Հատորին ներածական բաժինով Երուանդ Հ. Քասունի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս օտարազգի միսիոնարները պաշտպան հանդիսացան հայութեան 1915-1918 թուականներուն:
Կ՛ըսէ, թէ հակառակ թուրք կառավարութեան հաստատած գրաքննութեան՝ միսիոնարները շրջեցան համարձակ Թուրքիոյ հայահոծ քաղաքները, ուր ականատես եղան հայկական ջարդերու, որոնց մասին ուղարկեցին վկայագրութիւններ Միացեալ Նահանգներ, իրենց միսիոնարական պորտի կեդրոնը, ուր «Միշըների Հերըլտ» ամսաթերթի միջոցով ծանօթացուցին Հայոց ցեղասպանութիւնը համայն աշխարհին:
2012-ին, Պէյրութ, «Քեստենեան» տպարանէն լոյս տեսաւ Երուանդ Հ. Քասունիի վերոյիշեալ ծաւալուն հատորը, որ կը բաղկանայ 608 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 37 վկայագրութիւններ, զորս «Միշըների Հերըլտ»-էն քաղած եւ հայերէնի թարգմանած է Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի օգնական գրադարանավար Եւնիկէ Տոգուզլեան-Եագուպեան:
Հատորին ներածական բաժինով Երուանդ Հ. Քասունի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս օտարազգի միսիոնարները պաշտպան հանդիսացան հայութեան 1915-1918 թուականներուն:
Քասունի կ՛ըսէ, թէ Կ. Պոլսոյ ամերիկացի դեսպան Հենրի Մորկընթաու կայսերական Գերմանիան պատասխանատուներէն կը նկատէ հայոց դէմ գործադրուած Եղեռնի աննախընթաց ոճիրին: Այս առնչութեամբ, Հենրի Մորկընթաու հարց կու տայ, թէ քայզերը ո՞ր աստիճան շահագրգռուած էր արդեօք հայոց հաւաքական կոտորածներով: Կ՛ըսէ, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին գերմանները ինչպիսի՞ վերաբերում ցոյց տուին հայերու հանդէպ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի շրջանին Ամերիկեան միսիոնարութիւնը կը հաւատար, թէ Թուրքիոյ պարտութեամբ, տարագիր հայ ժողովուրդը պիտի վերադառնար իր հարազատ օճախը եւ վերակերտէր իր աւերակ հայրենիքը: Այս լաւատեսութիւնը, կ՛ըսէ Քասունի, երկար չտեւեց դժբախտաբար, որովհետեւ քեմալական զօրքերը արշաւեցին եւ դժոխքի վերածեցին Փոքր Ասիոյ հայկական բնակավայրերը:
Այս առիթով Երուանդ Հ. Քասունի իր երախտագիտական ջերմ զգացումները կը յայտնէ այն օտար անհատներուն, կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն, որոնք բարի սամարացիի նման ձեռնարկեցին հայանպաստ առաքելութեան՝ օգնելով խնամքի եւ հոգածութեան կարօտ հայ ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն:
Հեղինակը նոյնպէս իր յարգալիր զգացումները կը յայտնէ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի ու Եգիպտոսի իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբ հիւրընկալ ժողովուրդներուն, որոնք սիրայօժար բացին իրենց տան դռները Եղեռնի սպանդէն ճողոպրած տարագիր հայերուն դիմաց, որոնց պարգեւեցին քաղաքացիութեան իրաւունք:
Երուանդ Քասունիի լոյս ընծայած վերոյիշեալ հատորին ընթերցումով իրազեկ կը դառնանք «Միշըների Հերըլտ»-էն քաղուած 37 վկայագրութիւններուն եւ նոյն խորագրին տակ հրատարակուած «Քննական ակնարկ»-ներուն: