ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Մշակութային ժառանգութեան օրէնքը» (La loi sur  le patrimoine culturel), որ տարի մը առաջ որդեգրուած էր Քեպէգի Ազգային ժողովին կողմէ, ի զօրու դարձաւ 2012 Հոկտեմբեր 19-ին, փոխարինելով 1922-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող ու բազմաթիւ անգամներ վերանայուած

նախկին օրէնքը։
Ինչպէ՞ս կը տարբերի նոր օրէնքը հինէն, ու ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ ան նահանգի մշակութային զարգացման տեսակէտէն։ Հարցը տեղական բնոյթ չունի միայն, ու յատկապէս հետաքրքրական է մեզի՝ հայերուս համար, քանի որ մենք ալ ժառանգորդներն ենք բազմապատիկ աւելի երկար պատմութեան մը ու հարուստ մշակութային ժառանգութեան մը։
Հետաքրքրական է առաջին հերթին օրէնքի գործադրութեան հսկող մարմնի անուան փոփոխութիւնը։ 1922-ին կազմուած է «Պատմական յուշարձաններու յանձնաժողով»ը, որ 1972-ին վերանուանուած է «Մշակութային ունեցուածքի յանձնաժողով» (որուն մաս կազմելու առիթը տրուած է տողերս գրողին 1982-1985), որ ներկայ հանգրուանին կը դառնայ «Մշակութային ժառանգութեան խորհուրդ», պատասխանատուութեան շատ աւելի լայն ծիրով մը։
Եթէ, մինչեւ 1972, պատմական յուշարձանները կը հանդիսանային գլխաւորաբար շէնքեր՝ եկեղեցիներ, վանքեր, մշակութային կոչումով այլ կառոյցներ, այդ թուականէն ասդին ընդգրկելով նաեւ այլ իրեր՝ ձկնորսական նաւեր ու առարկաներ, արհեստներու կամ ճարտարարուեստի վերաբերեալ իրեր, եւայլն, ներկայ օրէնքը երկու ուղղութեամբ կÿընդլայնէ ժառանգութեան ըմբռնումը. առաջին՝ կÿընդգրկէ բնապատկերը (paysage, landscape), համաձայն UNESCO-ի կողմէ 1993-ին որդեգրուած հռչակագրի մը, եւ աննիւթական կամ անիրեղէն ժառանգութիւնը, նոյնպէս համաձայն ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական ու մշակութային կազմակերպութեան մէկ այլ հռչակագրին, որ 2003 թուականին որդեգրուած էր։
Իր նոր օրէնքով Գանատայի ֆրանսախօս այս նահանգը իր ինքնութեան պահպանման ի խնդիր նոր էջ մը կը բանայ իր պատմութեան մէջ, վերջապէս իր ազգային նշանաբանը՝ «Կը վերյիշեմ» (Je me souviens) իրականութեան վերածելու հնարաւորութեամբ։ Ասկէ ետք պահպանման ու հոգածութեան կրնան արժանանալ ոչ միայն ճարտարապետական կոթողներն ու շօշափելի իրերը, որոնք թանգարաններու մէջ կամ նոյնիսկ անհատներու քով կը պահուին, այլեւ պատմական-մշակութային նշանակութիւն ունեցող բնանկարները, բնակատեղիները, պատմական դէպքերն ու իրենց վայրերը, մշակոյթի տարբեր արտայայտութիւնները, այլեւ դերակատար անձնաւորութիւնները։
Le Devoir-ի 27-28 Հոկտեմբեր 2012-ի շաբաթավերջի համարով հրատարակուած յատուկ յաւելուածին մէջ, ինչպէս կը նշէ Norman Theriault իր առաջնորդող յօդուածով (Le Quebec enfin, se souvient!), ըստ Ռոպեր բառարանին, «Ժառանգութիւնը սեփական ստացուածք մըն է, ինչպէս նախնիքներուն կողմէ փոխանցուած ունեցուածք մը, զայն օգտագործելու, վայելելու ու տնօրինելու բացառիկ ու բացարձակ իրաւունքով՝ օրէնքի սահմանափակումներուն ներքեւ։» Սակայն ժառանգութեան մը սեփականատիրական այս իրաւունքը կÿընկերանայ պարտաւորութեամբ մը՝ զայն լաւ վիճակի մէջ պահելու։
Ասիկա իրաւ է թէ՛ անհատի պարագային, թէ՛ հաւաքականութեան պարագային։ Ընդունինք, որ այդ կարենալ ընելու համար, ինչպէս Թերիօ կÿըսէ, պէտք է նիւթական անհրաժեշտ միջոցները յատկացնել, այլապէս օրէնքը կը մնայ մեռեալ տառ եւ անձնական շահերն ու նպատակները արգելք կը հանդիսանան ազգային ժառանգութեան պահպանման, կը հակադրուին ազգային շահերուն ու նպատակներուն։ Պիտի աւելցնեմ, որ նիւթականին հետ նաեւ պէտք է ըլլայ գիտակցութիւնը այդ ժառանգութեան տէր կանգնելու ու զայն արժեւորելու։ Այդ գիտակցութիւնը յաճախ աւելի կարեւոր է քան տնտեսականը։
Ինչ որ կը կատար-ւի, աւելի ճիշդ՝ չի՛ կատարուիր այսօր Հայաստանի մէջ հետեւանքն է աւելի այդ գիտակցութեան պակասին քան նիւթականին։ Օրինակները այնքան շատ են ու յայտնի, որ չեմ ուզեր զանոնք յիշեցնել։ Եւ կորուստը՝ անչափելի։
Մեր աննիւթական թէ նիւթական ժառանգութեան հանդէպ հոգածութիւնը նախանձելի չէ նաեւ Սփիւռքի մէջ, ուր մեր պատմութեան վաւերաթուղթերուն՝ մեր կազմակերպութիւններու թէ անհատ գործիչներու եւ գրողներու, արուեստագէտներու արխիւներուն յաճախ լքեալ վիճակը մեզ պէտք է մտահոգէ։
Մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը պատասխանատու մարմնի մը կամ պետական նախարարութեան մը առաքելութիւնը չի կրնար ըլլալ միայն։ Յատկապէս ՄԱԿ-ի հռչակած սկզբունքներուն համաձայն, երբ բնապատկերն ու աննիւթական ժառանգութիւնն ալ արժէք կը ստանան, բոլոր կազմակերպութիւններն ու քաղաքացիները ունին այդ առաքելութիւնը, սկսեալ լեզուի ու էական բարքերու պահպանումէն մինչեւ զբօսայգիներու կամ գետեզերքներու մաքրութեան հանդէպ բծախնդրութիւնը...
Այս առումով, մշակութային հարստութիւնը, բոլոր օրէնքներէն անդին, ազգային ռազմավարութեան մը առարկան պէտք է ըլլայ, ու պետական ամբողջ կառոյցը հիմնուած ըլլայ այդ հարստութիւնը պահելու, պահպանելու ու զարգացնելու առաքելութեան վրայ, ներառելով բոլոր մակարդակներու կառավարման մարմինները, ուսումնական հաստատութիւնները, քաղաքաշինական ու շինարարական ոլորտները, թանգարանները, բնութեան գոյապահպանման, կայուն զարգացման, զբօսաշրջութեան ու այլ մարզերը։ Անոնք բոլորը առնչուած են մշակութային ժառանգութեան։
Լը Տվուարի նոյն յաւելուածին մէջ, Trois-Rivieres քաղաքի Ժողովրդային մշակոյթի քեպէգեան թանգարանի տնօրէն Yvan Noսl, թերթի աշխատակցին՝ Jessica Nadeau-ի տուած իր հարցազրոյցին մէջ իրաւամբ կը շեշտէ հետեւեալը. «Հարիւրաւոր տարիներ իրերով զբաղած ենք։ Թանգարանները լեցուած են ամեն տեսակի առարկաներով՝ արուեստի գործեր, հին խիճեր, նետի ծայրեր։ Բայց հիմա, հաւանաբար նոր արհեստագիտութիւններու յառաջդիմութեան շնորհիւ, նաեւ աշխարհի հետ մեր կապին՝ կÿանդրադառնանք, որ կան տարրեր, որոնք շօշափելի չեն, որոնք իմաստ կու տան ժառանգութեան, եւ ատոնք ընկերութեան մը արժէքներն են։ Որովհետեւ, նոյնիսկ եթէ մարդկութիւնը շատ արագ կը զարգանայ արհեստագիտական գետնի վրայ, մարդ էակը, հիմնականին մէջ, կը մնայ զգայուն արարած մը՝ իր անձկութիւններով, վախերով ու իր յարաբերութեամբ բնութեան ու բացարձակին հետ։»
Ահա այս նկատումներով պէտք է ողջունել նոր օրէնքը Քեպէգի մէջ, եւ յուսալ որ նոյն գիտակցութեամբ շարժի հայութիւնն ալ՝ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի։