Անշուշտ ես ալ շատերու նման երկար տարիներ մտածեցի ու կարծեցի որ բառարան ըսուածը միշտ կը պտըտկի երկու լեզուներու միջեւ. ֆրանսերէնէ-հայերէն, կամ անգլերէնէ-հայերէն, կամ հայերէնէ ֆրանսերէն, գերմաներէնէ թրքերէն, եւ դեռ ուրիշ լեզուներ։

Մինչեւ իսկ անգամ մը ռուսերէն-անգլերէն բառարան մը տուն բերած էի մտածելով որ օր մը ռուսերէն ալ կրնամ սորվիլ։ Այսպէս մտածել շարունակեցի մինչեւ որ կեանքի մէջ իմ առաքելութիւններս ու աշխատանքի ուղղութիւններս հիմնովին փոխուեցան, մինչեւ որ վերջնականապէս մտայ հայերէն լեզուի բարդ ու հարուստ աշխարհէն ներս եւ հասկցայ որ ես այլեւս հոն պիտի մնայի մինչեւ կեանքիս վերջը։ Եւ երբ սեղանիս վրայ ունեցայ առաջին հայերէնէ-հայերէն բառարանը, հասկցայ որ բուն բառարանը ա՛յս է ահաւասիկ։ Այս բառարանն է որ քեզի կը սորվեցնէ քու մայրենի լեզուն։ Այս բառարանն է որ քու լեզուով քեզի կը բացատրէ քու լեզուին սա կամ նա քեզի անծանօթ բառը։ Նաեւ այս բառարանն է որ գիտական մերձեցումով քեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս կը բացատրուի քեզի արդէն ծանօթ սա կամ նա բառը։ Օրինակ, բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք թէ ինչ կը նշանակէ «բառ» բառը։ Բայց հայոց բառարանը ի՞նչպէս կը բացատրէ արդեօք «բառ» բառը։ Եթէ ձեր հետաքրքրութիւնը, եթէ  մայրենի լեզուն սորվելու ձեր նախանձախնդրութիւնը մինչեւ հոն կ'երթայ, այն ատեն դուք ալ ինծի հետ կը բանաք Մալխասեանց բառարանը ու կը փնտռէք «բառ» բառը։
Աստուած իմ, ես կրնամ հասկնալ թէ ինչ կը նշանակէ բառարան մը բանալ ու նայիլ «բառ» բառը ամէն բառարանի գոյութեան պատճառն է, գոյութեան արդարացումն է, քանի որ բառարան կոչուածը տասնեակ հազարաւոր բառերու տողանցք մըն է։ Բայց բոլոր բառերը մէկ կողմ, «բառ» բառը մէկ կողմ։ Այս «բառ»ը կարծես բառարանին տէր-տիրականն է, իշխանն է, վերին հրամանատարը։ Կարծես բառարանը լեցնող հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր բառերուն միջեւ մենաշնորհեալ միակ այն բառն է ան, որ ստեղծուած է ո՛չ թէ որպէսզի միայն ի՛նք ապրի, այլ նաեւ որպէսզի միւս բառերն ալ ապրեցնէ։
Այսքան կարեւոր բառ ըլլալով հանդերձ, «բառ» բառը շատ անշուք տեղ մը ունի բառարանի առաջին հատորի 332-րդ էջին վրայ, երեք սիւնակներէն մէջտեղի սիւնակին մէջտեղերը։ Բառարանին հեղինակը բացառութիւն մը չէ ըրած «բառ» բառին համար, մասնաւոր յարգանք ու պատիւ ցոյց չէ տուած անոր, այլ այդ բառն ալ ընդունած է որպէս տասնեակ հազարաւոր բառերէն մէկը։
Բայց յայտնի է որ հեղինակը բաւական դժուարացեր է սա  «բառ» բառին բացատրութիւնը տալու համար։ Շատ բարդ ու դժուար հասկնալի բացատրութիւն մը ահաւասիկ, այնքան դժուար հասկնալի, որ եթէ մենք արդէն չգիտնայինք թէ «բառ» բառը ինչ կը նշանակէ, պիտի չհասկնայինք թէ հեղինակը ինչ բան բացատրել կþաշխատի։ Կարդանք Արեւմտահայերէնի վերածելով բառարանին Արեւելահայերէն բացատրութիւնը.
1.- ԲԱՌ.- (արմատ բառ) - Մարդկային ձայնի հնչիւն կամ հնչիւններէն կազմուած խումբը՝ կոմպլեկտ, որ ունի որեւէ նշանակութիւն։
Ասիկա առաջին բացատրութիւնն է, լաւ է եթէ ձեզի կ'օգնէ որպէսզի հասկնաք թէ «բառ» ինչ կը նշանակէ։ Բայց բառարանը կուտայ երկրորդ, ապա երրորդ, չորրորդ բացատրութիւններ ալ.
2.- ԲԱՌ.- Գիրերու խումբ որ կ'արտայայտէ բառ մը։
3.- ԲԱՌ.- Քանի մը բառերէ բաղկացած իմաստ պարունակող խօսք։
4.- ԲԱՌ.- Խօսքերու տարափ, որոնք նշանակութիւն չունին կամ անհասկանլի են։
5.- ԲԱՌ.- Երաժշտական եղանակ։
Բառարանը հոս կը յիշեցնէ նաեւ թէ կայ «բառ առ բառ» բացատրութիւնը որ կը նշանակէ գրել կամ կարդալ ճշգրտութեամբ, առանց որեւէ բառ աւելցնելու, պակսեցնելու կամ փոխելու։
Է՜հ, բարեբախտաբար մենք գիտենք թէ «բառ» բառը ինչ կը նշանակէ եւ շատ ալ պէտք չունէինք վերի բացատրութիւններուն, որոնք ո՛չ միայն մեզի չեն օգներ, այլ նաեւ քիչ մը կը խանգարեն մեր միտքը։ Բայց հայոց լեզուի բացատրական բառարանին պարտականութիւնը շատ ծանր ու շատ ընդարձակ է, եւ որքան ալ մեզի մեծ բան մը չթելադրէ «բառ» բառին մասին, անդին հազարաւոր ուրիշ բառերու մասին ինչե՜ր ու ինչեր կ'ըսէ մեզի՝ մեզ զարմանքէ զարմանք, հիացումէ հիացում տանելով։
Միայն թէ պէտք է ունենանք համբերութիւն ու կարդալու յարատեւութիւն։ Այսպէս, եթէ շարունակենք կարդալ ԲԱՌին յաջորդող սիւնակները, եւ եթէ հազիւ էջ մը դարձնենք, յանկարծ պիտի տեսնենք որ մեր բառարանին մէջ ԲԱՐ բառն ալ կայ։ Թէեւ պարսկերէնէ եկեր է, բայց մտեր է մեր բառարանին մէջ, կ'երեւի թէ մեր ալ ապրանքը դարձեր է։ Բառարանը մեզի կ'ըսէ որ ԲԱՐ-ը կը նշանակէ առհասարակ պտուղ, ծառի մը առաջին պտուղը, երախայրիք։ Գիտէի՞նք։
Է՜հ, իրականութեան մէջ գիտէինք։ Չարենցն էր որ սորվեցուցած էր մեզի։ Պիտի արժէր որ պահ մը յիշէինք ԲԱՌ ու ԲԱՐ բառերուն միջեւ պատահած հին ճակատում մը՝ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն մէկուն պատճառաւ։

 

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ