1914-ի Առաջին համաշխարհային պատերազմին, Թուրքիոյ կրած պարտութիւնէն ետք, անգլիական եւ ֆրանսական զօրքերու հետ, հայ լէգէոնականներն ալ կուգան Ատանա։
Հայ կամաւորները, անգլիացիներու եւ ֆրանսացիներու կողքին կռուած ու նաեւ Պաղեստինի ճակատի յաղթանակին իրենց բաժինը բերած ըլլալուն, իբր փոքր դաշնակից, ֆրանսացիք Կիլիկիան խոստացեր էին հայերուն։ Այս յանձնառարութենէն ոգեւորուած, ցեղասպանութենէ ճողոպրած վերապրող հայութեան մնացորդները, սկսան իրենց ծննդավայրերը Հաճըն, Սիս, Մերսին, Տարսոն, Մարաշ եւ Կիլիկիոյ այլ քաղաքները վերահաստատուիլ։
Օրէ-օր վերադարձող հայերու թիւը բարձրանալուն, կարճ ժամանակուայ մէջ Ատանայէ ներս հայ կեանքը իր անցեալի բնական վիճակը վերագտաւ։
Քանի մը ամիս ետք, անգլիական բանակը Կիլիկիոյ իր դիրքերը ֆրանսացիներուն փոխանցելով՝ կը վերադառնայ Պաղեստին։
Անգլիացիներու մեկնումով, Կիլիկիոյ ամբողջ հոգատարութիւնը ֆրանսացիք ստանձնած ըլլալուն, հայերը գուրգուրանքի կþարժանանան։
Ֆրանսական իշխանութիւնները կը սկսին սիրալիր յարաբերութիւններ ունենալ հայերուն հետ։
Ֆրանսացիք յաճախ, հայոց հաւաքոյթներուն ընթացքին, իրենց պաշտօնական յայտարարութիւններով կ'ըսէին, թէ իրենք եկած են Կիլիկիա կարգ ու կանոնը հաստատելէ ետք՝ զայն հայերուն յանձնելու։
Այսպիսով, աշխարհի բոլոր կողմերէն, հայ մտաւորականներ, ազգային գործիչներ եւ կուսակցականներ կը սկսին Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Ատանա փութալ։
Չէ՞ որ Կիլիկիան հայերուն էր։
Տարին չբոլորած Ատանայէ ներս կը սկսին բացուիլ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու ակումբները։ Կը բացուին դպրոցներ, կը սկսին գործել մշակութային, մարզական եւ սկաուտական շարժումներ։ Կը հրատարակուին երկու օրաթերթ «Հայ Ձայն» եւ «Կիլիկիա». կը կազմուի ազգային իշխանութիւն, Պօղոս փաշայի պատուիրակ Տամատեանի նախագահութեամբ։
Այսպիսով Կիլիկիոյ հայութեան կեանքը կը սկսի եռալ։
Այս բոլորին ի տես, Կիլիկիոյ թուրք բնակչութիւնը, մեկուսացած ու համակերպուած տիրող կացութեան, սկսած էր ամէն տեղ, հայութեան հանդէպ բարեկամական սիրալիր վերաբերմունք ցուցադրել։
Հայոց բոլոր հաւաքոյթներու ճառախօսութիւնները բարձրաձայն «Կիլիկիան մերն է, հայկական է» լոզունքներով կը միջամտուէին։
Չէ՞ որ ֆրանսացիք ամէն առթիւ կը յայտարարէին ըսելով «Կիլիկիան ձերն է, հայերուն»։
Այսպէս կ'անցնին ամիսներ եւ սակայն հակառակ ֆրանսացիներու խոստումներուն, իրենց Կիլիկիա գալէն ետք, տակաւին տեղւոյն թուրք կուսակալը եւ թուրք պետական բոլոր սպասարկութիւնները պաշտօնի վրայ կը մնային։
Եթէ իսկապէս Կիլիկիան հայերունն է, ինչո՞ւ թրքական պետական սպասարկութիւնները տակաւին հայերուն չէին փոխանցուէր։
Եւ ի՞նչ կը մտածէին այս մասին Կիլիկիոյ հայոց ազգային իշխանութիւնը, կուսակցութիւնները եւ կազմակերպութիւնները։
«Կիլիկիան մերն է» բացականչութիւններով կուրացած եւ ֆրանսացիներու ճոխ խոստումներուն ապաւինած չէին մտածեր Կիլիկիոյ ապագային մասին, մինչդեռ թուրքերը ամէն միջոցով, սկսած էին յարաբերութիւններ մշակել ու ջանալ սիրաշահիլ ֆրանսացիները։
Այսպէս, ատեն մը ետք, ֆրանսացիք կը զինաթափեն հայ լեգէոնականները, այս պատրուակով որ հայերու զինուած ներկայութիւնը թէեւ իրենց ապահովութիւն եւ հպարտութիւն կ'արտայայտէ, թուրքերուն սակայն խորթ կը թուի։
Պատահածը միթէ թուրքերու եւ ֆրանսացիներու միջեւ մերձերցման եւ մտերմացման ազդանշան մը չէ՞ր։
Անգլիացիներու մեկնումէն ետք, ֆրանսացիները Կիլիկիոյ որոշ քաղաքներէ ներս զետեղած էին անուանական զինուորներ, ուր կը ծածանէր նաեւ ֆրանսական դրօշը։
Երբ ֆրանսական եւ քեմալական քաղաքականութիւնը կը սկսի մտերմանալ, թուրքերը կը սկսին աւելի շփացածութիւն ցոյց տալ։
Օր մըն ալ, Մարաշէ ներս եղող ֆրանսական ջոկատը, առանց տեղւոյն հայ բնակչութեան լուր տալու, գիշերով քաղաքը իր բախտին թողելով կը հեռանայ։ Պատահածը իմացող որոշ հայեր, հապճեպով տուն տեղ թողած, ֆրանսացիներուն հետեւելով ապահով կը հասնին Ատանա։
Մարաշ մնացող հայութիւնը ամբողջ՝ տեղւոյն թուրքերու եաթաղանի զոհ կը դառնայ։
Ցեղասպանութիւն մը եւս, այս անգամ ալ ֆրանսացիներու դրօշին տակ։
Քեմալական շարժումը սկսած էր։ Կիլիկիոյ բոլոր տարածքին ահ ու սարսափ կը տիրէր։
Գաւառներու հայ բնակչութիւնը խուճապահար, փրկուելու համար, ամէն ինչ ձգած կը շտապէր ժամ առաջ Ատանա հասնիլ, այն մեծ յոյսով որ հոն գտնուող ֆրանսացիներու պաշտպանութիւնը պիտի ունենայ։
Այսպէս Ատանա փութացող հայութեան թիւը բարձրանալուն, բնակութեան եւ սնունդի պակասը դժուար ու զգալի կը դառնայ։
Քեմալական ուժերը կը սկսին Ատանայի դռները հասնիլ։ Միայն Հաճընը կը մնայ։ Հաճընցիք, մերժելով լքել իրենց ծննդավայրը կը սկսին քաջաբար դիմադրել սպառնացող թշնամի թուրքի յարձակումներուն։
Այս անել կացութեան դիմաց ի՞նչ միջոցներու դիմեցին հայ կուսակցականները կարենալ պաշտպանելու համար Կիլիկիոյ հայութիւնը։
«Դիմադրեցէք, շուտով օգնութիւն պիտի հասնի» քաջալերական խօսքերով Հաճըն փութացող սուրհանդակները ետ կը վերադարձուէին։
Աշխատանք կը տարուի, քաղաքի մօտիկ վայրի մը մէջ, երեք հարիւր հայ կամաւորներ մարզելով զանոնք զինել, առանց սակայն տեղերնէն շարժելու, հրամանատարներու անհամաձայնութեան հետեւանքով։
Օր մըն ալ, ֆրանսացիք, պատրուակով մը զինաթափ ընելով կը ցրուեն Հաճնոյ օգնութեան համար պատրաստուած հայ կամաւորական խումբը։
Այսպիսով, Ատանա-Հաճըն կապը կը խզուի ու Հաճըն բոլորովին իր բախտին կը ձգուի։ Ատանայի հայ իշխանութիւններու քաջալերական եւ յուսատու խոստումներով ոգեւորուած, հաճընցիք իրենց յարձակումներու պահուն երբ թուրքի թնդանօթը գրաւեցին, մօտ երկու ամիս հանդարտ շրջան մը ապրեցան։ Այս ժամանակին, եթէ Հաճնոյ պաշտպանութեան ղեկավարութիւնը բնակչութիւնը Սիս փոխադրէր, ուր ֆրանսական զօրք կար, հաւանաբար աւելի քիչ վնասներ ունենայինք։
Ատանայի չիրականացած օգնութեան խոստումները պատճառ եղան որ Հաճըն իր բախտին ձգուի։
Այս բոլորի հանդէպ հարց կը դրուի, թէ ի՞նչ քայլեր առնուեցան Հաճնոյ ութը հազարի հասնող հայ բնակչութիւնը կարենալ փրկելու համար։
Վերջին ցեղասպանութեան մը զոհ դարձաւ Կիլիկիոյ գոհար քաղաքներէն մին եղող արծուեբոյն Հաճընը։
Հաճըն ի սէր հայրենիքի «Մահ կամ ազատութիւն» նշանախօսքով հերոսաբար կռուեցաւ, եւ եթէ այն երեք հարիւր հայ կամաւորները ֆրանսացիներու կողմէ զինաթափ չեղած կարենային Հաճնոյ օգնութեան հասնիլ, դարձեալ ստեղծուած Հաճնոյ անել կացութենէ ոչինչ պիտի փոխուէր, որովհետեւ թըշնամին ծանր հրետանիով ու մեծ ուժով վերադարձած ու դիրք գրաւած էր Հաճնոյ դիմաց եւ այս է որ աւելի պատճառ դարձաւ Հաճնոյ անժամանակ անկման։
Կ. Գ.