«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
«Ոչ»ի խնդիր
Հիները իրենց խանութին պատերէն կը կախէին առեւտրական կեանքի համար ոսկիի արժէք ունեցող խրատականներ։ Մէկուն վրայ կը կարդացուէր.
«Ամէնէն լաւ այցելուն այն է որ իր այցելութիւնը կարճ կը կապէ»։
Կամ՝
«Այստեղ ապառիկ ապրանք չի վաճառուիր։
Կամ՝
«Մեղքը լալով, պարտքը տալով»։
Ով գիտէ պատերէն կախուելու արժանի որքան այլատեսակ պատգամներ կային տակաւին ոչ միայն առեւտրական կեանքի տեսակէտէ, այլ մարդկային բարոյականութեան տեսանկիւնէն։ Ես երկար տարիներ հաւատացի այս իմաստութիւններուն, բայց հիմա կը կարծեմ որ այդ իմաստութիւններէն աւելի իմաստուն, աւելի վաւերական իմաստութիւն մը կայ։ Ես այսքան երկար տարիներ վերջ գտայ իմաստութիւններու այդ ամէնէն վաւերականը։ Այդ ամէնէն վաւերական իմաստութեան դիմաց, կրնայի հիմա կռնակ դարձնել բոլոր միւս իմաստութիւններուն ու փորձառութեան կաթիլներուն։
Ո՞րն էր այդ իմաստութիւնը։ Աշխատատեղիիս չորս պատերուն վրայ կախել չորս ցուցատախտակներ, չորսին վրայ ալ գրուած կարճաշունչ բառ մը. «Ոչ»։
Ոչ։
Այո՛, հիմա կը մտածեմ որ կեանքիս մէջ ոչինչ սորված եմ եթէ չեմ կրցած սորվիլ «ոչ» ըսել մարդոց։ Ո՛չ ըսել։ Ո՛չ ըսել հոսկէ հոնկէ եկած բոլոր առաջարկներուն, ներկայացուած բոլոր խնդրանքներուն, ղրկուած բոլոր հրաւէրներուն, օժանդակութիւն խնդրելու համար երկարած բոլոր ձեռքերուն, յանձնարարութիւն մը խնդրող բոլոր ձայներուն։ Ամէն բանէ առաջ կտրուկ ու վճռական «ոչ» մը ըսել փոխանակ «Բարի եկար» ըսելու։ «Ոչ» մը բոլոր ողջոյններէն առաջ, որպիսութեան բոլոր խօսակցութիւններէն առաջ, խորհրդակցական ամէն տեսակ հանդիպումէ առաջ։ «Ոչ» մը ըսել ու անկէ վերջ ամէն ինչ թողուլ իր գնացքին։ Հիմա գիտեմ որ ա՛յս է ամէնէն իմաստուն, ամէնէն խելացի, ամէնէն ապահով գործը կեանքի մէջ։
Խմբագրատան աշխատասենեակիս չորս պատերէն պէտք է կախեմ այդ «Ոչ»ը, որպէսզի ուր որ նայիմ, տեսնեմ ու յիշեմ որ ես պէտք է «Ոչ» ըսեմ ամէն անգամ որ դուռը պիտի բացուի ու մէկը ներս պիտի մտնէ, կամ ամէն անգամ որ հեռաձայնը պիտի հնչէ ու մէկը բան մը պիտի խօսի հոնկէ։ Օ՜ Աստուած իմ, գիտեմ որ դիւրին չէ, գիտեմ որ ասկէ հազար անգամ աւելի դիւրին ու հաճելի է «Այո» ըսելը, բայց եկուր փոքրիկ ճիգ մը վատնէ ու բերնէդ դուրս բեր սա երկու գիրերով կարճաշունչ բառը. «Ոչ»։ Պիտի տեսնես թէ յանկարծ որքան պիտի հանգստանաս, դուն քեզ որքան անպատասխանատու պիտի զգաս, պիտի տեսնես թէ ինչպէս յանկարծ թեթեւցան ուսերդ, ինչպէս հիմա պիտի կարենաս գլուխդ վեր բռնել, պիտի տեսնես թէ ինչպէս այլեւս պիտի չստիպուիս ճիտդ ծուռ բռնել, բառերդ կակազել, ձայնդ մեղմացնել, աչքերդ անդին փախցնել։ Կարճաշունչ ու երկու գիրերով բառ մը ահաւասիկ, արտասանէ՛ ու վերջացուր։ Եւ անկէ վերջ պիտի տեսնես թէ ինչպէս ուրիշներն են որ քու ձեռքդ պիտի համբուրեն փոխանակ քու ուրիշին ձեռքը համբուրելը։ Պիտի տեսնես թէ ինչ- պէս պիտի իշխես մարդոց վրայ, ինչպէս պիտի յարգուիս, ինչպէս պիտի փա- ռաբանուիս։ Ընկերութեան մէջ արժէք պիտի ունենաս։ Մարդիկ քիչ մը պիտի վախնան քեզմէ, տասն անգամ պիտի մտածեն քեզի հետ խօսելէ, քեզի բան մը առաջարկելէ, քեզի հետ խնդիր մը ունենալէ առաջ։ «Ոչ» ըսէ։ «Ոչ» ըսէ առանց սպասելու նոյնիսկ որ դիմացինը բերանը բանայ սեղանիդ առջեւ նստելէ վերջ։ Կանխիկ ըսէ, առաջուց ըսէ, որպէսզի դիմացինդ գիտնայ որ ինչ որ ալ ուզէ քեզմէ, քու պատասխանը ա՛յդ պիտի ըլլայ։ Ոչ։
Ասիկա այն ամենագեղեցիկ բառն է զոր լեզուագէտները ստեղծած են պատմութեան առաջին օրէն ասդին։ Աշխարհի բոլոր այբուբենները «Այբ»ով չէ որ կը սկսին խորքին մէջ, այլ կը սկսին «Ոչ»ով։ Միայն թէ ոչ ոք կը տեսնէ ատիկա։ Եւ կամ հարցն այն է որ մարդիկ շատ ուշ կը տեսնեն։ Շատ ուշ կը սորվին։ Եւ աստուածաբաններն ալ չկրցան անդրադառնալ որ Աւետարանը պէտք է սկսի ոչ թէ «Ի սկզբանէ Բանն էր» նախադասութեամբ, այլ «Ի սկզբանէ Ոչն էր» նախադասութեամբ։ Ճիշդ է որ Տէրը «Եղիցի» գոչեց պասպարապ անջրպետին նայելով, բայց այդ եղիցին «Ոչ»ին համար էր, ո՛չ թէ լինելութեան համար, եւ այսպէս է որ ստեղծուեցաւ «Ոչ»ը, որպէս առաջին նախապայման երջանիկ ու անպատասխանատու լինելութեան։
Աստուած իմ, որքան ուշ մնացի սորվելու համար այդ ճշմարտութիւնը։ Լեզուս հիմա որքան պիտի դժուարանայ, սիրտս որքան պիտի դժուարանայ այս բառը արտասանելու։ Աշխատասենեակիս պատերն անգամ, հակառակ որ պիտի կրեն սա հրաշալի «Ոչ»ը, պիտի վշտանան ինծի, որովհետեւ անոնք այսքան երկար տարիներէ ի վեր միշտ լսած էին որ ես «Այո»ին մարդն էի։ Բայց ուրիշ ճար չունիմ։ Ուրիշ ճառ ալ չունիմ։ Իմ ճառս ու իմ բառս այսուհետեւ «Ոչ» է։ Ոչ մը պիտի ըսեմ ու հանգիստ տուն պիտի երթամ, հանգիստ պիտի քնանամ մինչեւ առաւօտ ու երբ կրկին պիտի մտնեմ խմբագրատան աշխատասենեակէս ներս, սիրով պիտի ողջունեմ պատերէն կախուած այս հրաշալի «Ոչ»երը։
Ա՜խ, պիտի ողջունեմ, բայց հարց մը կայ։ Պիտի կարենա՞մ։
Կը վախնամ որ առաջին ներս մտնող անձը հինգ վայրկեանէն պիտի համոզէ զիս ու փառաւոր «Այո» մը պիտի բրցնէ բերնէս։
Ռ. Հատտէճեան - «Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)