Հոկտեմբերի սկիզբին լոյս տեսաւ «Վէմ» հանդէսի 2012ի  երրորդ համարը (թիւ 3-39)՝ 236 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ:


«Խմբագրական»ի բաժնին մէջ խոր ու յստակ քննարկում կը կատարուի Հայոց պատմութեան գիտական նոր հայեցակարգի մշակման համար անհրաժեշտ տեսական-մեթոտաբանական սկըզբունքներէն մէկի՝ պատմական ամբողջի ընկալման չափորոշիչներուն շուրջ։ Կը հիմնաւորուի մեր ժողովուրդի պատմական ճակատագիրը մէկ ամբողջութեան մէջ դիտարկող  հայեցակարգի մշակման անհրաժեշտու- թիւնը։ Այս ծիրէն ներս  անհրաժեշտ է  պահպանել ու խորացնել պատմութեան համաշխարհային-պատմական ընկալման սկզբունքը՝ խուսափելով յետխորհրդային շրջանին  մեր մօտ  լայն տարածում  գտած քաղաքակրթական մօտեցման միակողմանիութենէն:
Հանդէսի «Պատմութիւն» բաժնէն ներս  տեղ գտած է պատմ. գիտ. թեկնածու Երուանդ Հ. Մարգարեանի՝ «Միհրականութեան  կերպափոխումները հելլէնիստական դարաշրջանում» ուսումնասիրութեան առաջին  մասը,  որ շարունակութիւնն է  «Վէմ» հանդէսի նախորդ թիւերուն մէջ  սկսած՝ հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագրի վրայ  համաշխարհային ուսմունքներու  ունեցած խորքային ազդեցութեան գիտական քննութեան։
 Հայ մշակոյթի երկու ականաւոր դէմքերու՝ Ե. Չարենցի եւ Սայեաթ-Նովայի յոբելեաններու  հետ կապուած՝  անոնց  ստեղծագործութեան նո- րովի ուսումնասիրութեան փորձերու  ձեռնարկած  Սէյրան Զ. Գրիգորեանի եւ Միխայիլ Ա. Կոկժաեւի գործերը։
ՎէՄ-ի  «Վաւերագրեր» բաժնէն ներս  հրապարակուած  են պատմ. գիտ. թեկնածու Յովիկ Բ. Գրիգորեանի՝  ՀՀ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւէն  յայտնաբերուած Աւ. Իսահակեանի անտիպ նամակները։ Անոնք նոր ու բաւական ուշագրաւ նրբերանգներ կÿաւելցնեն  մեծ բանաստեղծի՝ Քրիստափոր Միքայէլեանին տուած գնահատականներուն վրայ։ Լեռնահայաստանի գոյամարտի դրուագներէն մէկը կը  բացայայտէ Արեւիքի ճա- կատի հրամանատարներ Խաչիկ Դանիէլեանցի, Դաւիթ Դաւթեանի ընդարձակ զեկուցագիրը, որը վերջերս յայտնաբերուեցաւ  նշանաւոր հայագէտ Մորուս Հասրաթեանի անձնական արխիւէն:

http://vemjournal.org