Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ երկու տարի առաջ գումարուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը,

որ յատկացուած էր արեւմտահայերէնի բնականոն զարգացման սպառնացող մարտահրաւէրներուն քննարկման, իր նիստերը եզրափակեց պատմական որոշումով մը։ Սփիւռքի հայագաղութներէ Անթիլիաս ժամանած շուրջ վաթսուն հայագէտներ, կրթական մշակներ եւ մամլոյ պատասխանատուներ, երեք օրերու վրայ երկարած ճշդուած նիւթերու լուրջ ու խորաթափանց քննարկումներէ յետոյ՝ հանդէս եկան 13 կէտերէ բաղկացած համապարփակ հաղորդագրութեամբ մը, որ իբրեւ եզրակացութիւն կ’առաջարկէր  «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ իր նախաձեռնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ, գործակցաբար մեր հաւաքական կեանքը ղեկավարող կրթական եւ մշակութային համասփիւռքեան ուժերուն, կեանքի կոչէ արեւմտահայ հայագէտներէ, վաստակաշատ մանկավարժներէ եւ մտաւորական հեղինակութիւններէ կազ-
մըւած մարմին մը՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԽՈՒՐՀՈՒՐԴԸ»։
Խօսքէն գործի անցնելու ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քաջ Հովիւը, տասը կէտերու մէջ ամփոփելէ ետք համագումարի ընթացքին արծարծուած մտահոգութիւնները, կատարուած ախտաճանաչումներն ու հիմնախնդիրներուն լուծումը երաշխաւորող առաջադրանքները, ընդառաջեց համասփիւռքեան տարողութեամբ այս անյետաձգելի աշխատանքը ղեկավարելու հրաւէրին եւ հնչեցուց բոլորին բոլորանուէր մասնակցութեամբ գործի անցնելու զանգը։ Առ այդ, մատը կոտտացող վէրքին վրայ դնելով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց.  «Մենք կը հաւատանք գործին։
Համագումարը իր խօսքը ըսաւ. խօսքը պէտք է վերածել գործի՝ առաջացնելով այնպիսի գործընթացներ, որով կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնը բիւրեղացնել եւ անոր գործածութիւնը տարածել ու արմատացնել սփիւռքահայ կեանքէն ներս։ Այս տեսանկիւնէն դիտած՝ կը հաւատանք, որ  ներկայ համագումարը չէ փակուած. ան պէտք է շարունակուի, անոր տագնապը, ահազանգը, ախտաճանաչումը, առաջադրանքները պէտք է թափանցեն մեր կեանքէն ներս, բոլո՛ր մակարդակներու վրայ ու բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս։ Հո՛ս է որ համագումարը պիտի գտնէ իր լիարժէք իմաստը ու նպատակը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բոլոր
կարելիութիւնները միշտ ի սպաս դրած է ու կը շարունակէ դնել ի խնդիր մեր ազգին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն ու առաջնահերթութիւններուն»։
Այսպէս, հոգեւոր պետերուն եւ մշակութային ու կրթական համասփիւռքեան պատասխանատու մարմիններուն գործակցութեան հրաւէր նամակներ յղելէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս կեանքի կոչեց Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը, որ Վեհափառ Հայրապետին հայրական թելադրանքներով ու գործնական ցուցմունքներով մշակեց իր աշխատանքային ուղեցոյցը եւ անցաւ գործի։
Այսքան՝ «Արեւմտահայերէնի Կացութիւնը Այսօր՝ Մարտահրաւէրներ եւ Առաջադրանքներ» ընդհանուր վերնագրին տակ գումարուած համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին եւ անկէ բխած գործնական քայլերուն մասին։ Այսքանը՝ իբրեւ թռուցիկ ներածական, որ, կը հաւատանք, պէտք է դառնայ նպատակասլաց ուղեցոյց՝ արեւմտահայերէնի յամեցող հիմնախնդիրը մեր ժողովուրդի հետաքրքրութեանց առարկայ դարձնելու, տագնապի լուծման ճիգերուն բոլորին մասնակցութիւնը ապահովելու եւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման գոյակռիւը համասփիւռքեան հիմնախնդիրի վերածելու համազգային տեսլականէն առաջնորդուած։
Արդարեւ, արեւմտահայերէնի մերօրեայ տագնապը միայն լեզուական կամ զուտ մշակութային խնդիր չէ, այլ կենաց-մահու համազգային հիմնահարց մը, որուն պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ ե՛ւ հայ ընտանիքին, ե՛ւ հայ դպրոցին, ե՛ւ հայ մամուլին, ե՛ւ հայ եկեղեցւոյ, ե՛ւ մեր մշակութային, բարեսիրական ու նոյնիսկ հասարակական կառոյցներուն եւ մէն մի հայու ուսերուն։
Ծանօթ է բոլորին, որ մեր սփիւռքահայ գաղութները կ’ապրին իրենց անմիջական միջավայրին ուղղակի եւ անուղղակի ծանր ազդեցութեանց տակ, որոնք կը սպառնան ե՛ւ հայախօսութեան, ե՛ւ արեւմտահայերէնի  պահպանման մեր ճիգերուն, ինչպէս նաեւ՝ մեր ինքնութեան, հայկական դարաւոր արժէքներուն եւ մեր ազգային դիմագիծին ու հայակերտ ոգիին։
Փաստօրէն, համաշխահայնացման անզուսպ ալիքները քանդած են բոլոր սահմանները եւ օտար ու նոր արժէքները այսօր կը գտնուին ո՛չ միայն մեր դռներուն առջեւ, այլեւ՝ նոյնիսկ մեր հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ։
Ինքնամեկուսացումով եւ հարցերէն փախուստ տալով կարելի չէ շարունակել մեր գոյապայքարը։ Ա՛յս է Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը։
Արտակարգ կացութիւնը կը պարտադրէ մեզի որդեգրել նոր եւ ուժեղ հաւաքական մարտավարութիւն ու ռազմավարութիւն, որոնց առաջին հիմնասիւնը եթէ մեր հոգեմտաւոր արժէքներն ու սրբութիւններն են, երկրորդը, անկասկած, ժամանակակից նոր արժէքները հայացնելու քաղաքակրթական խիզախութիւնն է։ 
Հարկ է ա՛յս շրջագիծին մէջ դիտել արեւմտահայերէնի ներկան ու  ապագան եւ ըստ այնմ լծուիլ նորահաս սերունդները մեր հոգեմտաւոր  զրահանդերձով պաշտպանող մարդուժի՝ մտաւորականներու, հոգեւորականներու, հայագէտներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան նուիրական աշխատանքին։ Պէտք չէ մոռնալ երբեք, որ առանց կենսունակ ու երիտասարդ նուիրեալ մարդուժի կարելի չէ դէմ դնել հայ ինքնութեան դէմ բարձրացնող նոր ժամանակնելու կործանարար եւ այլասերիչ փոթորիկներուն։ Հայ լեզուն մեր ամենազօր զէնքն է, այդպէս եղած է դարեր շարունակ եւ այդպէս է այսօր նաեւ՝ իբրեւ կենսապարգեւ արիւնը մեր երակներուն եւ անխորտակելի պարիսպը մեր ինքնութեան ու լինելութեան։
Ահա թէ ինչու, այս գոյապայքարին մէջ ճակատագրական դեր վերապահուած է մեր ազգային կառոյցներուն՝ հայ ընտանիքին, դպրոցին, մամուլին, եկեղեցւոյ, ակումբին եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ գործող մնացեալ օղակներուն։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ մանկավարժական արդիական նորագոյն չափանիշներով պատրաստուած դասագիրքն ու մասնագիտական գիտելիքներով զինուած հմուտ ուսուցիչը կարեւոր դեր ունին, սակայն, ինչպէս կը շեշտէ Արամ Ա.  Կաթողիկոս իր պատմական պատգամին մէջ, «միջավայրը աւելի՛ կարեւոր է եւ այդ հայաբոյր միջավայրը ստեղծողները պիտի ըլլան մեր եկեղեցւոյ կողքին՝ մեր կառոյցները, մեր ընտանիքները, մեր դպրոցները, մեր միութիւնները, մեր ակումբները»։
Նահանջը, հայ լեզուի նահանջը՝ ընդհանրապէս եւ արեւմտահայերէնի նահանջը՝ յատկապէս, համընդհանուր է եւ քիչ մը ամէնուրեք, Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւորագոյն ափերը։ Ամէն քայլափոխի մենք այսօր կը հանդիպինք այնպիսի այլանդակ հայերէնի մը, որ օրըստօրէ աւելի կը  թունաւորէ հայ մարդուն ականջը՝ փողոցէն մինչեւ հեռատելիսի պաստառներ։ Մեր տուներէն ու փողոցէն վերցուած անճանաչելի կիսահայերէն մը այսօր արձակ-համարձակ կը խուժէ մեր դպրոցներէն ներս եւ ահաւոր աւերներ կը գործէ։
Կար ժամանակ, երբ հազիւ նախակրթարան աւարտած հայ մարդը հայ բեմէն, հայ մամուլէն ու հայատառ գիրքէն հայերէն կը սորվէր, մինչդեռ այսօր, երբ ան ականջ կու տայ մեր հաղորդավարներու անճանաչելի հայերէնին կամ կարգ մը գրողներու օտարաբանութիւններով ծանրաբեռն գրութիւնները կը կարդայ, քիչ կը մնայ, որ գիտցած հայերէնն ալ մոռնայ։
Այս հիւանդագին վիճակէն զերծ չեն նոյնիսկ մեր կարգ մը դասագիրքերը, որոնք կը վխտան ուղղագրական, քերականական եւ շարահիւսական խայտաբղէտ հակասութիւններով։ Ահա թէ ինչու հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայ լեզուի դասաւանդման ծրագիրները պէտք է ազատագրել նոյնիսկ երկրորդական կարծուած մանր-մունր տարբերութիւններէն, որոնք հետեւանք են թէ՛ մեր աններդաշնակ ծրագիրներուն, թէ՛ հայ լեզուի դասագիրքերու հեղինակներուն երբեմն նոյնիսկ հակասական տեսակէտներուն եւ ուսուցման եղանակներուն, թէ՛ արեւմտահայ մամուլի լեզուն աղճատած օտարաբանութիւններուն, թէ՛ կէտադրական եւ ուղղագ-
րական խայտաբղէտ շփոթին եւ թէ՛ մեր քիչ մը համընդհանուր անտարբերութեան։
Այսպէս կարելի չէ շարունակել։
Կրթական եւ լեզուական համասփիւռքեան քաղաքականութիւն մը ճշդելու հրամայականը, առաւել քան երբեւիցէ, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը, ոչ մէկ խօսք, համազգային պահանջ է, մեր հաւաքական կեանքին մէջ գործող ազգային կառոյցներուն աւագ պարտականութիւններէն մէկը, եթէ ոչ առաջնահերթ առաքելութիւնը։ Եւ այս մարզէն ներս, Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը մեծ դերակատարութիւն ունի, աւելի ճիշդ՝ առաջնորդող եւ վճռորոշ խօսք ըսող կառոյցի առաքելութիւն, որուն իրականացման ճամբուն վրայ, ինչպէս միշտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկո-
սութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններն ու ուժերը պիտի շարունակէ ի սպաս դնել ի խնդիր արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման եւ վասն «մեր ազգին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն ու առաջնահերթութիւններուն», ինչպէս կը բնորոշէ Վեհափառ Հայրապետը։