Թարգմանչաց տօն է այս Շաբաթ օր: Տօնը հայ մշակոյթի: Տօնը նաեւ հայ գիրի ու դպրութեան:
Ոսկեդարէն մինչեւ այսօր ուսուցիչ եւ մանկավարժ գնահատուած են հայ ժողովուրդի կողմէ, իրենց ուսերուն վրայ վերցուցած առաքելութեան համար:
Իսկ Հայ Առաքելական եկեղեցին մայրենի լեզուի մեր առաջին ուսուցիչները եւ թարգմանիչները դասած է Սուրբերու շարքին, անոնց նուիրելով կարեւոր այս տօնը, որ համաժողովրդական բնոյթ ունի:
Աշակերտական գրասեղաններէն մինչեւ պատանի ու երիտասարդական տարիք՝ սորված ենք թէ Թարգմանչաց տօնը իր մէջ կը միախառնէ ազգայինն ու կրօնականը: Այսքան կարեւոր՝ որովհետեւ մեր ժողովուրդի գոյութեան գրաւականն է ան, առանց որուն անդիմագիծ համրանքի վերածուած պիտի ըլլայինք ու մեր գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնար:
Թարգմանչաց տօնը մեր ժողովուրդը կենդանի ու առողջ պահող ու մշակութային մեր արժէքները դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող լուսաւոր ուղին է:
Փա՜ռք ու յաւերժ յարգանք հայ մշակոյթի երախտաւորներուն: