Գրաբարի ուսուցիչներն ու ուսանողները լաւ գիտեն, որ մինչեւ օրս չունինք գրաբարի ուսուցման համար գոհացուցիչ դասագիրք մը: Հին ու նոր պատրաստուած դասագրքերու մեծ մասը կը հետեւի լեզուի ուսուցման հին մեթոտին՝ առանձին առանձին առնելով գոյականը, դերանունը, ածականը, բայը, եւայլն եւ իրարու ետեւ շարելով բոլոր կանոնաւոր ու անկանոն հոլովումներու եւ խոնարհումներու ամբողջական պատկերները:


Դարձեալ, առաջին իսկ դասերուն մէջ արդէն այնպիսի խօսքեր կը գործածեն, որոնք ուսանողին  համար դեռ անծանօթ հոլովումներու եւ խոնարհումներու բազմաթիւ ձեւեր կը պարունակեն: Պարզ է, որ այդպիսի քերականութեան հա-ւաքածոներ դասագիրք չեն կրնար կոչուիլ:
Ինծի ծանօթ գրաբարի դասագրքերէն միայն Մարտիրոս Մինասեանի «Գրաբարի Գործնական Դասընթաց»ն է, ուր հեղինակը փորձած է ուսուցման գործնական մեթոտ մը կիրարկել՝ միաժամանակ խիստ յօրինուածական կարգով, միայն նախապէս աւանդած կանոններուն համաձայն հրահանգներ դնելով: Դժբախտաբար, այդ գործն ալ չեմ կրնար յաջողած նկատել հետեւեալ պատճառներով: Գոյականներու եւ դերանուններու իւրաքանչիւր հոլովը՝ ուղղական հայցական, սեռական-տրական, բացառական, գործիական, եզակի  եւ յոգնակի, առանձին առանձին դնելով, բայց միաժամանակ նոյն հոլովի հետ առնելով բոլոր կանոնաւոր հոլովումներն ու զարտուղութիւնները միասին՝ կը կարծեմ, թէ աւելի դժուարացուցած է անոնց ուսուցումը: Նոյնը պիտի ըսեմ որոշ չափով նաեւ բայերու խոնար- հումներուն համար, ուր թէեւ ժամանակները առանձին առանձին դրուած են, բայց իւրաքանչիւրին մէջ առնուած են բոլոր չորս լծորդութիւններն ու անկանոն բայերը միասին:
Դասական գրաբարի ներկայ գրքիս մէջ ես հետեւած եմ յաջորդ հիմնական սկզբունքներուն.
1 - Կիրարկել ուսուցման գործնական մեթոտ մը՝ իրարու հետ եւ մաս մաս աւանդելով հոլովումները, խոնարհումներն ու քերականանական այլ կանոնները, միշտ անոնց կապելով համապատասխան հրահանգներ: Ո՛եւէ քերականական կանոն պէտք է ոչ միայն հասկնալի ըլլայ ուսանողին համար, այլեւ գործնական հրահանգներով անոր կոմէ իւրացուի:
Ուսուցողական այս մտահոգութեամբ դասագրքիս առաջին  տասը դասերուն մէջ առած եմ գոյականներու, ածականներու եւ դերանուններու միայն ուղղական եւ հայցական հոլովները, եւ բայերու միայն սահմանական եղանակի ներկան ու անկատարը, միշտ համապատասխան հրահանգներով:
Յաջորդ դասերուն մէջ արդէն առնուած են բոլոր հոլովները, բայց իւրաքանչիւր դասի մէջ միայն մէկ հոլովում: Բայերու ժամանակները բաժնուած են զանազան դասերու՝ իւրաքանչիւր լծորդութիւն առանձին առանձին: Նոյնպէս վարուած եմ նախդիրներու պարագային՝ իւրաքանչիւրը քանի մը դասերու մէջ ցրուելով:
2 - Երկրորդ սկզբունքս եղած է՝ հետեւիլ խիստ յօրինուածական կարգի մը, այսինքն՝ հրահանգներուն մէջ գործածել հոլովներու, խոնարհումներու եւ նախդիրներու միայն այն ձեւերը եւ քերականական այն կանոնները, որ մինչ այդ աւանդուած են արդէն:
3 - Տալ դասական գրաբարի ամբողջական քերականութիւն մը, ինչ որ պէտք է պահանջուի լուրջ հայագիտական համալսարանի հայ ուսանողէն: Այս նպատակով դրուած են նաեւ հրահանգներ ոչ միայն գրաբարէ աշխարհաբար, այլ նաեւ աշխարհաբարէ գրաբար   թարգմանութեան համար: Ոմանք այդ երկրորդը թերեւս աւելորդ համարեն. բայց իմ կարծիքով անհրաժեշտ է այդ, որպէսզի ուսանողը կարենայ քերականական ձեւերը իրապէս հասկնալ եւ սորվիլ:
4 - Քերականական բացատրութիւններու մէջ ջանացած եմ  ըլլալ յստակ, դիւրաւ հասկնալի եւ հակիրճ. ըսել կարեւորը՝ առանց իյնալու ոչինչ ըսող աւելորդաբանութիւններու մէջ:
5 - Դասագիրքս ըլլալով շեշտուած դասակա՛ն գրաբարը՝ օգտագործուած աղբիւրները կը սահմանափակուին գրի գիւտէն մինչեւ 460 թուականը ստեղծուած գրականութեամբ: