Անցնող շաբաթավերջին գումարուեցաւ Յունաստանի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Պատգամաւորական Ժողովը, ախտաճանաչումներու եւ խորհրդածութիւններու առիթ տալով մեր բոլորին:
Շատ անգամներ հաստատած ենք, թէ հայ երիտասարդութեան մեծ զանգուած մը կայ, որ ինչ-ինչ պատճառներով հեռու կը մնայ մեր ազգային կազմակերպուած կեանքէն եւ հայկական հաւաքականութենէն: Իւրաքանչիւր անգամ որ երիտասարդական տարիքի ուղղուած ձեռնարկներու, ժողովներու կամ ընկերային հաւաքներու կը հանդիպինք, կը տեսնենք մաս մը այդ երիտասարդութենէն, որը սակայն իր ամբողջութեան մէջ սովորաբար աներեւոյթ կը մնայ, իր անձնական հետաքրքրութիւններով կլանուած ըլլալով: Ու մենք կը տագնապինք, գիտնալով թէ իւրաքանչիւր հայ տղայ կամ աղջիկ կարեւոր ուժ է հայկական մեր հաւաքականութեան համար: Կը տառապինք նոր ձեւեր միշտ որոնելով, որպէսզի այդ տղաքն ալ մօտեցնենք, վախնալով թէ ուծացման վտանգը անոնց դուռը կրնայ զարնել...
Մեր ազգային կեանքը յստակօրէն սահմանագծուած է, հիմնական մէկ առաջադրանք ունենալով միշտ: Այդ առաջադրանքը մեր բոլոր ուժերու միաւորումին մէջ է որ կը կայանայ, որպէսզի ազգային որակ, եռանդ ու աշխատանքի թափ փոխանցէ ինքզինք հեռու պահող անհատներուն մօտ եւս:
Առանձին զրոյցներու ընդմէջէն եւ անձնական փորձառութիւններէ կարելի է մի քանի հաստատում կատարել երիտասարդութեան վերաբերեալ:
- Արդեօ՞ք պատահական է որ միշտ նոյն անձերը կ'ըլլան որ մեր մարզական, մշակութային, քաղաքական միութիւններուն մէջ կ'աշխուժանան:
- Պատահակա՞ն է որ անոնք աւելի հայախօս կ'ըլլան, իրենց պարտականութեան աւելի գիտակից, անձնական հաճոյքներէ ժամեր զոհերու աւելի պատրաստակամ:
- Վստահաբար պատահական չէ որ լման ընտանիքներ կը տեսնենք, որոնք ընտանեօք ներգրաւուած կ'ըլլան ազգային կեանքին մէջ. հայրը՝ Համազգայինին, մայրը Հայ Կապոյտ Խաչին, որդին Հ.Մ.Ը.Մ.ին, կամ թատերականին, աղջնակը պարախումբին, թոռնիկն ալ պատանեկան-սկաուտութեան... Հակառակ որ ստորագնահատելի թիւ չեն կազմեր այս ընտանիքները, մեծամասնութիւն չեն սակայն:
Մէկդի կը ձգեմ մեր ձեռնարկներու ներկաներու ներկայացուցած պատկերը, որ սովորաբար միջին ու աւելի հասուն տարիքի հայրենակիցներ կը համախմբէ: Հոս ակնյայտ է հարցը. մեր ձեռնարկներու բովանդակութիւնն է որ չի հրապուրեր երիտասարդը, որովհետեւ փաստուած իրողութիւն է, որ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն առընչուած նախաձեռնութիւններ միշտ ալ իրենց երիտասարդ հանդիսատեսներու ներկայութեան կ'արժանան, իսկ եթէ լեզուն ալ յունարէն ըլլայ՝ դեռ աւելի շատ մարդ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի:
Այս վերջին հարցը սակայն էական է իր մէջ բովանդակող երկուութեան պատճառով. հայերէն լեզուի տկար կամ բոլորովին անբաւարար օգտագործումը անել վիճակ կը ստեղծէ անհատին համար, որովհետեւ զինք կը զրկէ հայերէն լեզուէն: Օրինակի համար հայերէն թերթ կարդացողը կրնայ իր հայերէնը զօրացնել եւ իր առօրեայի մաս դարձնել իր մայրենին, բայց նոյն պահուն պէտք է որոշ մակարդակի մը արդէն տիրապետէ, որպէսզի կարողանայ գէթ նուազագոյն հայատառ ընթերցումը կատարել: Նոյնպէս՝ խօսելու պարագային:
Մեր գաղութներու հիմնական բաղադրամասերը՝ դպրոց, եկեղեցի, թերթ, ակումբ, միութենական աշխատանք, իրար ամբողջացնող ազդակներ են, որոնց լրիւ համագործակցութեամբ միայն կարելի է լաւ արդիւնքներու հասնիլ: Իսկ ազգային կեանքէն ներս ծառայելու փափաքը՝ պարտականութեամբ չէ որ կը կատարուի: Այդ ծառայութեան մէջ մարդ պէտք է ինքնագոհութեան զգացումն ալ ունենայ, պէտք է զգայ թէ որպէս անձ կը զարգանայ, կը հարստանայ, կը յառաջդիմէ, տեղքայլէն կը խուսափի, որպէսզի գործօն դառնալու պատրաստակամութիւնը յայտնէ:
Իրար զուգորդուած է ամէն ինչ. հայկական մեր ինքնութեան հասարակ յայտարարը հանրային թէ սեփական արժէքներու ամէն ինչին մէջ պէտք է փնտռել՝ լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, ինքնամատուցում, բարոյականութիւն: Մեզի ժառանգուած ստորոգելիներ են այս արժէքները, եւ մենք մեր կարգին նորերուն զգացնել պէտք ենք թէ իրենց իրաւունքն է այս բոլորին տիրանալ, որպէս հայ մարդկային էակներ ամբողջացած զգալու համար:
Հռիփսիմէ