«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի  «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Ձեռքով գրելու խնդիր (Ա.)

Խմբագրական աշխատանքիս առընթեր անցեալ օր կը թղթատէի մեր ազգային հաստատութիւններուն մէկուն արխիւէն մեզի փոխ տրուած շատ արժէքաւոր տոմար մը, որուն մէջ աւելի քան հարիւր տարի առաջ այդ ազգային հաստատութեան վարիչները արձանագրած էին իրենց ժողովներուն ատենագրութիւնները։ Մեծահասակ հարիւրաւոր էջերէ բաղկացեալ տոմարը հրաշալի յուշարձան մըն էր ինծի համար մեր նախնիներէն մեզի փոխանցուած, որուն նայելով ես կը թափանցէի մեր ազգային կեանքի անցեալէն ներս ու այդ անցեալը կը բաղդատէի մեր այսօրուան պայմաններուն հետ։ Մարդիկը ի՜նչ կանոնաւորութեամբ գրի առած էին ժողովներու ընթացքին իրենց խօսածներուն ու ընդունած որոշումներուն մասին համառօտ տեղեկութիւններ։ Այդ տողերը ինծի ցոյց կուտային ոչ թէ միայն որոշումներուն ու մտածումներուն չոր բովանդակութիւնը, այլ նաեւ այդ շրջանի ազգային հաստատութիւններու ղեկավարներուն մտայնութիւնը, մտածելակերպը, ցոյց կուտային նաեւ ինչեր ու ինչեր որոնք իրենց ամբողջ մերկութեան մէջ զիս կը լուսաբանէին այդ շրջանի մեր ժողովուրդին տնտեսական պայմաններն ու կարելիութիւնները։ Այս բոլորը հրաշալի էին։ Բայց կար ուրիշ բան մըն ալ որ կրկնապէս հրաշալի էր, այլ խօսքով գլուխ գործոց մը։ Ատիկա ձեռագրին գեղեցկութիւնն էր։
Էջերուն տակ կային անուններ ատենապետներու ու փոխ ատենապետներու, բայց ո՞վ էր եւ ի՞նչ տեսակ մարդ էր ան որ ստանձնած էր հաստատութեան ատենադպիրի պաշտօնը ու իր հրաշալի ձեռագրով լեցուցած էր այս տոմարը, առաջին էջէն մինչեւ վերջին էջը նոյն մելանով, նոյն գեղեցկութեամբ, տողերու նոյն բացութեամբ, նոյն լուսանցքներու պահպանումով, առանց հոս հոն իր գրելիքը լպրտելու, աճապարելու, առանց զոհողութիւն մը ընելու իր ձեռագրին գեղեցկութենէն։ Երբ կը հարցնէի թէ ո՞վ էր այդ ատենադպիրը, իրականութեան մէջ անոր անունը չէ՛ր որ կը փնտռէի, այլ կը փնտռէի անցեալի մէջ մնացած այն մարդը որուն նմանը, վստահ եմ, այսօր գոյութիւն չունի այլլեւս։
Իրաւ է։ Այսօր մեր մէջ, նոյնիսկ մեր շրջանակէն դուրս, ամբողջ Սփիւռքահայ գետնի վրայ, նոյնիսկ թերեւս Հայաստան, դիւրի՞ն է գտնել մէկը որ ձեռագրով պիտի կարենար տոմարի մը հարիւրաւոր էջերը լեցնել։ Դիւրին չէր։ Կը նայէի այդ գեղեցիկ ձեռագրին ու կը մտածէի որ մեր կորսնցուցած գլխաւոր հարստութիւններէն մէկն ալ գեղեցիկ ձեռագիրն էր, կամ ձեռագրին գեղեցկութիւնն էր։ Հիները գեղագրութիւն կը կոչէին։ Այդ գեղագրութիւնը չկար այլեւս։ Եւ այդ գեղագրութիւնը այլեւս չկար ոչ թէ անոր համար որ գեղեցիկ ձեռագիր ունեցող մարդ չէր մնացած, այլ անոր համար որ ձեռագիր կոչուածը, այսինքն ձեռքով գրելու աւանդութիւնը, վաղուց իր տեղը թողած էր մեքենայով գրելու սովորամոլութեան։
Պատմական տոմարին նայեցայ ու անմիջապէս յիշեցի թէ մօտաւորապէս վաթսուն տարի առաջ ինչպիսի նամակ մը գրած էի Նիւ Եորքի մէջ ուսանող իմ եղբօրս։ 1950 էր թուականը։ Եղբայրս կը պատրաստուէր երկիր վերադառնալու ու ես իրեն նամակ գրած էի որպէսզի ապահովէր ու իրեն հետ բերէր հայերէն տառերով գրամեքենայ մը։ Ան ալ բերած էր «Րուայալ» վաճառանիշով ծանրածանր գրամեքենայ մը, որուն պատկերը մինչեւ այսօր բոլոր մանրամասնութիւններով մնացած է մտքիս մէջ։ Ես այդ թուականին հազիւ թէ երեք կամ չորս տարիէ ի վեր հայերէն կը գրէի։ Բաւական գեղեցիկ գիր ունէի, պայմանաւ որ գրելու ընթացքին չաճապարէի, համբերութեամբ գրէի։ Բայց ես աճապարանք միշտ ունեցած եմ կեանքիս մէջ։ Աճապարանք՝ առանց աճապարելու ստիպողութիւն ունենալու։ Ասիկա իմ նկարագրիս մէկ գիծը կը կազմէ։ Գործը շուտ վերջացնելու անհամբերութիւն մըն է, որ միշտ իշխած է իմ բոլոր շարժումներուս վրայ։ Այսօր ալ ատելով կþատեմ դանդաղաշարժութիւնը։ Բայց գրելու անհամբերութիւնը չէ՛ր որ այդ շրջանին զիս հրաւիրած էր գրամեքենայ գործածելու։ Այդ օրերուն կարդացած էի որ Սարոյեանի նման շատ նշանաւոր ու ժողովրդական գրողներ իրենց գրութիւնները ուղղակի գրամեքենայի վրայ կը գրեն։ Այսօր որքան ալ սովորական հնչէ մեքենայով գրելու հրամայականը, այդ շրջանին համար զգայացունց նորութիւն էր։ Չէ՞ որ գիտէինք թէ ինչ նշանաւոր գրագէտներ կային, որոնք մէկ նախադասութեան մէջ մէկ բառը, մէկ ստորակէտը տասն անգամ կը փոխեն, մէկ գրութիւնը քանի մը անգամ կը ձեւափոխեն։ Գրամեքենայի վրայ այսպիսի կարելիութիւնները սահմանափակ էին։ Գրամեքենան յարմար էր միայն այն գրողներուն, որոնք, Սարոյեանի նման, իրենց գրելիքը մէկ շունչով ու մէկ անգամէն կը գրէին։ Բայց այսքան չէր։ Գրամեքենան գիր գրելու նոր մարտահրաւէրի մը դարաշրջանը կը բանար տեսնել գիտցողներու համար։ Ես կը տեսնէի ատիկա։ Գրամեքենայով գրականութիւն մշակելը յեղափոխութիւն էր։ Բայց միայն գրականութի՞ւն։ Ամէն նիւթէ ներս։ Գրամեքենան նախ վերջ կուտար ձեռագիր կարդալու դժուարութեան։ Ձեռագիր ըսուածը որքան կը փոխուէր մարդէ մարդ։ Որքան մարդ, այնքան տեսակ ձեռագիր։ Ոմանցը գեղեցիկ, ոմանցը տգեղ, ոմանցը ուղահայեաց, ոմանցը շեղագիր, ոմանցը մատիտով, ոմանցը մելանով, ոմանցը մեծատառ, ոմանցը մանրատառ, ոմանցը մարգրիտի կանոնաւո- րութեամբ, ոմանցը ծուռումուռ։ Մինչդեռ գրամեքենան, տասըհազար էջ ալ գրէր, նոյն յստակ ու ընթեռնելի տառերով կը գրէր։ Բայց այսքան չէր։

(Շարունակելի)

 Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր-71)