարժման։
Ներածութեան մէջ պարզաբանուած են Դաշնակցութեան հետապնդած նպատակները եւ «Դրօշակ»ի կատարելիք դերը։
Այնուհետեւ, Ա. հատորին սկիզբը գրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան Մանիֆեստը՝ գրուած 1890-ին, յայտնի չէ՝ ո՛ր ամսուն։ Այդ թուականին Դաշնակցութիւնը դեռ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն» էր  լոկ։
Մանիֆեստը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ այս իրողութիւնը. «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը թէեւ նոր է հանդէս գալիս իբրեւ կազմակերպութիւն, բայց նա վաղուց գործող խմբերի միութիւնն է, խմբերի՛, որոնք նոյնիսկ հայ ժողովրդի ձգտումների ծնունդն են։
Մանիֆեստէն ետք՝ հատորին կցուած է «Դրօշակ»ի «Թռուցիկ թերթ» թիւ 2-ը, 1891 թուականին, կարճ ծանօթագրութեամբ. «Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը հրատարակելով այս թերթը, յայտնում է, որ մօտիկ ապագայում նա կþունենայ իր օրգանը «Դրօշակ» անունով, ուր, ի միջի այլոց, կը պարզաբանուի Դաշնակցութեան ծրագիրը»։ Պատմութեան համար արձանագրենք միայն, որ «Դրօշակ»ի «Թռուցիկ թերթ» թիւ 1-ը կորսուած է դժբախտաբար եւ այդ պատճառով ալ «Դրօշակ»ի Ա. հատորին մէջ տեղ չէ գտած։
Արդարեւ, «մօտիկ ապագային», 1891 մայիսին, սկսաւ հրատարակուիլ «Դրօշակ»ը, իբրեւ օրկան «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ»։
«Դրօշակ»ի բոլոր յօդուածները եւ թղթակցութիւնները, նամակները, ներքին եւ արտաքին տեսութիւնները, տեղեկագիրները, վերջապէս, ինչ որ գրուած է թերթին մէջ, հասկնալի պատճառներով անստորագիր են։ Հետագային, սակայն, չենք գիտեր ո՛վ եւ ե՛րբ, կարգ մը յօդուածներու եւ թղթակցութիւններու տակ աւելցուցած է գրողին անունը։ Եւ շնորհիւ այս բարեդէպ «միջամտութեան», այսօր գիտենք այլեւս, թէ խնդրոյ առարկայ յօդուածները գրուած են Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Յովնանի եւ Իւսուֆեանի կողմէ։ Նամակները եւ թղթակցութիւնները գրած են Պետօ, Մեխակ, Դժոխք, Մուրատ, Թաթուլ եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Հետագային թերթին իրենց աշխատակցութիւնը բերած են նաեւ Ահարոնեան, Վռամեան, Սարգիս Մինասեան, Միքայէլ Վարանդեան, Խաժակ, Սիամանթօ, Արմէն Գարօ, Հրաչ, Ակնունի եւ ուրիշներ։
Շնորհիւ վերոնշեալ նամակներուն եւ թղթակցութիւններուն, հոն կը գտնենք լրիւ տեղեկութիւններ Հայաստանի այդ օրերու կացութեան եւ այն բոլոր հարցերուն մասին, որոնք 1890-ական թուականներուն եւ անկէ ետք կը ներկայանային հայ ժողովուրդին եւ անոր արժանաւոր ղեկավարութեան։
«Դրօշակ»ի առաջին թիւերուն մէջ ընդհանրապէս կը խօսուի Օսմանեան կայսրութեան բարբարոսութեան մասին՝ հայապատկան հողերու վրայ տեղի ունեցած կոտորածներու մասին, ցարական Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու, հերոսական կռիւներու, դաշնակցական նահատակներու մասին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հարցերու մասին։ Բովանդակութեան խորագիրներ են՝ «Առաջնորդող», «Մեր ծրագիրը», «Այբ ու բեն», «Րէֆորմներ», «Թղթակցութիւններ երկրից», «Կոտորածներ», «Լուրեր երկրից» եւ այլն։
Խմբագիրներ եղած են Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան, Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան), Յոնան Դաւթեան, Միքայէլ Վարանդեան։ Իսկ խմբագրական, վարչական մարմիններու անդամներ, աշխատակիցներ եղած են Սիմոն Շխեան, Գարեգին Խաժակ, Արշակ Վռամեան, Էտկար Ակնունի, Աւետիս Ահարոնեան, Սիամանթօ, Սարգիս Մինասեան, Տ. Յովհաննէսեան, Անտոն Գոշ (Անտոն Պոյաճեան, Դիւանապետ)։
Հրատարակութեան վայրեր եղած են.
1.- Թիֆլիս (Վրաստան) 1891-1892
2.- Գոնսթանցիա (Ռումանիա) 1892-1893
3.- Ժընեւ (Զուիցերիա) 1893-1914
Ժընեւի մէջ «Դրօշակ»ի շէնքը գտնուած է 69 Chemin de Roseraie, երկյարկանի, ութը սենեակնոց տուն մը, գնուած 1898-ին. գինը՝ 22.000 ֆրանք։
Արխիւային իմաստով անհրաժեշտ է կատարել կարեւոր նկատողութիւն մը, որ պաշտօնաթերթի անունին տակ գրուած մակագրութիւնը՝ «Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան օրգան», շարունակուած է մինչեւ 1897 Յունուար 20։ 1897 Փետրուար 8-էն սկսեալ փոխուած է այս բացատրութիւնը եւ դարձած «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրգան»։ Հետագային շարունակուած է այս ձեւը, իսկ վերջին երեք ժամանակահատուածներուն ալ, «ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ», «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ», «ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ», այսինքն «օրգան»ը փոխարինուած է «պաշտօնաթերթ»ով։
Այստեղ տեղին է նշել, որ այս ժամանակահատուածին «Դրօշակ»ի շուրջ համախմբուած գործիչները «Դրօշակ»ի անունով կոչուած էին «դրօշակականներ»։ «Դրօշակականեր»ը կապ հաստատած են եւրոպական երկիրներու քաղաքական ու հասարակական շրջանակներու հետ՝ յոյս ունենալով              եւրոպական իշխանութիւններու միջամտութեամբ վերաբանալ եւ ապա լուծել Հայկական հարցը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»ի առաջին ժամանակահատուածի թիւերը.
1891-ին լոյս տեսած է «Դրօշակ»ի երկու համար։
1892-ին լոյս տեսած է մէկ թիւ, թիւ 3-ը։
1893-ին լոյս տեսած է երկու թիւ, թիւ 4 եւ 5-ը։
1894-ին լոյս տեսած է ինը թիւ, թիւ 6-14 եւ թիւ 6-ի յաւելուած։
1895-ին լոյս տեսած է 22 թիւ, թիւ 1-էն 22։ Երկու թիւ՝ միացեալ։
1896-ին լոյս տեսած է 28 թիւ, թիւ 1-էն 28։
1897-ին լոյս տեսած է 16 թիւ, թիւ 1-էն 16։
1898-ին լոյս տեսած է 11 թիւ, թիւ 1-էն 11։
1899-ին լոյս տեսած է 10 թիւ, թիւ 1-էն 10 եւ ապրիլ 15, յուլիս 15, նոյեմբեր 15 եւ դեկտեմբեր 15, ընդարձակ յաւելուածներ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Արփիար Արփիարեանի մասին։
1900-ին լոյս տեսած է 10 թիւ, թիւ 1-էն 10։
1901-ին լոյս տեսած է 9 թիւ, թիւ 1-էն 9։
1902-ին լոյս տեսած է 11 թիւ, թիւ 1-էն 11։
1903-ին լոյս տեսած է 10 թիւ, թիւ 1-էն 10։
1904-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։
1905-ին լոյս տեսած է 13 թիւ, թիւ 1-էն 13։
1906-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Մէկը՝ միացեալ։
1907-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Երկուքը՝ միացեալ։
1908-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Երկուքը՝ միացեալ։
1909-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Երկուքը՝ միացեալ։
1910-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Երկուքը եւ վեցը՝ միացեալ։
1911-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Երկուքը եւ վեցը՝ միացեալ։
1912-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Երկուքը՝ միացեալ։
1913-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Չորսը՝ միացեալ։
1914-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12։ Չորսը՝ միացեալ։


ԵՐԿՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ

Ինչպէս յայտնի է, «Դրօշակ»ը իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը ծաւալած է Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի պետականութեան խորհըրդայնացումէն ետք նաեւ, իր առջեւ խնդիր դնելով տարածել ՀՅ Դաշնակցութեան ազատատենչ ու արդարամիտ գաղափարները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան պարտքը կատարել մեր ժողովուրդի հանդէպ, բոլոր գաղթօճախներու մէջ։
1925-ին, Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ «Դրօշակ»ի վերահրատարակման առիթով հաստատագրուած է, որ Դրօշակը իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական օրկանը՝ բնականաբար արտայայտիչը պէտք է ըլլայ այն մտքերու եւ գործերու, որոնք կը բնորոշեն ՀՅԴ-ի ծրագիրը, կազմակերպական կանոնները, ռազմավարութիւնը եւ ընթացիկ քաղաքականութիւնը: Քաղաքական, ազգային, հասարակական եւ մշակութային կեանքի բոլոր երեւոյթները, ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս եւ արտասահմանի մէջ պէտք է լուսաբանուին անոր էջերու մէջ՝ համաձայն ՀՅԴ-ի սկզբունքներուն եւ որոշումներուն:
«Դրօշակ»ի թուղթի չափը 32x25 սմ., իսկ թուղթին որակը՝ դեղինի զարնող, ծաւալը՝ իւրաքանչիւր թիւ 32 էջ։ Պատկերազարդուած՝ սեւ ճերմակ  լուսանկարներով։
Այս ժամանակահտուածին մէջն է, որ առաջին անգամ կը սկսի յիշատակուիլ եւ տօնուիլ Դաշնակցութեան «Օր»ը։
Դաշնակցութեան «Օր»ուան յիշատակման առիթով կ՝արժէ յիշատակել «Դրօշակ»ի 1926-ի Օգոստոս-Հոկտեմբեր, թիւ 8-9-ի «Արթուն եւ ամուր» խորագրուած յօդուածը, որ գրուած է. «…Դաշնակցութեան «Օր»ը պիտի դառնայ նախատօնակը հաւատամքի մը, որ ամէն բանէ առաջ, ինքն իր ուժին վստահելու, իր ճակատագիրը վարելու կորով ներշնչեց ստրկացած բազմութեան, եւ ազգային գիտակցութեան առաջնորդեց բանաւոր հօտը»։ Յօդուածը կþաւարտի խորագրի երկու բառերը ընդգծելով. «Արթուն՝ ինչպէս սահմանին վրայ կեցած պահակը, ամուր՝ ինչպէս Արարատը, մենք մեր ճամբան պիտի երթանք այն գիտակցութեամբ, թէ Դաշնակցութեան Օրերը տօնի համար չեն, այլ քայլերգներ՝ «բախտաւոր օրերու» համար»։
«Դրօշակ»ի վերահրատարակման երկրորդ ժամանակահատուածը տեւած է 8-ը տարի (1925-1933), այս ժամանակահատուածին մէջ կը զուգադիպի ՀՅ Դաշնակցութեան քառասնամեակը, որ այդ առիթով ալ «Դրօշակ» կը հրատարակէ բացառիկ թիւ մը։
«Դրօշակ»ի բացառիկ թիւին մէջ կը հանդիպինք նախ ՀՅԴ Բիւրոյի պատգամին ուղղուած «ՀՅԴ մարմիններին եւ ընկերներին»։
ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքէն անմիջապէս ետք տեղադրուած է «Դրօշակ»ի խմբագրականը՝ ««Դրօշակ»ն իր դիրքի վրայ» վերնագրով, խմբագրականը կը սկսի հետեւեալ տողերով. «Հ.Յ. Դաշնակցութեան քառասնամեակի առթիւ իր խօսքն ունի ասելու նաեւ «Դրօշակ»ը։
««Դրօշակ»ը, որ Դաշնակցութեան սերանն է հանդիսանում նրա հիմնադրութեան առաջին տարիներից սկսած։
««Դրօշակ»ը, որի մէջ ամփոփուած են Դաշնակցութեան դիւցազնապատումի ամենասրտագրաւ էջերը։
««Դրօշակ»ը, վերջապէս, որի աշխատակիցներն են եղել շատերը այն աննման հերոսներից, որոնք Դաշնակցութեան փառքն են կազմում»։
Խմբագրականը կը շարունակուի Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան մասին կարգ մը յիշատակումներով, կը նշուի դիւցազնական դէպքեր եւ դէմքեր ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան մղած պայքարը «ԿԵՆԴԱՆԻ ԳՈՐԾՈՎ», եւ այս գործը «Դրօշակ»ը դիւրացուցած է իր յօդուածներով եւ միշտ ջանացած է մերկացնել հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ ազատութեան դէմ նիւթուած դաւերը, հիմնաւորելով անոնց դէմ յեղափոխական պայքարը մղելու անհրաժեշտութիւնը ուսումնասիրելով նաեւ այս պայքարի պայմանները եւ այլն, ինչպէս նաեւ կը շեշտուի վերոնշեալ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԸ միշտ յառաջ տանելու «Դրօշակ»ի պարտականութիւնը եւ այլ հիմնական կէտեր։ 
Խմբագրականը կþաւարտի խիստ կարեւոր հետեւեալ հատուածով. ««Դրօշակ»ը սիրով ստանձնում է այս պարտականութիւնները, վստահ՝ որ մեր ձեռնհաս մտաւորականութիւնը, դաշնակցականի պատրաստակամութեամբ, իր եռանդուն աշխատակցութիւնը կը բերէ նրանց իրականացման համար։
«Դաշնակցութիւնը կոչ է անում, որ կուսակցական բոլոր մարմիններն ու ընկերները պատրաստ կենան իրենց դիրքերում։
«Դաշնակցութիւնը պէտք է պատրաստ գտնի կուսակցութեան ղեկավար միտքը «Դրօշակ»ի դիրքերում»։ Խմբագրականը ստորագրուած է «ԴՐՕՇԱԿ» գրութեամբ։
«Դրօշակ»ի երկրորդ ժամանակահատուածի յօդուածագրութեան ընդգրկած նիւթեր եղած են՝ Դաշնակցութեան «Օր»ուան, Խանասորի արշաւանքի, Պանք Օթոմանի, Մայիս 28-ի, Ապրիլ 24-ի, սփիւռքի, Հայ դատի, ազգային կեանքի զանազան երեսներն ու երեւոյթները վերլուծող կարեւոր ու հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ։ Այս ժամանակահատուածին զգալի է «Դրօշակ»ի ընդդիմադիր ըլլալը խորհըրդային կարգերուն հանդէպ։
Բովանդակութեան բաժիններն են՝ «Խմբագրական», «Մեր զոհերը», «Թուրքիոյ շուրջ», «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին», «Թղթակցութիւններ», «Կուսակցական կեանք», «Հայաստանում», «Ինտերնասիոնալ» եւ այլն։ Իսկ յօդուածագիրները՝ Սիմոն Վրացեան (Ս. ՎՐ.), Ն. Հանգոյց (Նիկոլ Աղբալեան), Արշակ Ջամալեան, Ռուբէն, Շաւարշ Միսաքեան, Վազգէն Շուշանեան, Գարեգին Խաժակ, Կարօ Սասունի, Վահան Նաւասարդեան, Ա. Արիսեան, Արշալոյս Աստուածատրեան, Հրանտ-Սամուէլ, Ս. Մասուրեան, Ռ. Սեւեան, Իրազեկ (Յակոբ Տէր Յակոբեան), Աշոտ-Արծրունի, Յովնան Դաւթեան, Ն. Բադալեան, Ասատուր, Զանգի, Օննիկ Մխիթարեան, Գառնիկ Գիւզալեան, Գ. Սազճեան եւ ուրիշներ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»ի երկրորդ ժամանակահատուածի թիւերը.
1925-ին, Յուլիսէն սկսած է, լոյս տեսած է 6 թիւ։
1926-ին, լոյս տեսած է 10 թիւ։ Վերջին չորսը՝ միացեալ։
1927-ին, լոյս տեսած է 12 թիւ։
1928-ին, լոյս տեսած է 12 թիւ։
1929-ին, լոյս տեսած է 9 թիւ։ Երեք թիւ՝ միացեալ։
1930-ին, լոյս տեսած է 11 թիւ։ Մէկը՝ միացեալ
1931-ին, լոյս տեսած է 11 թիւ։ Մէկը (11-12)՝ միացեալ՝ բացառիկ թիւ, կողքը կարմիր։
1932-1933-ին, լոյս տեսած է 10 թիւ։ Երկուքը՝ միացեալ։


ԵՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ

«Դրօշակ»ի երրորդ շրջանը «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»ի ժամանակահատուածն է։ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»ի անուանումը օրին կատարուած է լիբանանեան միջավայրին մէջ լոկ հրատարակչական արտօնագրի նկատումներով: Խորքին մէջ, եւ ըստ էութեան, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ն էր իր գաղափարական լիցքով, շաղախով, բովանդակութեամբ եւ ուղղուածութեամբ:
Լիբանանեան պայմաններու մէջ «Դրօշակ»ը վերհրատարակուած է 1969-ին, վարիչ խմբագրութեամբ Բաբգէն Փափազեանի եւ խմբագրութեամբ Սարգիս Զէյթլեանի, որ այդ օրերուն Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն էր: Այս կարգավիճակով «Դրօշակ»ը հրատարակուած է մինչեւ 1985 թուական, որմէ ետք Յունաստանի մէջ լոյս ընծայուած է «Դրօշակ» աւանդական անունով 1986 Մայիսէն յետոյ:
ՀՅԴ 21-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք, վարիչ խմբագիր նշանակուած է Սարգիս Զէյթլեան, մինչեւ իր անարգ առեւանգումը, 1985: Փոխ խմբագիրներն են Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Վազգէն Էթիէմեզեան։
«Ազդակ-շաբաթօրեակ»ի թուղթի չափն է 29x22 սմ., իսկ թուղթի որակը պարզ է, ճերմակ եւ ծաւալը մինչեւ 24 էջի սահմաններուն մէջ։
«Շաբաթօրեակ»ի վերահրատարակութեան առիթով հոն կը կարդանք. «Օրաթերթերը հարկադրաբար կը խմբագրուին օրը օրին եւ կը ստանան առօրեայ կեանքի հեւքն ու կշռոյթը: Կը կրեն նաեւ տեղական բնոյթ՝ գոհացնելու համար տեղւոյն հասարակական նեղ պահանջները: Այս շաբաթաթերթ օրգանը լոյս կը տեսնէ՝ դուրս գալու համար առօրեայ հեւքոտ կեանքի  ճնշումներէն, փնտռելու աշխարհը  ցնցող դէպքերուն եւ իրադարձութեանց մէջ հետքերը՝ մնայուն եւ տեւական արժէքներուն»:
Այնուհետեւ սկըզբունքային հարցերը դիտարկելու ձգտումը հանդէս կու գայ «Ազդակ-շաբաթօրեակ»ի մէջ։ Հոն անգամ մը եւս կը շեշտուին, որ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ հաւատամքը ոչ մէկ  ատեն տոկմաթիք,  քարացած վարդապետութիւն եղած է: Շնորհիւ դաշնակցական կարգ մը մտաւորական յօդուածագիրներու եւ յատկապէս խմբագիրներ՝ Բաբգէն Փափազեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական լայնախոհութեան, պաշտօնաթերթին մէջ կը շեշտուի համաշխարհային, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային զարգացումներուն հետ քայլ պահելու, անոնց բացուած մնալու լայնախոհութիւնը:
«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի հիմնական գլուխները կը բաղկանան հետեւեալ բաժիններէ.- «Խմբագրական», «Օրուան դէպքերուն առընթեր», «Հրապարակագրական էջեր», «Ազգային այժմէական հարցեր», «Գաղափարա-տեսաբանական հարցեր», «Կազմակերպական հարցեր», «Արձագանգներ», «Մեր մամուլի լուսարձակին տակ», «Օտար գրականութեան լուսարձակին տակ», «Գրականութեան աշխարհէն», «Պատմա-բանասիրական հարցեր», «Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններ», «Խորհրդային հարցեր», «Ընկերա-մշակութային հարցեր», «Ընկերային հարցեր», «Ընկերային քաղաքականութիւն», «Այժմէական հարցեր», «Հայկական այլախոհութիւն», «Ազգային ազատագրական շարժումներ», «Նիւթեր հայ յեղափոխական պատմութեան», «Անդրադարձում՝ յեղափոխական դրուագներու», «Անձինք նուիրեալք», «Միջազգային քաղաքական կեանք», «Այլախոհական շարժումներ», «Օրուան մտածումը» եւ այլն։
Թերթին մնայուն յօդուածագիրներն են Էտիկ Յովհաննէսեան, Սարգիս Զէյթլեան (Ս. Կ. եւ Ս. Կալեան), Մուշեղ Իշխան, Բաբգէն Փափազեան, Լեւոն Մկրտչեան, Հրաչ Տասնապետեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Պօղոս Սնապեան, Կարօ Յովհաննէսեան (Կ. Յ.), Վաչէ Բրուտեան (Վ. Բ.), Վազգէն Էթիմէզեան (Վ. Է.), Վարազդատ, Ն. Դիմաքսեան, Ալեքսան Մնակեան, Գրիգոր Աչըգեան, Սարգիս Կիրակոսեան (Ս. Կիրակ), Յ. Քիւրքճեան (Յարութիւն), Անտրէ Ամուրեան, Կարօ Արմէնեան, Պարոյր, Նազարէթ Պէրպէրեան (Խաժակ), Յակոբ Պալեան եւ ուրիշներ։
«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի ժամանակահատուածը գաղափարաբանութեան եւ գաղափարախօսական նիւթերէ զատ կþընդգծուի ալ աւելի, որպէս ընդդիմադիր մամուլ խորհրդային կարգերու ընդհանրապէս եւ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններու նկատմամբ յատկապէս։ Թէեւ  կը շարունակուի «Դրօշակ»ի անցեալ ժամանակահատուածի ուղեգիծը, բայց հոս ալ աւելի սուր գրիչներ ընթացք կþառնեն զսպելու խորհրդային կեդրոնացեալ կարգերու կողմէ յոխորտանքներն ու խեղաթիւրուած ստյօդ տեղեկանքները Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներու հասցէին։

ԱՒՕ  ԳԱԹՐՃԵԱՆ

(Բ եւ վերջին մասը
լոյս կը տեսնէ Երկուշաբթի օրուայ մեր թիւով)