Աշխարհի վրայ ապրող ամէն հայու համար ազատ հայրենիք ունենալը տարբեր զգացում  ու տարբեր իրականութիւն մըն է: Շատերուն կը խանդավառէ այս ճշմարտութիւնը, իսկ ուրիշներուն համար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունի:

Անոր ազատ ըլլալը կամ չըլլալը նոյնն է իրենց համար: Ասոնք իրենց անձնական կեանքը կը վայելեն Սփիւռքին  մէջ ու այսքան: Արդարեւ, պատմական ու հոգեբանական բնոյթ ունեցող զգացում մըն է ներկայիս ազատ հայրենիք ունենալը: Ակնկալուած տարիներու երազը այժմ իրականութիւն դարձած է, իսկ հոն երթալը, հոն հաստատուիլը, անոր նորակերտ պատմութեան մասնակցիլը խորաթափանց ու կերտիչ զգացումներ են, որոնց հետ ընտելանալը յաճախ մարդկային ուժերէն վեր է, որ գերբնական ուժ եւ հայրենապաշտական զուլալ զգացում ունենալ կը պարտադրէ: Կը գիտակցիմ, որ անհատական բնոյթ ներկայացնող դժուար լուծելի հարց մըն է այս հարցը, որ ազգային յանդգնութիւն կը պահանջէ եւ ոչ թէ մարդկային: Ներկայ այս պատմական ճգնաժամին, Սփիւռքին մէջ, «Մենք անկեղծ զինուոր ենք...» լիաթոք երգելը եւ նոյն օտար երկրին մէջ մնալը չի ծառայեր երգին հետապնդած սուրբ նպատակին: Անկեղծ զոնուորը, պատիւ ու փառք իրեն, հայրենիքի մէկ ճգնաժամին ու ճիշդ ժամանակին, Սարդարապատի ճակատ գնաց նոր հայրենիք կերտելու: Ներկայիս Հայաստանին մէջ, նոր «Սարդարապատ» մը կ՛ապրինք: Երբեք մտածա՞ծ ենք այս նորաձեւ պայքարի մասին...: Բայց անցնինք...  Այս հայրենապաշտական մտորումներս, որոնք բանաստեղծութիւններ ըլլալէ շատ հեռու են, սիրով կը նուիրեմ Աթէնքի, Թորոնթոյի եւ Արագածոտնի հայրենի գիւղերէն Ուշիի հարիւրաւոր աշակերտներուս ու նորահաս սերունդին, ի սփիւռս աշխարհի: Հոս գրածներս, ինչպէս միշտ, սրտէս բխած զգացումներ են ու մանաւանդ անկեղծ: Հայաստան ամէն բանէ վեր, այս եղած է միշտ իմ կեանքի նշանաբանը:

Մարգար Շարապխանեան
Նուէր աշակերտներուս