«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:



Նոր մարդոց հետ հանդիպումներ (Ա.)

Ամէն անգամ որ ճամբորդութիւն մը ըրի դէպի արտասահման, Եւրոպա, Ամերիկա, կամ Հայաստան, վերադարձիս սիրեցի իմ տպաւորութիւններս ու ապրումներս բաժնել ընթերցողներուս հետ։ Ասոնք բացարձակապէս կապ չունէին զբօսաշրջական տպաւորութիւններու կամ ծանօթութիւններու հետ։ Կը վերաբերէին հայկական կեանքի։ Կը վերաբերէին հեռաւոր ափերու վրայ ապրող հայ մարդոց հետ հանդիպումներու, հեռաւոր ափերու վրայ գործող հայկական հաստատութիւններէ ներս ապրուած կեանքի։ Իմ տպաւորութիւնները կը պատմէին թէ այդ հեռաւոր ափերուն վրայ հայ մարդը տակաւին որքան կապուած կը մնար իր բարքերուն եւ իր ինքնութեան։
Գիտէի որ բազմաթիւ ընթերցողներ մեծ հաճոյքով կը կարդային այդ տպաւորութիւնները, որովհետեւ այդ տպաւորութիւնները իրենց այս ձեւին մէջ ժամանակաշրջանի մը ու հայ ժողովուրդի մէկ հատուածին մասին խանդավառիչ վկայութիւններ կը բերէին։ Ընթերցողներէս շատեր ինծի կþըսէին որ զիրենք ալ ինծի հետ տարած ու բերած կ'ըլլայի այդ կերպով։ Կեանքիս մէջ ո՜վ գիտէ քանի անգամ լսած էի շնորհակալական զգացումներով ըսուած այս նախադասութիւնը։ Կ'ուրախանայի։ Որովհետեւ ամէն լաւ ապրում իսկապէս լաւ է այն ատեն միայն երբ ուրիշներու հետ ալ կը բաժնուի։
Գատըգիւղի մէջ իմ ճամբորդական տպաւորութիւններուս սիրահար ընթերցող մը ունէի, որ, ամէն անգամ որ զիս կը տեսնէր, հարց կուտար թէ յաջորդ անգամ ե՞րբ պիտի ճամբորդէի։ Կը տխրէր եթէ ըսէի որ նոր ծրագիր չկայ առ այժմ։ «Գնա, գնա, մենք ալ կարդանք», կ'ըսէր բարեկամական անկեղծութեամբ։
Անգամ մը երբ մէկ ամսուան ճամբորդութենէ մը ետք վերադարձայ Գանատայէն ու Ամերիկայէն, տպաւորութիւններս գրի առնել սկսայ ես ինծի հարցում մը ուղղելով։ Դարձեալ քանի՞ նոր մարդու ձեռքը սեղմած էի արդեօք այս մէկ ամսուան ընթացքին, քանի՞ նոր մարդ ճանչցած էի հոս-հոն։
Այդ օր այդ հարցումը միայն այդ անգամուան ուղեւորութեան համար էր։ Այսօր կրնամ նոյնը հարցնել ամբողջ կեանքիս համար։ Եւ կրնամ հարցնել ո՛չ թէ միայն ճամբորդութեան մը առիթով ուրիշ երկրի մը մէջ, այլ նաեւ իմ սեփական տանիքիս տակ, մեր սիրելի Խմբագրատան երդիքին տակ։ Արդարեւ գոնէ խմբագրական կեանքի սա վերջին քառասուն տարիներուս ընթացքին քանի՞ հոգիի ձեռքը սեղմեցի որպէս նոր ծանօթութիւն, քանի՞ մարդու հետ ծանօթացայ այս ասպարէզին ներս, հոս կամ հոն, այս երկրագունդին սա կամ նա անկիւնը, կամ հայաշխարհի ամէնէն մօտիկ ու ամէնէն հեռաւոր ափերուն վրայ։ Քանի՞։
Դեռ երկու օր առաջ ես ինծի անդրադարձում մը ունեցած էի։ Մտածած էի որ մարդոց գրեթէ բնաւ չենք հարցներ թէ իրենց կեանքին մէջ քանի՞ մարդ ճանչցած են մինչեւ այսօր։ Թէեւ կը հարցնենք թէ քանի տեսակ գործ ըրած են, կը հարցնենք թէ որ երկիրները այցելած են, կը հարցնենք թէ քանի հատ կառք փոխած են մինչեւ այսօր, կը հարցնենք դեռ ինչեր ու ինչեր, բայց բնաւ չենք հարցներ թէ իրենց կեանքին մէջ մինչեւ այսօր քանի՞ մարդ ճանչցած, քանի՞ նոր մարդու ձեռքը սեղմած են։ Ասիկա անշուշտ որ առաջին ակնարկով անմիտ ու անօգուտ հարցում մըն է, որովհետեւ անոր պատասխանը նախ ոեւէ լուրջ կարեւորութիւն չունի, յետոյ որովհետեւ հարցում մըն է որուն պատասխանը գտնել կարելի չէ։ Եթէ մեր ծնած օրէն մինչեւ այսօր բանտի խցիկի մը մէջ ապրած ըլլայինք ու եթէ ամբողջ կեանքի ընթացքին շրջապատուած ըլլայինք միայն քանի մը ուրիշ բանտարկեալներէ ու բանտապահներէ, անշուշտ որ կրնայինք գիտնալ թէ մօտաւորապէս քանի մարդու հետ գործ ունեցանք մինչեւ այսօր։ Բայց գրեթէ ամէն մարդ քանի մը տասնամեակներու իր կեանքի ընթացքին կ'ապրի կամ կը պտրտկի զարմանալիօրէն լայն աշխարհագրութեան մը մէջ եւ ուզէ-չուզէ՝ հանդիպում կþունենայ անհաշիւ ուրիշ մարդոց հետ։ Հո՛ս է որ կը ծագի խնդիրը։ Քանի՞ հոգիի հետ։ Մօտաւորապէս ի՞նչպիսի թիւ մըն է այդ։ Եւ որքա՞ն տարածուն գետնի վրայ կայացած թիւ մըն է այդ։ Եւ ի՞նչ յիշատակ, տպաւորութիւն, փորձառութիւն կամ ապրում մնացած է այդ թիւէն։ Եւ ամէնէն կարեւորը բոլոր այս հարցումներուն։ Ի՞նչ կը յիշես ուրիշներու հետ այդ հանդիպումներէն, ուրիշներ ի՞նչ կը յիշեն քեզի հետ այդ հանդիպումներէն։
Երբ որ ելլեմ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, կամ եթէ քանի մը վայրկեան կանգնիմ Պէյօղլուի պողոտային վրայ, ո՜վ գիտէ յանկարծ քանի հազար մարդու շրջապատին մէջ կը մնամ։ Մարդկային ահաւոր բազմութեան մը հետ եմ այդ վայրկեանին, բոլորս ալ նոյն հրապարակը կամ նոյն պողոտան կը բաժնենք։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ նաեւ իրարու հետ կը բաժնենք կեանքը։ Հոն ամէն մարդ իր կեանքը կ'ապրի։ Մեր մարմինները իրարու կը բախին թերեւս, իրարու կը դպին, բայց մեր կեանքերը իրարու հետ բախում կամ հանդիպում չունին հոն։ Մարդիկը կազմած են բազմութիւն մը որ մասնաւոր իմաստ ու արժէք չի ներկայացներ իմ աչքիս։ Անանուն մարդիկ են։ Օր մը պիտի չըսեմ որ ես այս մարդոց հետ հանդիպում մը ունեցայ Թաքսիմի հրապարակին վրայ կամ Պէյօղլուի պողոտային վրայ։ Մինչդեռ հարցը կը փոխուի եթէ այդ բազմութեան մէջ յանկարծ ծանօթ մարդու մը հանդիպիմ, սեղմեմ անոր ձեռքը, որպիսութիւն մը հարցնեմ։ Այն ատեն օր մը պիտի կարենամ ըսել որ ես այդ բարեկամիս հետ հանդիպում մը ունեցած էի Թաքսիմի հրապարակին վրայ, պահ մը կեանքը բաժնած էի անոր հետ։
Բայց հոս ալ ահաւասիկ խնդիրներ կան։ Եւ եթէ ի՜նչ խնդիրներ...։


 Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)