Այս տարուայ քո նուէրները
մութն ու ցուրտն են, իմ փոքրիկ…
Այս տարի պայթող ռումբերը
քեզ դարձել են խաղալիք…

Ռուբէն Հախվերդեան

Ան որ Հալէպի ջուրը խմած է, շատ լաւ գիտէ, թէ կեանքի աշխուժացումը կապուած է օրուան երկրորդ կէսին հետ: Հալէպը ուշ կ’արթննար:  Այսօր դժբախտաբար ամէն ինչ հակառակ դարձաւ: Մահը սկսաւ ընկերակցիլ օրուայ երկրորդ կէսին հետ, իսկ Հալէպ սկսաւ կանուխ արթննալ:
Այս պատճառով արեւի ամէնօրեայ մահուան հետ Հալէպցիք իրենք զիրենք անիմաստ ու անհեթեթ մահէն փրկելու համար նախընտրեցին տունը նստիլ: Անշուշտ ես ալ Հալէպցի եմ եւ ստիպուած ենթարկուեցայ նոյն օրէնքին: Օր մը, երբ ես, քոյրս եւ քրոջս աղջիկը սոյն օրէնքին համապատասխան տուն բանտարկուած կը փորձէինք ինչ որ զբաղուելու միջոց մը հնարել, յանկարծ շատ զօրաւոր ձայն ու ցնցում մը զգացինք: Ռումբ մըն էր, որ ինկաւ ճիշդ մեր տան առջեւ: Ահռելի պահ մըն էր… Ես եւ քոյրս, պատահածը ըմբռնելով, կրցանք մենք մեզի  զսպել ու ինքնորոշուիլ, սակայն չորս տարեկան Փաթիլը սարսափի մէջ էր եւ չէր գիտէր ինչ պէտք էր ընէր… Պայթումի ձայնին հետ կապուած, չեմ գիտէր ինչու անիւը անցաւ միտքէս: Շուտով քրոջմէս փուչիկ մը խնդրեցի ու Փաթիլին գիրկս նստեցնելով սկսայ բացատրել «մի վախնար հոգիս, ասիկայ կ’երեւի անիւի մի պայթումն էր»:
Ան լալով հարցուց իր տարիքի ամէնէն սիրուած հարցումը՝ ինչո՞ւ: Եւ որովհետեւ արդէն վարժ եմ այս ինչուներուն, սկսայ գործնականօրէն բացատրել «անիւին մէջ օդ կայ կ’երեւի, գամ մտաւ անոր մէջ ու պատճառ դարձաւ պայթելուն: Հիմա տես այս փուչիկը, եթէ անոր մէջ օդ լեցնենք ու ասեղով պայթեցնենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ես իսկապէս Փուչիկը ուռեցուցի ու ասեղով պայթեցուցի: Փուչիկին ձայնին հետ Փաթիլին ժպիտը վերադարձաւ: Երկրորդ փորձին հետ նոյնիսկ ծիծաղին ձայնը տիրեց ամբողջ տունին մէջ:
Այս ծանր 10 վարկեանը խէրով բարով անցնելէ ետք, ամէն ինչ տան մէջ նորմալ էր: Իսկ դուրսը հակառակ պատկեր մը կը տիրէր: Նիւթական վնասներ, քանի մը վիրաւորներ եւ ահռելի սարսափի մթնոլորտ մը…
Այսօր դժբախտաբար ամէն ռումբի հետ, որ յաճախակի է, այլեւս փոքրիկ Փաթիլը ժպտալով ու համոզուելով քեռիին բացատրութեամբ, կը մօտենայ ու կ’ըսէ «նորէն անիւ մը պայթեցաւ, ուֆֆ… Թող հաւաքէն այս գամերը»: Եւ այսպէս լրիւ համոզուած իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ այս դէպքէն…
Փաթիլին համար այս ձայները առայժմ անիւի անվնաս պայթում է եւ ես ստիպուած եմ իմ սուտիս հաւատալու, նուազագոյնը իրեն ու իր նմաններուն առջեւ: Սակայն ես շատ լաւ գիտեմ, թէ իւրաքանչիւր ռումբի հետ ինչ որ տուն մը կը փլի, ընտանիք մը կը քայքայուի, հայր մը կը մահանայ, կամ երիտասարդ մը հաշմանդամ կը դառնայ… Փոքրիկ մը կը կորսնցնէ իր պուպրիկը, կամ նոյնիսկ իր երեւակայութիւնը…
Փաթիլին տրամաբանութէամբ կը գրեմ՝ երանի քաղաքիս մէջ որեւէ անիւ չպայթի այլեւս…

Սաղաթէլ Պասիլ
Պոլսոյ Ակօս թերթ