Այսօր Աթէնք կը ժամանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Յունաստանի իր պաշտօնակից Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ հանդիպում ունենալու ծրագրով։ Տնտեսապէս սնանկացած Յունաստանի դժուար այս պահուն զուգադիպող (կամ աւելի ճիշդ՝ ուշադրութեամբ ընտրուած) այցելութիւնը կը կատարուի նախածրագրուած քաղաքականութեան մը գիծի վրայ։


Էրտողանական Թուրքիան Արաբական աշխարհի մէջ փնտռելէ ետք ղեկավարի իր դիրքը, ջանքերը կþընդարձակէ Պալքաններու մէջ, զօրաւոր տնտեսական ներդրում կատարելով շրջանի երկիրներուն մէջ։ Արագ ակնարկով մը կարելի է դիտել՝
- Սքոփիայի մէջ թուրքերու թիւի յաւելումը, որ քաղաքական փոքրամասնութեան մը վերածուելու յետին նպատակը կը հետապնդէ,
- Պուլկարիոյ մէջ շատոնց հաստատուած թրքական ներկայութիւնը, որ ռազմավարական գործիքի վերածուած է,
- Ալպանիոյ մէջ թափանցելու շեշտակի փորձերը,
- Սերպիոյ Սանճակի մէջ մահմետական իմամներու բերնով արտայայտուած «ինքնավարութեան նոր իրավիճակ մը ստեղծելու» մասին խօսքերը։ Հոս վիճակը շատ աւելի վատ է, նկատի առնելով թէ Իսլամ եւ Թուրքիա երկրորդ անգամ ըլլալով կը սպառնան Սերպիոյ հողային ամբոջականութեան։
- Բռնագրաւուած Կիպրոսի մէջ թրքացման շեշտուած գործընթացը, Թուրքիայէն յատկապէս ուղարկուած իմամներու օգտագործումով, երիտասարդ տղոց ուղղուած իսլամական ծայրայեղ դաստիարակութեամբ եւ ճնշումի քաղաքականութեամբ։
Յայտնի է թէ Թուրքիա հետեւողական ձեւով կը հետապնդէ իր դերի բարձրացումը շրջանէն ներս։ Որքան աւելի կը յաջողի իր ծրագիրներուն մէջ այնքան աւելի անբարտաւան կը դառնայ ու պահանջատէր։ Այս կեցուածքի որպէս հետեւանք՝ հետզհետէ աւելի կը սահմանափակուի Յունաստանի հետ հաւասարէ¬հաւասար կեցուածքներու դրսեւորումը։ Անգարա կը սպառնայ, օդային մարզեր կը բռնաբարէ, այսօր Աթէնքի կեդրոնին մէջ մզկիթ կը պահանջէ, վաղը Յունաստանի մէջ ապրող 2.5 միլիոն ապօրինի մահմետականներուն համար ո՛վ գիտէ թէ ինչ պիտի պահանջէ...։
Չի բաւեր ըսել թէ գերագնահատուած է Թուրքիոյ դերը, կամ հաւատալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի բերնով հնչած «զերօ խնդիրներ դրացիներուն հետ» գաղափարին։ Պէտք է ուշադրութեամբ եւ խոհեմութեամբ տեսնել Անգարայի բոլոր քայլերը, որոնց հասարակ յայտարարը մէկ է՝ ընդարձակել Թուրքիոյ ուժը եւ դերը։ Այլապէս՝ տնտեսապէս տկարացած Յունաստանը դիւրին որս մը կրնայ դառնալ Ահմետ Տաւութօղլուներու ձեռքին։