Շուտով պիտի սկսինք մեր կեանքի հանգրուանները հաշուելու հետեւեալ ձեւով՝ «համացանցէն առաջ եւ համացանցէն ետք»: Ինչո՞ւ. որովհետեւ այսուհետեւ կեանքի հանգրուանները պիտի հաշուըին «ինթըրնեթէն առաջ» եւ «ինթըրնեթէն ետք» բաժանումներով: Նախորդ դարը մօտ ապագային պիտի կոչուի «դանդաղութեան դարը» եւ պիտի երթայ կորսուելու անցեալին մէջ:
Եթէ մէկը քեզի հարցնէ, թէ այս յօդուածը ե՞րբ գրած ես, պիտի խնդրես, որ խօսակիցդ վայրկեան մը սպասէ, եւ դէպի համակարգիչդ երթաս եւ ստուգես գրութեանդ թուականը: Շատ պարզ է: Եթէ յայտագրին մէջ չգտնես պատասխանը, կը նշանակէ որ համացանցի գիւտէն շատ առաջ գրած ես: Կարեւոր չէ, թէ ո՞ր թուականին: Կը նշանակէ նաեւ, որ դուն հին սերունդին կը պատկանիս:
Նախ եւ առաջ, երբ կը սկսիս համակարգիչը գործածել, զայն կը գործածես գրամեքենայի նման եւ այդպէս ալ կը շարունակես, մինչեւ որ մէկը քեզի ըսէ թէ այս մեքենան ուրիշ բաներ ալ կ՛ընէ:
«Քրիստոսէ առաջ» եւ «Քրիստոսէ ետք»:
Մեղանչած չեմ ըլլար, կարծեմ, եթէ այս ձեւը գործածեմ: Ներկայ դարուն աստուածն է համակարգիչը՝ իր բոլոր նորոյթներով: Շատերու համար, նաեւ փրկիչը՝ թերեւս: Այսուհանդերձ, իր բացառիկ առաւելութիւններուն հետ, անիկա ունի նաեւ սարսափելի ժխտական կողմեր: Այս մէկը նոր գիւտ մը չէ: Գրեթէ ամէն մարդ գիտէ: Պատանիներու թիւ մէկ թշնամին է անիկա. ըստ իրենց, սակայն, ան իրենց մեծագոյն բարեկամն է: Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ այդ բարեկամը ի վերջոյ կը դառնայ մոլութիւն: Եւ ո՞ր մոլութեան արդիւնքը լաւ՝ գէթ օգտակար եւ տանելի եղած է պատանիին եւ ընդհանրապէս՝ մարդուն համար:
Ներկայիս, մարդկային հաղորդակցութեան մեծագոյն եւ ամէնէն գրաւիչ միջոցն է անիկա: Բայց նաեւ առողջութեան վնասակար, որովհետեւ կը քաջալերէ մարդը բոլոր գործերը նստած, առանց տեղէն շարժելու ընել: Նոյնիսկ, անցեալները, բարեկամ մը յայտնեց, թէ այլ բարեկամ մը ամուսնալուծութեան դիմած է, չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառներով: Պայման ալ չէ որ գիտնամ: Երբ բարեկամիս հարցուցի, թէ ո՞ւր լսեր է այդ լուրը, ան շատ զարմացած տգիտութեանս, քիչ մը արհամարհանքով ըսաւ. «Դիմատետրէն» (facebook): Այս երեւոյթը երիտասարդութեան համար շատ հետաքրքրական նորոյթ է, իսկ հին սերունդին՝ մղձաւանջը: Իսկ, անդրադառնալով դրամին հակառակ կողմին, շատեր իրենց ամուսնութեան հրաւէրը կը ղրկեն ե-նամակով: Ուրեմն, զարմանալի չէ, որ ամուսնալուծումն ալ յայտարարեն նոյն միջոցով:
Այս ձեւը շարունակելով, մարդիկ աստիճանաբար կը հեռանան իրարմէ: Հաղորդակցութեան ընձեռած դիւրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ հետեւեալ ասացուածքը. «Աչքէ հեռու, սրտէ հեռու»: Ճիշդ է, որ մարդիկ ե-նամակով կրնան աւելի արագ ձեւով կապ պահել իրենց սիրելիներուն կամ բարեկամներուն հետ: Այդուհանդերձ կապը այդ ջերմ կապը չէ, ինչ որ մարդիկը նախապէս կը բերէր քով քովի: Նոյնիսկ բարեկամներուն հետ ձեռնուիլը աւելի ջերմ է, քան թերթ մը թուղթը, որուն վրայ գրուած ըլլան ամենաջերմ խօսքեր: Նոյնիսկ հեռաձայնը, որուն միջոցաւ նուազագոյնը կարելի է լսել մարդկային ձայն մը:
Շատեր պիտի ըսեն, որ բոլոր այս ժխտականներուն կողքին, կան նաեւ դրականներ. բարիքներ զորս չէինք կրնար ունենալ առանց համացանցին:
Հաստատենք թէ այս հարցը նորութիւն չէ: Հետզհետէ կ՛անդրադառնանք այն անխուսափելի հաւանականութեան, որ մեր հարուստ, կամ աւելի համեստ գրադարանները անիմաստ եւ աւելորդ կարասիներ պիտի դառնան: Տակաւին ասկէ նուազագոյն տասնեւհինգ տարի առաջ, գրողներ եւ մտաւորականներ սկսած էին մտահոգուելու համակարգիչի սր-ընթաց յառաջդիմութեամբ: Ի՞նչ պիտի ըլլային իրենց գիրքերը, եթէ դասական ձեւով չհրատարակուէին, այսինքն թուղթի վրայ՝ մելանով, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնենք, բոլորս ալ համացանցի իշխանութեան տակ կը գտնուինք: Բոլորս, այսինքն, նորածինէն մինչեւ մահամերձ մարդ, կը գտնուինք վերջին արհեստագիտական միջոցներու «մամուլ»ին տակ, որ կը ճզմէ բոլորիս գլուխները, արժանապատուութիւնը եւ յառաջանալու ամէն կարելիութիւն:
Բայց, ի՞նչ կրնանք ընել: Այսօր, մեր այս թշնամին նաեւ շատ անհրաժեշտ է մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ոչինչ կրնանք ընել առանց անոր օգնութեան:
Կը կարծէինք, թէ գէթ հայ գրականութիւնը իր բոլոր ճիւղերով զերծ կը մնայ այս նոր բռնակալէն: Սխալ: Որովհետեւ նոյնիսկ երբ պարզ նամակ մը չենք կրնար գրել եւ հասցէատիրոջ ղրկել՝ առանց անոր օգնութեան: Նամակները, գիրքերը յետ այսու պիտի կարդանք համացանցէն: Այս երեւոյթը գէթ մեզ կ՛ազատէ այլ մտահոգութենէ մը. ի՞նչ պիտի ըլլան մեր բոլոր գիրքերը. որո՞ւն կրնանք վստահիլ զանոնք, երբ մեկնինք այս աշխարհէն: Բոլորիս գործածած լուսանկարչական մեքենաները եւս կը դառնան անպէտ:
Ինչպէս բոլորս ալ քիչ թէ շատ կը նախատեսէինք, շուտով բոլոր նոր գիրքերը պիտի կարդանք համացանցէն: Ինչպէս կ՛ըսէի, այս մտահոգութիւնը բոլորովին նոր չէ: Լաւ կը յիշեմ: Երբ տակաւին Լիբանան կր գտնուէինք, Պէյրութի «Բագին» գրական ամսագիրը լայնօրէն անդրադարձած էր այս հարցին: Ամսագրի խմբագիրներէն՝ Սարգիս Կիրակոսեանի յօդուածը լայն լոյս կը սփռէր համացանցի բարիքներուն եւ չարիքներուն վրայ (Բագին, Ձմեռ 1998, էջ 84): Արտագրենք հատուած մը այդ յօդուածէն. «Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ լսատեսողական «արձակ»ը տակաւ առ տակաւ կը դառնայ յառաջիկայ դարուն «վէպ»ը, տպագիր գիրին անփոխարինելիութիւնը պաշտպանող նոր լոյս տեսած իւրաքանչիւր հրատարակութեան հետ գրականութիւնը կը մղէ իր անհաւասար գոյամարտը՝ ընդդէմ արտայայտչական այլազան կարելիութիւններով օժտուած պակերասփիւռային ֆիլմաշարին, շարժապատկերի ժապաւէնին եւ լսատեսողական հաղորդակցութեան նորագոյն հնարաւորութիւններուն դէմ (ինթըրնեթ, սիտի ռամ, վիտէօ քլիփ …)»:
Սոյն երեւոյթը ինծի կը յիշեցնէ քսանականներու սովետական Հայաստանը, երբ իր կարգ մը մտաւորականներու գլխաւորութեամբ, եւ մեղսակցութեամբ, ստեղծուեցաւ հայերէնի «նոր» ուղղագրութիւնը: «Նոր»ը միշտ չի նշանակեր լաւագոյն կամ բարեփոխուած: Ասիկա կը նշանակէ «գլխիվայր դարձած» որեւէ բան: Այս պարագային՝ ուղղագրութիւն: Շատեր զայն կը կոչեն «սխալագրութիւն»:
Ընդունինք, որ սոյն փոփոխութիւնը վնասեց ոչ միայն լեզուին: Անիկա հարուած տուաւ նաեւ ներգաղթող հայուն. որովհետեւ փոփոխութեան տրամաբանութիւնը, ըսին, կատարուած է ներգաղթողներուն համար, այդ փոփոխութիւնը իբրեւ հայերէն սորվեցնելու լաւագոյն ձեւ: Կարծէք ներգաղթողները հայրենիք կ՛երթային Ափրիկէի խորերը գտնուող անտառներէն: Կամ շրջանէ մը, ուր հայկական գաղութ եւ վարժարաններ գոյութիւն չունէին: (Բոլորս շատ լաւ գիտենք բուն պատճառը:)
Դասական ուղղագրութեան հակառակորդները ընդհանրապէս շահադիտական պատճառներով է որ դէմ կը դնեն հինին, դասականին, որովհետեւ կը վախնան թէ իրենց գիրքերը ընթերցող պիտի չունենան, եւ ուրեմն շուկայ պիտի չունենան: Չեմ զարմանար անձնակեդրոն այս կեցուածքին, որովհետեւ միայն հայրենիքի գրողները չեն, որ այս կեցուածքը ունին: Եւ երեւակայել, որ ասոնք այն մարդիկն են, որոնց կը վստահինք մեր լեզուին պահպանումը:
Անցեալները, երբ տիկնոջ մը հետ կը վիճէի սոյն նիւթով, ան առանց ամօթ զգալու, հետեւեալը ըսաւ ինծի. «Եթէ մեր երկրի նախագահը այսօր մեզի հրահանգէ վերադառնալ հայերէնի դասական ուղղագրութեան, նոյն օրն իսկ կը սկսինք այդ մասին մտածելու»: Եւ ես տեղուոյն վրայ սկսայ մտածել: Կ՛երեւի, խորհեցայ, այս է իրենց օրէնքը. ուրեմն ամէն բանի համար պէտք է նախագահը որոշէ: Եւ, իրենք անպայման կը հետեւին անոր հրահանգին: Ամէն բանի համար չեմ մեղադրեր զիրենք, որովետեւ գիտեմ այդ տրամաբանութեան պատճառները. բայց հայերէնի՞ն համար: Ըստ իս, նոյնիսկ մտածելը ներելի չէ: Եթէ իսկապէս հայ են, եւ հայ կը զգան, պէտք չունին նախագահի որոշման սպասելու: Ժամանակը արագ կը թաւալի: Վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ: Թէեւ, անձնապէս ես շատ յոյս չունիմ, որ մօտերս բան մը կը փոխուի:
Կիրակոսեանի նոյն գրութենէն՝ ուրիշ հատուած մը եւս: «Այսպէս, մերօրեայ մարդուն ներկայ կենցաղին պատճառով (հարցերու մակերեսային մօտեցում, կեանքի մեքենայացում, նոր արհեստագիտութեան արագ զարգացում, ընկերային ու տնտեսական անհակակշռելի պայմաններ), դարավերջի մարդը սկսած է ենթարկուելու մեքենայացած քաղաքակրթութեան, իշխանութեան ու գոհանալ արագ ու դիւրամատչելի հաղոդակցութեանց, այսինքն՝ օգտակարն ու հաճելին միախառնող արդի միջոցներով,- պատկերասփիւռ, սիտի, ինթըրնեթ, եւն…» (էջ 88)
Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, սպառնալիք է նաեւ հետեւեալը. «… հայ գիրքն ու գրական մամուլը չեն կրնար հեռու մնալ քաղաքակրթական այս մտահոգիչ տագնապէն: Վտանգը համընդհանուր է: Մեր պարագային անիկա կրկնակ, չըսելու համար՝ քառեակ, տարողութիւն ունի եւ Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ու շուկայական յարաբերութեան մտածողութիւնը ամենայն շուտիկութեամբ որդեգրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը չեն կրնար խուսափիլ դարավերջի քաղաքակրթական սպառնալիքներէն: …մեր պարագային հարցը ճգնաժամային տարողութիւն ունի եւ մենք ստիպուած ենք լուծումներ բերել մէկ կողմէ մեր զուտ հայկական մշակութային ու քաղաքակրթական օր ըստ օրէ աւելի բարդացող հարցերուն, եւ միւս կողմէ՝ ճակատ յարդարել մեր անմիջական շրջապատի, կարճ խօսքով՝ տագնապահար երկրագունդի մտահոգիչ անդրադարձներուն դէմ (էջ 89)»:
Կ՛անդրադառնամ, յանկարծ, որ թերեւս այս տարի պէտք չէ յիշենք Թարգմանչաց օրը կամ ամիսը: Ի՞նչ իմաստ ունի ոգեկոչել դէպք մը, որ շուտով պիտի դառնայ ՅԻՇԱՏԱԿ, եւ ուրիշ ոչինչ: Ատիկա պիտի նշանակէր Մեսրոպ Մաշտոցի եւ բոլոր իր աշակերտներուն քթին խնդալ: Այնքան անպատկառ ենք, կամ անպատկառ դարձած ենք, որ մեր ազգին կեանքը երկարաձգող երախտաւորներուն քթին կը խնդանք: Մենք ո՞վ ենք որ:
Մենք այն սերունդն ենք որ, նորոյթի հետեւելով կամ մեր օտարամոլութեան տուրք տալով, կը ծախենք մեր ինքնութիւնը, կամ անոր երաշխիքը եղող մեր մշակոյթը՝ փոխանակ զայն ծաղկեցնելու կամ զարգացնելու: Թէեւ տակաւին կան հայեր, որոնք չեն բաժներ մեր այս մտահոգութիւնը: Մենք որ տակաւին միայն վերջերս էր, որ սկսած էինք նոր մարտավարութիւններու, կամ զանոնք յաջողցնելու մասին մտածելու: Նաեւ օտարամոլ ենք, որովհետեւ ինքնավստահութիւն չունինք: Մենք մեզ շատ փոքր եւ աննշան կը զգանք: Ատոր անգլերէնով կ՛ըսեն մեր «self-esteem»ը գրեթէ անգոյ է: Կամ հայու արժանապատուութիւն չունինք:
Օր մը, մօտ ապագային, պիտի անդրադառնանք մեր սխալին. բայց սրբագրուելու համար, շա՜տ ուշ պիտի ըլլայ: ԱՓՍՈ՜Ս:
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ